Երեքշաբթի, Օգոստոս 11-ին, Պուէնոս Այրէսի Քաղաքապետարանի Օրէնսդրական Մարմնի Մշակութային Տան մէջ տեղի ունեցաւ, Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին նուիրուած եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ հրատարակուած՝ «Անլռելի Արուեստ»ը գիրքի ներկայացումը, որու հեղինակն է ուսուցիչ եւ լրագրող, ՀԲԸՄի պատուոյ անդամ ընկ. Տիանա Տէր Կարապետեան:
Հրատարակութիւնը հովանաւորեց բարերարուհի տիկին Նատիա Էքսերճեանը՝ ի յիշատակ ամուսնոյն բարերար Արմէն Էքսերճեանի:
Գիրքը կ’ընդգրկէ արժանթինահայ գեղանկարիչներու Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին նուիրուած գործեր, նաեւ իրենց ծնողներուն ու պապերուն ողբերգութեան ընթացքին ապրած փորձառութեան պատումներ:
Պուէնոս Այրէսի ՀԲԸՄիութեան վարչակազմի անդամ պարոն Անթոնիօ Սարաֆեանի խնդրանքով, ընկ. Տիանա Տէր Կարապետեան յանձն առաւ արուեստագէտներուն հետ կապ հաստատելու եւ աշխատանքները ընտրելու գործը, յատուկ նուիրուածութեամբ իրականութիւն դարձնելով նշուած հրատարակութիւնը:
Պարոն Ա․ Սարաֆեան բարիգալուստ մաղթելով ներկաներուն անդրադարձաւ գիրքի բովանդակած գործերուն՝ շնորհակալութիւն յայտնելով հոն ներկայացուած յուշերու պատումներու տէրերուն եւ խոստովանելով, որ գիրքը երկու տարուայ ընթացքին հետապնդուած անձնական գաղափարի մը իրականացումն է: «Մեր ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը պատահած իրականութիւն մըն է, սակայն մեր ժողովուրդի երկարակեացութեան առաւել արժէքաւոր վկայողներն են մեր արուեստագէտները եւ մեր մշակոյթը», ըսաւ ան:
Ապա փրոֆեսոր եւ պատմաբան Միրթա Ճերեճեան Սարաֆեան անդրադարձաւ գիրքի գեղարուեստական բովանդակութեան ու հրատարակութեան մէջ արտացոլուած արուեստագէտներու վկայութիւններուն:
Այնուհետեւ թենոր Մարսելօ Գէորգեան մեկնաբանեց Կոմիտաս Վարդապետի «Ծիրանի ծառ», «Փամ փորոտան» եւ «Հայաստան» երգերը:
Հուսկ ներկաներուն խօսք ուղղեց ընկ. Տիանա Տէր Կարապետեան, անդրադառնալով գիրքին մէջ արտացոլուած ընտանեկան վկայութիւններուն եւ իր աղջկան նուիրած ազգապահպանման զգալի պատգամին: Պատգամ մը, որ ընդհանրապէս ուղղուած է մեր նոր սերունդին:
Ընկ. Տիանա Տէր Կարապետեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց պարոն Ա․Սարաֆեանին եւ ՀԲԸՄիութեան՝ այս նշանակալից գործը իրականացնելը իրեն վստահելու համար:
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ կազմակերպուած միջոցառման ներկայ էին՝ Արժանթինի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան պարոն Ալեքսան Յարութիւնեան, Առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեան, Պուէնոս Այրէսի Քաղաքապետարանի Մարդկային Իրաւունքներու Փոխքարտուղար պարոն Քլաուտիօ Ավրուխ, Քաղաքապետարանի Համայնքներու Ընդհանուր Վարչութեան տնօրէն պարոն Խուլիօ Քրոչին, ՀԲԸՄիութեան ատենապետ պարոն Համբարձում Հալաճեան եւ պատուոյ ատենապետ պարոն Ռուբէն Քէշիշեան, Միութեան պատուոյ եւ բարերար անդամներ, գաղութային ղեկավարներ ու բազմաթիւ հիւրեր:
Փակման խօսքը կատարեց Պուէնոս Այրէսի Քաղաքապետարանի Մարդկային Իրաւունքներու Փոխքարտուղար եւ Ողջակիզումի թանգարանի նախագահ պարոն Քլաուտիօ Ավրուխ, որ շեշտեց կարեւորութիւնը այսպիսի հրատարակութիւններու՝ հանրութիւնը աւելի եւս իրազեկելու համար հայոց ապրած ողբերգութեան շուրջ: