*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
«Հոտերնիդ Ելաւ» (Լիբանանահայութեան հետ ալ բնականաբար այսքան մօտէն առնչուող) համալիբանանեան քաղաքացիական շարժումը շաբաթավերջին անգամ մը եւս յաջողեցաւ իր իրաւացի ձայնը բարձրացնել ընդդէմ կառավարութեան՝ այս անգամ աւելի մեծ թիւով քաղաքացիներու մասնակցութեամբ բողոքի ցոյց մը կազմակերպելով Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ:
Պատահածը ժողովրդային արադարացի, թերեւս քիչ մըն ալ ուշացած պոռթկում մըն էր ընդդէմ այն բոլոր անարդարութեանց, որոնց ծանր ազդեցութեան տակ ու հետեւանքներով կ՛ապրի լիբանանցի քաղաքացին տարիներէ ի վեր, որ իր գագաթնակէտին հասաւ աղբերու փողոցներուն մէջ կուտակումով, որուն լուծումն ալ ինչպէս շատ մը այլ հարցերունը՝ կառավարութիւնը ձախողած էր կամ ինչ-ինչ հաշիւներով չէր կամեցած լուծել ատենին:
Գետնի թէ ընկերային ցանցերու վրայ, «Հոտերնիդ Ելաւ» լիբանանեան քաղաքացիական շարժումի աքթիւիսթները զանազան լոզունգներով հանդէս եկան, որոնց կարգին յատկանշական (վերը երեւցող) Լիբանանի քարտէսին նկարը, որ իրաւացիօրէն պատկերուած է աղբի սեւ տոպրակի մը մէջ անցուած… արաբերէն ԱՄՕԹ բառով ընկերակցուած:
Շաբաթ յետմիջօրէին սկիզբ առած աղբի խնդիրին լուծումը պահանջող աքթիւիսթներու հերթական բողոքի հաւաքը սակայն, որ շարունակուեցաւ Կիրակի օր ալ, շրջանցելով հիմնական ընկերային տարրական պահանջը, նաեւ բարձրացուց քաղաքական լոզունգներ՝ ինչպէս կառավարութեան եւ խորհրդարանին հրաժարականը:
Սքանչելի շարժում, որ արժանի է մեր ամէն յարգանքին ու նեցուկին: Շարժում մը, որ կու գայ փաստելու լիբանանցի երիտասարդութեան տինամիզմը եւ կրաւորական վիճակէ դուրս գալու կամքը: Սակայն ամենաարդարացի յեղափոխութիւններն անգամ պէտք է ունենան իրենց տրամաբանութիւնն ու «Ճամբու Քարտէսը»:
Երկրին ամենաճակատագրական հանգրուանին պետական հաստատութիւնները կամ այն ինչ որ մնացած է անոնցմէ՝ անդամալուծելը կամ անոնց պատասխանատուները հրաժարեցնելը որու՞ն շահերուն կը նպաստէ: Սահմանադրականօրէն ինչպէ՞ս կարելի է նոր վարչապետի մը նշանակումը կամ կառավարութեան մը կազմութիւնը իրականացնել երկրի նախագահին չգոյութեան այս վիճակին մէջ…: Երկրին մէն մի պետական հաստատութեան անդամալուծութեամբ ի՞նչը պիտի երաշխաւորէ երկրին իսկ գոյութիւնը…:
Աւելի լաւ պիտի չըլլա՞յ համայնական շահը իրենց անձնականէն գերադաս սեպող, փողոց իջած անզուգական տղոց լաւագոյնս ուղղել՝ ի զուր չվատնելու իրագործուածը:
Եթէ անպայման պէտք է քաղաքացիական ընկերային շարժում մը քաղաքականանայ, որուն կտրական հակառակորդներն ենք մենք, աւելի լաւ չըլլա՞ր գործնական, իրապաշտ եւ օգտակար պահանջներ առջեւ քշել, ինչպէս նման ցոյցերով ճնշում բանեցնել երեսփոխանական ժողովին վրայ՝ անյապաղ ընտրելու երկրին նախագահը եւ իրականացնելու ընտրական նոր ու արդարացի օրէնք մը, որ կայանալու պարագային բնականաբար կը հրաժարի կառավարութիւնը՝ դուռ բանալով նոր կառավարութեան մը կազմութեան, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութեան:
Վերջապէս եկէք յուսանք, որ պատահածը «Լիբանանեան (Իրաւ) Գարուն»ի մը սկիզբը ըլլայ եւ ո՛չ թէ անհորիզոն շարժումի մը սկզբնակէտը: