Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

Ի՞նչ Տուաւ Սեւրի Դաշնագիրը Հայ Ժողովուրդին

ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ

10 Օգոստոս 1920էն 95 տարիներ ետք, մեր ժողովուրդին հարցումը կը մնայ նոյնը՝ ի՞նչ տուաւ Սեւրի դաշնագիրը հայ ժողովուրդին. անկասկած պատասխանը պիտի ըլլայ ոչի՛նչ, բացարձակապէս ոչինչ: Իսկ չարիք, որքան ուզէք բերաւ հայ ժողովուրդի գլխուն այդ տխրահռչակ շանագիրը, զոր «պատմական աքթ» եւ դեռ չես գիտեր ինչե՜ր կ’որակեն՝ կրկներեւոյթի ետեւէն վազող մեր ամէն հոսանքի քաղաքագէտները:

1916ին ամբողջ Արեւմտահայաստանը գրաւուած էր ռուսական բանակին կողմէ, երբ 1917ին ան քաշուեցաւ այնտեղէն, որուն ամբողջութեամբ անհաշուելի զէնքի եւ զինամթերքի պաշարը մնաց մեզի․ այդ պայմաններուն տակ մեր ժողովուրդին ապագան ձեռք առած ղեկավարները չպահպանեցին, չպահեցին զայն եւ բոլոր հողերն ու ամբողջ զինամթերքը յանձնեցին թուրքերուն: 1920 թուականին կրկին տեղահան ընելով հայոց, քեմալականները իրենց տիրապետութիւնը հաստատեցին հոն, իսկ վերոնշեալ ղեկավարները բաւականանալով 10,000 քառ. քմ․ տարածութեամբ Հայաստանով մը: Եւ ամբողջ Արեւմտահայաստանը կորսնցելէ ետք, Արեւելահայաստանի մեծ մասն ալ կորսնցուցինք: Ահա թէ ինչ բերաւ Սեւրի դաշնագիրը: Այն Սեւրի դաշնագիրը, որ ենթադրուած էր Թուրքիան ծունկի բերելու, ընդհակառակը մահամերձ Թուրքիան վերակենդանացուց, ուժ տուաւ Քեմալական շարժման, նոյն ատեն նոր մղում մը ներարկեց անոր: Այս կէտին մէջ հայ, թուրք եւ օտար բոլոր աղբիւրներն ալ համաձայն են: Բայց մեծամեծներու գրիչով ստորագրուած դաշնագիրը, հայկական բոլոր հոսանքներուն համար ոսկեայ երազներու իրականացումը կը թուէր:

Չըրչիլ միշտ հեգնանքով յետագային կը գրէր, թէ Սեւրի դաշնագրով «հայերուն թոյլ տրուեցաւ, որ նստին Միացեալ Նահանգներու դրան սեմին»։ (Winston S. Churchill, “The Great War”, հատոր 3, էջ 1548): Իսկ Միացեալ Նահանգները զանոնք թողուցին հոն ալ նստած:

«Սեւրի դաշնագիրը ճիշդ է որ հայերուն մեծ բան մը չէր տար, քանի որ անոնց տուածը հայերը՝ իրենք էին որ իրենց սեփական ուժով պիտի առնէին…: Ասոր հակառակ դաշնագիրը՝ թուրքերուն հողէն կ’առնէր այնքան շատ բան, որ անոնց կողմէ զոհուած Թուրքիոյ ձեռքէն բոլորվին անհաւանական էր, որ հայերը կարենային իրենց սեփական ուժով առնել թուղթով իրենց տրուածը…։ Թուրքէն առնուած այդ «շատ»ը, թուրքը յուսահատական, օրհասական կռիւի մղող այդ «շատ»ը, իր շատ կարեւոր դերը պիտի ունենար իրեն հետեւող Քեմալական շարժումին մէջ»։ (Աւետիս Թերզիպաշեան, «Նուպար», Փարիզ, 1939, էջ 329):

«Քեմալականութիւնը կենդանացաւ, ուժեղացաւ, ֆրանսական իմբերիալիզմը մի անգամ էլ փրկեց խորտակուող Թուրքիան, ոտքի կանգնեցրեց նրան եւ ուղարկեց յաղթելու յոյներին ու այդ միջոցով ոչնչացնելու Սեւրի դաշնագիրը»։ (Լէօ, «Թուրք-հայ յեղափոխութեան գաղափարախօսութիւնը», Բ. Հատոր, էջ 231):

Սակայն ամենայատկանշականն է դատողութիւնը, խոստովանութիւնը անոնցմէ միայն, որոնք ոչ միայն իրենց աչքերը ծածկած էին այդ «ոսկեզօծ փոշիով», այլեւ աւելին ըլլալով, իրենց ամբողջ ուժով կը ջանային հայ զանգուածներուն աչքերը կուրցնել: Այդ ամէնուն մասին դաշնակցական ղեկավար Յակոբ Տէր Յակոբեան ահա թէ ինչ կ’ըսէ.

«Սեւրի դաշնագիրը թէեւ փաստօրէն ոչինչ չտուաւ հայերին, սակայն զայրոյթի գագաթնակէտին հասցրեց քեմալական Թուրքիային ընդդէմ Եւրոպայի, բայց գլխաւորապէս ընդդէմ հայութեան ու Հայաստանի…: Ուրեմն բնական է, որ Սեւրի դաշնագիրը էլ աւելի պիտի բազմապատկէր տաճիկների թշնամութիւնը դէպի հայութիւնն ու Հայաստանը, մանաւանդ որ այդ դաշնագրով ամբողջ չորս վիլայէթներ – Կարին, Տրապիզոն, Բաղէշ, Վան – Միացեալ Նահանգների նախագահ Ուիլսընի վճռահատութեամբ, կարող էին կտրուել Տաճկաստանից եւ Հայաստանին միանալ: Դրա համար էլ ազգայնական Թուրքիան որոշում է՝ ամէն գնով ընդդիմանալ Սեւրի դաշնագրի գործադրութեան եւ խնդիրը արմատական ձեւով լուծելու համար՝ պատրաստութիւններ է տեսնում Հայաստանի հանրապետութեան վրայ արշաւելու, նրան վերջնական հարուած տալու եւ զէնքի ուժով վերագրաւելու այն հողամասերը, որ 1918ին զինադադարի հետեւանքով Հայաստանին էին տրուել»։ (Իրազեկ, «Մօտիկ Անցեալից», էջ 64-65):

Ֆրիտիոֆ Նանսէն հեգնանքով կը գրէր. «Թոյլ տուած էին հայերուն՝ թափել իրենց արիւնը դաշնակիցներուն դատին համար եւ ահա կը վերադարձնէին զանոնք՝ անարժէք թուղթով մը»։ (Ֆրիտիոֆ Նանսէն, «Հայաստան Եւ Մերձաւոր Արեւելք», էջ 288)։

«Ֆրանսա հակառակ որ ինքն ալ ստորագրած էր Սեւրի դաշնագիրը, առաջին մէկ օրէն թշնամական դիրք բռնեց անոր դէմ, որովհետեւ մասնաւոր շահ մը չուներ անկէ: Նախ, որ Թուրքիոյ տնտեսութեան վրայ Ֆրանսայի ունեցած գերակշիռ դիրքը պիտի պահեր Անգլիոյ եւ Իտալիոյ հետ: Նեղուցներուն վրայ Անգլիոյ համեմատութեամբ Ֆրանսա ստորադաս դիրք կը գրաւէր: Արեւմտահայաստանի, Իզմիրի եւ Քիւրտիստանի անջատումով, Ֆրանսա տնտեսական եւ դրամական հսկայ շահոյթներէ կը զրկուէր: Ուրեմն Սեւրի դաշնագիրին մելանը չչորցած, Ֆրանսա զայն «բարեփոխելու» պահանջ կը ներկայացնէր: Ֆրանսա միայն մտահոգուած էր Սուրիայով եւ քաշուեցաւ Բրիտանիոյ թրքական քաղաքականութենէն: Ֆրանսացի բանագնաց մը ղրկուեցաւ Քեմալին «օգնութիւն առաջարկելու»։ (Emil Lengye, “Turkey”, էջ 136)։

Լորտ Հարտինկ, Փարիզէն 12 Դեկտեմբեր 1920ին կը հեռագրէր Լոնտոն՝ Լորտ Քըրզընին․ «Ֆրանսական պաշտօնական շրջանակներում տիրում է այն կարծիքը, որ Սեւրի դաշնագրի վաւերացումը իր ներկայ ձեւին մէջ անճիշդ է եւ որ անհրաժեշտ է վերափոխել այն, համաձայնութեան գալու համար Մուսթաֆա Քեմալի հետ»։ («Ալիք» օրաթերթ, Թեհրան, 19 Մայիս 1970, «Հայ Դատը Միջազգային վաւերագրերի լոյսի ներքոյ»):

Ուրեմն կ’որոշուի 21 Փետրուար 1921ին Լոնտոնի մէջ հրաւիրել խորհրդաժողով մը՝ վերանայելու համար Սեւրի դաշնագրի պայմանները: 27 Փետրուարին թրքական սուլթանական-քեմալական միացեալ պատուիրակութիւնը՝ խորհրդաժողովին յուշագիր մը կը ներկայացնէր, որուն երրորդ կէտը կը պահանջէր․ «Թուրքիայի արեւելեան սահմանը պէտք է պահուի թուրք-պատմական սահմանագծով եւ Թուրքիայի ու Հայաստանի միջեւ կնքուած պայմանագրի (Ալեքսանդրապոլի) համաձայն»:

Ֆրանսան հակառակ որ թուրքերուն հետ անջատ համաձայնագիր մը արդէն ստորագրած էր, սակայն գերմանական հարցին մէջ Անգլիոյ աջակցութիւնը ունենալու հետ, Անգլիոյ միջոցաւ կը ներկայացնէր յուշագիր մը, որուն 8րդ կէտը կը նշէր. «Հայաստանի մէջ «Ազգային օճախ» մը պիտի ապահովուի հայերուն՝ Թուրքիոյ արեւելեան սահմանին վրայ, որոշ սահմաններու մէջ, որոնք պիտի ճշդուին Ազգերու ընկերակցութենէն նշանակուած յանձնախումբի մը կողմէ»։ (Michel Loillores, էջ 217-218):

Եւ Հայկական հարցին գերեզմանը փորուեցաւ Լոնտոնի մէջ, զայն թաղելու համար յետագային Լոզանի մէջ: Ամբողջ Ուիլսընին անծայրածիր Հայաստանը կծկուեցաւ, կծկուեցաւ եւ եղաւ «Ազգային օճախ« մը՝ անորոշ եզրով եւ անորոշ սահմաններով, որ նոյնպէս կուլ պիտի երթար քեմալական Թուրքիան սիրաշահելու արեւմտեան քաղաքականութեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին