Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Համացանցի Մէջ Յաճախ Դժուար է Զանազանել Իրողութիւնը Կեղծիքէն

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Զարմանալի է, որ ժամանակակից գիտարուեստի մեր դարուն եւ ելեկտրոնային սարքերու միջոցով բոլորին տրամադրութեան տակ եղած տեղեկատուութեան յորձանուտի մէջ, աւելի ու աւելի դժուար է, իսկ երբեմն ալ անհնարին, իրողութիւնը տարբերել կեղծիքէն:

Համացանցը իւրաքանչիւր նիւթի վերաբերեալ իր անսահման հնարաւորութիւններով, կրնայ օրհնութիւն կամ անէծք ըլլալ, երբ որեւէ մէկը կը փորձէ պարզել այս կամ այն յօդուածի իսկութիւնը:

Հնարաւոր չէ իմանալ՝ արդեօք կարդացածը ճշմարիտ է, թէ՞ շինծու, եթէ ընթերցողը տուեալ նիւթի գծով մասնագէտ չէ կամ չի ստուգեր truthorfiction.comի կամ snopes.comի նման կայքեր՝ բամբասանքը իրականութենէն տարբերելու համար:

Ահա այդպիսի ապատեղեկատւութեան երկու թարմ օրինակներ, որոնք տարածուած էին համացանցի մէջ միլիոնաւոր հայերու եւ այլոց շրջանակէն ներս։

Առաջին յօդուածը իբր թէ The Moscow Times կայքէն, վերնագրուած էր. «Ռուսիոյ նախագահը թուրք դեսպանին. «Ըսէք Ձեր բռնակալ նախագահին, որ անոր ԻՊի ահաբեկիչներու հետ միասին դժոխք կ’ուղարկեմ. Սուրիան մեծ Ստալինկրատի կը վերածեմ անոր համար…»: Այս յօդուածը շրջանառուեցաւ աշխարհով մէկ, տեղադրուեցաւ հազարաւոր կայքէջերու մէջ եւ արտատպուեցաւ  անհամար թերթերու կողմէ:

Յղում կատարուած էր  նախագահ Փութինին, որ Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ումիթ Եարտըմին իբր թէ ըսած է, որ Ռուսիան իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ պիտի խզէ՝ եթէ Էրտողան իր աջակցութիւնը Սուրիոյ մէջ ԻՊի ահաբեկիչներուն անմիջապէս չդադրեցնէ: Յօդուածին մէջ կը մէջբերուէր «արտահոսած տեղեկութիւն… երկու ժամ տեւած դռնփակ հանդիպումէն», որուն ընթացքին Փութինը Թուրքիոյ նախագահը անուանած էր «կեղծաւոր» եւ սպառնացած Սուրիան վերածել «մեծ Ստալինկրատի Էրտողանի եւ Սէուտական Արաբիոյ դաշնակիցներու համար», զոր ան համեմատած է Հիթլերի հետ:

Ես բազմաթիւ հայերէ ելեկտրոնային փոստով ստացայ այս կեղծ յօդուածի մի քանի տասնեակ պատճէններ՝ «կեցցէ Փութինը», «վերջապէս մէկը համարձակեցաւ Էրտողանը իր տեղը դնել» բացականչութիւններով: Յոգնեցուցիչ էր բոլորին պատասխանել, որ անիկա կեղծ լուր էր…։

Ընթերցողները եւ նոյնիսկ թերթերու խմբագիրները ըստ երեւոյթին, իրենք իրենց նեղութիւն չէին տուած ստուգելու, որ նման յօդուած չկար The Moscow Times կայքէջի մէջ: Նաեւ  կը թուէր, որ ոչ ոք չէր զարմացած, թէ ինչպէս կրնար ռուսական թերթը նախագահ Փութինի ազգանունը սխալմամբ  ներկայացնել իբրեւ «Փուրին»:

Ապատեղեկատուութեան երկրորդ օրինակը կը վերաբերի աշխարհահռչակ երգչուհի Պէյոնսէին, որ իբր երգած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած  երգ մը: «Ես այստեղ էի» երգի տեսահոլովակը,  որ կը սկսի  «Հայոց Ցեղասպանութիւն, 1915 Ապրիլ 24» գրութեամբ, «Եութիուպ»ի մէջ տեղադրուեցաւ 2015 Ապրիլ 24-ին մէկու մը կողմէն՝ «Եակօսամօ» կեղծանունով: Ապա տեսահոլովակը կը ցուցադրէ «Երբեք չմոռնալ» բառերը վառ կարմիրով, որուն կը յաջորդեն նկարներ՝ Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելած մարդոց: Յաջորդ չորս վայրկեաններուն պաստառին վրայ կ’երեւին երեք զինուած թուրք զինուորներ, որոնք կը սպաննեն ամբողջ հայ ընտանիք մը եւ կ’առեւանգեն խումբ մը երիտասարդ հայուհիներ: Տեսահոլովակը եւ երգը կ’աւարտին վառ կարմիր գոյնով գրուած «Ապրիլ 1915» բառերով՝  այն պահուն, երբ թուրք զինուորը ատրճանակով ուղղակի կը կրակէ հայ տղու գլխուն…։

Հազարաւոր հայեր հաւանաբար խաբուած էին կարծելով, որ Պէյոնսէի երգը իրօք նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Տեսահոլովակի յղումը շնորհակալական հարիւրաւոր մեկնաբանութիւններով տեղադրուեցաւ անթիւ ու անհամար ֆէյսպուքեան էջերու եւ «Եութիուպ»ի մէջ:

Ես միայն անցեալ շաբաթ իմացայ այս երգի մասին: Սկիզբը քիչ մը վատ կը զգայի, որ թերթի խմբագիր ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին այսպիսի կարեւոր երգ մը կը լսեմ՝ անոր թողարկումէն ամիսներ անց: Ստուգեցի երգի բառերը եւ շատ արագ յայտնաբերեցի, որ ան բացարձակապէս կապ չունի հայերու կամ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ: Երգչուհին անընդհատ կը կրկնէր. «Ես այստեղ էի, ես ապրեցայ, ես սիրեցի, ես այստեղ էի….»: «Հայ, Ցեղասպանութիւն կամ Թուրքիա» բառերը երգին մէջ գոյութիւն չունին…։

Ի վերջոյ հասկցայ, որ մէկը վերցուցած էր Պէյոնսէի երգը եւ անոր աւելցուցած էր պատկերներ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող ֆիլմէն: Ցաւօք շատ հայեր հիացած էին, որ աշխարհահռչակ երգչուհին տեսահոլովակ թողարկած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին…։

Ես կախարդական բանաձեւ չունիմ, թէ ինչպէս կարելի է զանազանել իրողութիւնը կեղծիքէն՝ համացանցի մէջ  տեղադրուած իւրաքանչիւր նիւթի համար: Հաւանաբար օգտակար ըլլայ յիշել յայտնի ամերիկեան ասացուածքը. «Եթէ բան մը անհաւատալի է իսկական ըլլալու համար, ապա հաւանաբար իսկական չէ….»: Ընթերցողները պէտք է թերահաւատութեան առողջ չափաբաժին ունենան, առանց ծայրայեղութիւններու մէջ մտնելու՝ չըլլալով կամ չափազանց կասկածամիտ ամէն ինչին հաւատալու հարցի մէջ կամ չափազանց դիւրահաւատ՝ կուրօրէն ընդունելու ամէն ինչ…։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին