Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Իտալական Թերթը Հայաստանի Մասին Զբօսաշրջային Յօդուած մը Հրապարակած է

Իտալական «Քորիերէ Տէլ’Ումպրիա» (Corriere dell’Umbria) թերթը Հայաստանի մասին զբօսաշրջային յօդուած մը հրապարակած է: Այս մասին կը յայտնէ News.amը։

Յօդուածին մէջ մասնաւորաբար ըսուած է. «Ճչացող քարերու պետութիւն –Հայաստան, Հայաստան»,  այսպէս  գրած է ռուս բանաստեղծ Օսիպ Մանտելշտամ: Մինչ օրս սա ամենագեղեցիկ արտայայտութիւնն է, որ ամէնէն աւելի ամբողջականօրէն կը բնորոշէ այս հողը, ուր նոյնիսկ առարկաները հոգի ունին:

Հայաստան կը շարունակէ իսլամական աշխարհներով շրջապատուած բացառիկ քրիստոնէական հող ըլլալ:

«Հեշտ չէ հեռանալ Հայաստանէն, աւելի դժուար է այնտեղ չվերադառնալը»: Եւ իրօք իւրաքանչիւրը, որ կը յայտնուի այդ արտասովոր մթնոլորտին մէջ, կը կախարդուի անով եւ անընդհատ կը կարօտնայ:

Օդանաւով Իտալիայէն չորս ժամուան հեռաւորութեան վրայ է այդ երկիրը, ուր հաւատքի գանձեր  պահպանուած են:

Այս երկիրը, որ կը գտնուի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի խաչմերուկին վրայ, ոգեղէնութեան եւ բնական գեղեցկութեան աղբիւր է:  30 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքով փոքրիկ երկիրին մէջ  ամէն ինչ կայ` լեռնային անտառներ, լողափներով շրջապատուած հսկայ լիճ, խորհրդաւոր լեռնային սարահարթ` խոշոր գլաքարերով, որոնք խորհրդաւոր կերպով տաշուած են եւ տեղադրուած ճշգրիտ հաշուարկներու համապատասխան, որուն շնորհիւ այս սարահարթերու առաջին բնակիչները կրցած են ուսումնասիրել աստղերն ու համաստեղութիւնները:

Երկիրը սահմանակից է հիւսիսէն` Վրաստանին, արեւմուտքէն` Թուրքիոյ, արեւելքէն` Ատրպէյճանին, հարաւէն` Իրանին եւ ատրպէյճանական Նախիջեւան արտագաւառին:

Հայաստանի մէջ գլխաւոր կրօնը Հայ առաքելականութիւնն է, պաշտօնական լեզուն` հայերէնը, շատ տարածուած է նաեւ ռուսերէնը:

Այստեղ պարզկայ  օրերուն կրնայ նոյնիսկ թուալ, թէ Արարատ լերան վրայ կը տեսնես Նոյեան տապանը: Այս երկրի սքանչելի բնապատկերները  նշանաւորուած են սքանչելի խաչքարերով: Փոքր երկիր է սա, որուն մասին սակայն բոլոր ճանապարհորդները կ’ըսեն, թէ մեծ կը թուի:

Շատերը տեղեակ են նաեւ տեղի բնակիչներու սիրալիրութեան, հիւրերուն հանդէպ անոնց առատաձեռնութեան: Այս ժողովուրդը դարեր շարունակ դաժանութիւն, չարիք տեսած է, ստիպուած  եղած է հեռանալ հայրենի եզերքէն, բայց երբեք չէ չարացած: Այս երկրի եկեղեցիները, որ թաքցուած են անտառներու անկիւնները եւ լեռնային բարձունքներուն վրայ, ստեղծուած են հայ վարպետներու եւ ճարտարապետներու կողմէ, որոնք  հինգէն եօթերորդ դարերուն արդէն արդիւնաւէտ ժամական կառոյցներ  կիրառած են:

Ծիծեռնակաբերդի մէջ, որ Երեւան կը գտնուի, պէտք է այցելել Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը, որ Ապրիլ  24ին կը ծածկուի կարմիր ծաղիկներէ կազմուած գորգով` ծաղիկներ, որ կը բերէ աւելի քան մէկ միլիոն մարդ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին