Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

«ԷԼԻՍ ԱՅԼԸՆՏ» ՄԵՏԱԼՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱ ՏՐՈՒԵԼՈՒՆ ԱՌԻԹՈՎ ՏՈՔԹ. ՍԻՄՈՆ Գ. ՍԻՄՈՆԵԱՆ ՄԵԾԱՐՈՒԵՑԱՒ Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի ԱՍՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Լոս Անճելըս

Շաբաթ, 1 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան, «Պիսթրօ Կարտըն»ի ջերմ յարկին տակ (Սթիւտիօ Սիթի, Գալիֆորնիա) տեղի ունեցաւ մեծարանքի շքեղ երեկոյթ մը, ի պատիւ Տոքթոր Սիմոն Սիմոնեանի, որ Մայիս ամսուն պարգեւատրուած էր Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն մէկ շքանշանով՝ «Էլիս Այլընտ» մետալով: Հիւրընկալն էր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ասպետներու վարչութիւնը: Ներկայ գտնուեցան Սիմոնեան ընտանիքի հարազատներ եւ հիւրեր, որոնց շարքին Գերշ. Սրբազան հայրեր՝ առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան, նախկին առաջնորդ Վաչէ Արք. Յովսէփեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի փոխ նախագահ Տէր եւ Տիկ. Սինան Սինանեան:

Տոքթ.Սիմոն Սիմոնեան ծնած է Պէյրութ: 1975-ին աւարտած է Ամերիկեան Համալսարանը (AUB), անցած Միացեալ Նահանգներ եւ խորացած Otolaryngology-ի մէջ՝ ականջ, քիթ, կոկորդ, նաեւ՝ գլուխ եւ վիզ, Թոմաս Ճեֆըրսըն համալսարանի մէջ, Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվէնիա: Ան իր մասնագիտութեան կողքին չորս տասնամեակ շարունակ գործօն մասնակցութիւն բերած է ազգային մեր կեանքէն ներս՝ վարելով տարբեր մարմիններ եկեղեցիէն, Թ.Մ.Մ.էն եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-էն ներս: 2011 թուականին Տոքթոր Սիմոնեան արժանացած է Ամենայն Հայոց Կաթողիսկոս Գարեգին Բ.-ի սրբատառ կոնդակին եւ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» մետալին: Ներկայիս, Տոքթոր Սիմոնեան կը գլխաւորէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբը:

Ասպետներու նախկին ատենապետ Պրն. Գուրգէն Պէրքսանլար որպէս հանդիսավար ինչպէս միշտ գերազանցեց ինքզինք, ձեռնհասօրէն վարելով երեկոն: Ճաշի օրհնութիւնը կատարեց Գերշ. Տէր Վաչէ Արք. Յովսէփեան: Յետ ընթրիք-ընդունելութեան, յարգելի հանդիսավարը սրտի իր խօսքը արտասանելու հրաւիրեց Ասպետներու ատենապետ Տոքթոր Յարութ Եաղսըզեանը, որ խօսելով մեծարեալին Բարեգործականէն ներս բերած դերին մասին, ըսաւ. «Որպէս աշխոյժ անդամ եւ ղեկավար, ան իմ մտապատկերիս մէջ դրոշմուած է որպէս լուրջ, հետեւողական, բծախնդիր անձ, առողջ գործակից եւ գործնապաշտ վարչական: Տոքթոր Սիմոնեան չէ բաւարարուած միայն այժմէական, տուեալ պահու ծնունդ հարցերով, այլ՝ ան եղած է եւ է՛ տեսլապաշտ ղեկավար, հեռատես, ապագան տեսնող եւ ներկան ծրագրող ճարտարապետ մը: Խօսքերուս վառ օրինակն է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Ասպետներու Համախմբումի ծնունդը եւ անոր օգտաշատ գործունէութիւնը»:

Տոքթ. Սիմոնեան մարդուն, հայուն եւ միութենականին արժանիքները պերճախօսօրէն վեր հանեց «Մաշտոց» գոլէճի նախագահ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, որ մեծարեալը պատուեց նաեւ կրթական այդ հաստատութեան պատուոյ դոկտորի կոչումով: Ապա, հերթաբար խօսք առին Պրն. Սեւակ Սիմոնեան՝ Տոքթոր Սիմոնեանի որդին, Պրն. Զաւէն Քէօշկերեան՝ Ասպետներու վարչութենէն, Դոկտ.-Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան՝ «The Armenian Observer»-ի խմբագիր, ընթերցուեցաւ լիբանանահայ գրող Արամ Սեփեթճեանի շնորհաւորագիրը, սիրազեղ ելոյթով հանդէս եկաւ մեծարեալին աւագ եղբայրը՝ Տոքթոր Միհրան Սիմոնեան: Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յանձնաժողովի շնորհաւորական խօսքը փոխանցեց վարչութեան փոխ-ատենապետ Պրն. Յակոբ Սեփեթճեան, անցելայուշ անուշ պատումներով եւ բարի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Միութեան փոխ-ատենապետ Պրն. Սինան Սինանեան, որ ընթերցեց նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախագահ Պրն. Պերճ Սեդրակեանի շնորհաւորագիրը, ուր Տոքթոր Սիմոնեանին շնորհուեցաւ Միութեան «Պատուոյ Անդամ»ի բարձր կոչում: Հերթը հասած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանին: Ան, բարձրօրէն գնահատեց Տոքթոր Սիմոնեանի վաստակը եւ արժանին մատուցեց անոր: Խօսք առաւ նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Ասպետներու անդրանիկ վարչութեան ատենապետ Պրն. Ժագ Ապաճեան. անոր խօսքը տպաւորիչ էր. միաժամանակ հիւմըրախառն եւ լուրջ:

Շնորհակալական իր խօսքը փոխանցեց մեծարեալը: Ան յուզուած էր աւելի քան երկու ժամ ունկնդիրը հանդիսանալով իր անձին ու գործին նկատմամբ եղած գնահատանքին ի տես: Յիշեց Լենան՝ իր ազնիւ տիկինը, որուն առողջ ըմբռնման շնորհիւ Տոքթոր Սիմոնեան տրամադրած է հազարաւոր ժամեր՝ կամաւորաբար ծառայելով ազգային մեր հաստատութիւններուն:

Աւարտին, ատենապետ Տոթք. Եաղսըզեան Ասպետներու «Ոսկեայ նշան»ով զարդարեց մեծարեալին լամբակը, ինչպէս նաեւ յանձնեց յուշանուէր մը եւ այլ յուշապնակ մը Տէր եւ Տիկ. Սիմոնեաններուն:

Պէտք է արժանին մատուցել հանդիսավար Պրն. Գուրգէն Պէրքսանլարին, որ ամենայն բծախնդրութեամբ, պատշաճ խօսքերով ու արհեստավարժօրէն վարեց ամբողջ երեկոն: Շնորհակալութիւն նաեւ արուեստագէտ Արմէն Բուլբուլեանին, որուն մատներուն դաշնամուրային խաղերը հայկականութիւն կը բուրէին:

Մեր կողմէ եւս կը շնորհաւորենք Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեանը «Էլիս Այլընտ» մետալով պարգեւատրուելուն առիթով, մաղթելով առողջ եւ երկար տարիներ, որպէսզի երիտասարդական նոյն կորովով շարունակէ իր նպաստը բերել հայ համայնքին ու մարդկութեան:

Շնորհակալութեան մեր խօսքը կ’երթայ նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Ասպետներու վարչութեան, որ ամենայն բծախնդրութեամբ կը կազմակերպէ բոլոր միջոցառումները:

Տոքթ. Յարութ Եաղսըզեան
Տոքթ. Յարութ Եաղսըզեան

 

Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան եւ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան
Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան եւ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան
Պրն. Սինան Սինանեան եւ օրուան մեծարեալը
Պրն. Սինան Սինանեան եւ օրուան մեծարեալը
Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Օրուան մեծարեալն ու տիկինը՝ Լենա, շրջապատուած Հ.Բ.Ը.Մ. Ասպետներու վարչականներով
Օրուան մեծարեալն ու տիկինը՝ Լենա, շրջապատուած Հ.Բ.Ը.Մ. Ասպետներու վարչականներով
Մեծարեալը՝ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան
Մեծարեալը՝ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին