Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակը Եւ Այդ Առիթով Լարա Սեդրակեանի Ելոյթը

*ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ*

Ուղիղ հարիւր տարիներ առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան հոգեվարքի օրերուն, Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին էր որ հայ ժողովուրդը պիտի ենթարկուէր իր բովանդակ պատմութեան մեծագոյն ողբերգութեան: Այն ժամանակ, Օսմանեան Կայսրութեան իշխանութեան ղեկը կ՛անցնէր, այսպէս կոչուած «Իթթիհատ վէ Թերաքքի» խմբակին ձեռքը: Առաջնորդուած ցեղամոլ և կրօնամոլ հիւանդագին ըմբռնումներով, և օգտուելով աշխարհամարտին ընծայած բացառիկ առիթէն, այս խմբակը ծրագրեց հայ տարրը Փոքր Ասիայէն ընդմիշտ բնաջնջել: Այդ հրէշային պետական փլանը, 1915-ի Ապրիլին գործադրութեան պիտի դրուէր ամենավայրագ մեթոտներով:

Եւ այն ինչ որ տեղի պիտի ունենար, կարելի չէր այլ ձեւով որակել քան «ցեղասպան» բառով: Բառ մը որ նոյնինքն պիտի յօրինուէր 1944-ին, Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ, յատկապէս նկատի առնելով հայկական համատարած ջարդերն ու աքսորը:

Ահաւասիկ մէկ դար անցեր է այդ եղերական դէպքերէն, սակայն և այնպէս, համայն հայ ժողովուրդը ջերմօրէն կը շարունակէ մէկուկէս միլիոն մեր անթաղ մեռելներուն յիշատակը յարգել: Մայր հողի վրայ, պետական մակարդակով, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին՝ հոգեպարար աղօթքներով, և ի սփիւռս աշխարհի՝ քայլարշաւներով, եկեղեցական արարողութիւններով սրբացուեցաւ խնկելի յիշատակը մեր նահատակներուն:

Այսպէս, անգամ մը եւս մենք միջազգային հանրային կարծիքը հրաւիրեցինք Հայկական ցեղասպանութեան վրայ, շեշտելով միաժամանակ այն իրողութիւնը, թէ մեր ժողովուրդը կը խոնարհի նաեւ յաջորդող այլ ցեղասպանութիւններու զոհ գացած հրեայ, ուկանտացի, վիէթնամցի, քամպոտիացի եւայլն միլիոնաւոր զոհերու յիշատակին առջեւ: Վասնզի, բոլոր տեսակի ցեղասպանութիւնները ոճիր մըն էին մարդկութեան դէմ ուղղուած: Հայկական ցեղասպանութիւնը, առաջինը 20-րդ դարուն տեղի ունեցած, որպէս նախընթաց պիտի ծառայէր վերեւ յիշուած իրերայաջորդ ցեղասպանութեանց:

Եւ կ՛արժէ այս առնչութեամբ մատնանշել պատմական կարեւոր երեւոյթ մը: Մարդկային պատմութիւնը բազմաթիւ օրինակներ ունի իր տարեգրութեանց մէջ, որոնք աներկբայօրէն կու գան վկայելու այն իրողութիւնը թէ ընկերային անլոյծ մնացած նշանակալից իրադարձութիւններ կրկին կը վերադառնան իրենց բարդութիւններով: Օրինակներ վերցնենք նոյնինքն Առաջին Աշխարհամարտի ժամանակաշրջանէն: Անգլիոյ և Ֆրանսայի միջեւ տեղի ունեցող Sykes-Picot գաղտնի համաձայնութիւնը 1916-ին, որով այդ տէրութիւնները Միջին Արեւելքի ամբողջ քարտէզը արուեստականօրէն վերափոխելով, զանազան երկիրներու վերածելով, իրենց գաղութարարական շահերը յառաջ տարին: Այսօր, Միջին Արեւելքի արիւնոտ համատարած բախումներն ու թնճուկը ուրիշ բան չեն եթէ ոչ Sykes-Picot համաձայնութեան կազմալուծումին ցնցումները: Կարելի է նոյնպէս օրինակ վերցնել Versailles-ի դաշնագիրը (1918), որով յաղթական դաշնակիցները, Առաջին Աշխարհամարտին, պարտուած Գերմանիոյ վրայ այնպիսի ծանր պայմաններ դրին, որ հազիւ երկու տասնամեակ անցած, ամբողջ աշխարհը բռնկեցաւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի բոցերուն մէջ:

Հայկական ցեղասպանութիւնն ալ, իր կարգին, կրկին ու կրկին պիտի վերադառնայ սեղանի վրայ: Մենք հարց ունինք թուրք իշխանութիւններու հետ: Մենք հողային հատուցումի պահանջք ունինք իրենցմէ: Եւ այնքան ատեն որ անոնք կեղծեն պատմութիւնը, ուրանան ցեղասպանութիւնը, զոր իրենց պապերը գործեցին, օգտուելով Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական և ռազմագիտական առաւելութիւններէն, ճմշում բանեցուցին այլ երկիրներու վրայ որ չճանչնան Հայկական ցեղասպանութեան փաստը, մենք, համայն հայութիւնը, չենք կրնար լռել ու բողոք պիտի բարձրացնենք և մեր արդար իրաւունքները պիտի պահանջենք:

Մենք, ներկայ յօդուածով, պիտի չզբաղինք Հայկական ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով տեղի ունեցած յատկանշական ելոյթներով, և այն դասը, որ պէտք է քաղենք այդ բոլորէն: Այդ մէկը շահեկան պիտի ըլլար կատարել, պատմութեան սիրոյն: Մենք, մասնակի կերպով վեր պիտի առնենք Լարա Սեդրակեանի ելոյթը, որ ան ունեցաւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, Մայիս 9-ին, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ձօնուած ճաշկերոյթի ընթացքին:

Լարա Սեդրակեան, իր ելոյթով, վեր առաւ շարք մը հիմնահարցեր, որոնք մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին ներկան ու ապագան կը յուզեն, բնականաբար հակիրճ կերպով, ժամանակի սահմանափակ ըլլալը նկատի առնելով: Մենք, մեր կարգին, տեղտեղ, պիտի ջանանք ընդարձակել յայտնուած մտքերը յարգարժան բանախօսին, ինչպէս նաեւ յաւելուածաբար յայտնել մեր սեփական կարծիքը, ըստ պատշաճի:

Ամէն բանէ առաջ, մեծ հրճուանքով, ազգային հպարտութեամբ ու խանդավառութեամբ կ՛ուզէինք շեշտել նոր երեւոյթ մը, որ ի յայտ կու գայ մեր ազգային-հասարակական կեանքի մէջ: Այդ մէկը՝ Լարա Սեդրակեանին ու իր սերունդին պատկանող յաջողած անձերու մուտքն է մեր ազգային ղեկավարութենէն ներս: Այս նոր ղեկավարները, միջազգային չափանիշներով յաջողած անձեր են, չունին նախորդող սերունդներուն բարդոյթները, ընկերային հարցերուն կը մօտենան առարկայականօրէն, արհեստավարժ (փրոֆեսիոնալ) ու մասնագիտական կերպով: Ճի՛շդ այդպիսի ղեկավարներու է որ այսօր պէտք ունի մեր ազգը:

Եւ յարգարժան բանախօսուհի Լարան մէկն է այն որակաւոր սերունդէն, որ իր մասնագիտական ուսումը ստացած է Հարուըրտ Համալսարանէն, ի միջի այլոց ABC-ի և Պլումպերկի կողմէ թղթակից և մեկնաբան է Միջին Արեւելքի, մասնաւորաբար Սուրիոյ, բարդ և արիւնոտ իրադարձութիւններուն:

Մեզի համար հաճելի էր Լարան տեսնել բեմի վրայ, իր ելոյթին ընթացքին, կնոջական քնքշութեամբ, ինքնավստահ կատարումով, բայց մանաւանդ կուռ ու տրամաբանական (rational) ձեւով հարցերուն մօտենալու իր եղանակով:

Գալով Լարա Սեդրակեանի ելոյթին բովանդակութեան, ջանանք վեր առնել իր մտքերը:

Ա.__ Ազգային միասնութեան անհրաժեշտութիւն: Լարան մասնաւոր շեշտ կը դնէ այն բանին վրայ որ մենք հարկադրանքին տակ կը գտնուինք համազգային բնոյթ կրող հարցերը միասնաբար, մէկտեղուած ու համադրուած ուժերով դիմակալելու: Անցեալին մէջ, հայ հանրային կարծիքը ծանրօրէն տագնապեր է ներքին պառակտումներու հետեւանքով: Նոյնիսկ եղբայրասպան կռիւներու բազմաթիւ զոհեր ալ տուած ենք: Եւ այն թուականին, երբ Լիբանանի Քամիլ Շամուն մարզաւանին մէջ հաւաքուած, ամէն տեսակ պատկանելիութիւն ունեցող հայեր, միասնաբար խոնարհեցան մեր նահատակներու յիշատակին առջեւ, հիմնական բան մը սկսաւ փոխուիլ հայ հանրային կարծիքէն ներս: Գիտակցութեան մը սկիզբը: Այն, թէ ինչպէս մեր բոլորին վեճակուէր էր հասարակաց անցեալ մը, նոյնպէս մեզի կը սպասէր հասարակաց ապագայ մը: Ուստի, պարտաւոր ենք միատեղ ու միասնական ուժերով կերտել ազգին ապագան: Ահա, այդ սարսուռն էր որ մենք զգացինք Քամիլ Շամունի դաշտին վրայ: Մենք մէկն էինք պատուոյ թրիպիւնի վրայ Հրաչ Սեդրակեանի կողքին կեցած, իբրեւ փոխ-ատենապետ Ռ.Ա.Կուսակցութեան: Ռ.Ա.Կ.ի կողմէ այդ հանդիսաւոր առիթով խօսք առնողն էր, նոյնինքն Լարային մեծ հայրը՝ Հրաչ Սեդրակեանը: Այն ազգային անբիծ նկարագրով ղեկավարը, որուն ազգային-հայրենասիրական ու զոհաբերական ոգին կարծէք ամբողջովին արձագանգ կը գտնէին Լարային խօսքերուն ընդմէջէն:

Այդ կարեւոր հանգրուանին, մենք ազգովին սթափեցանք: Այլեւս սկսանք միատեղ ու միասնական ուժերով դիմակալել լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմն ու անոր յաջորդող ազգային դժուարութիւնները:

Բ.__ Լարան ոչինչ կը տեսնէ անիրականանալի, զրահուած իր պապերուն վերապրելու գերբնական ուժին վրայ ինչպէս նաեւ ի տես անկախ Հայաստանի վերելքին, ազատագրուած Արցախին, Թումօ-ի, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի նման ապագայ կերտող հաստատութեանց բարձրացումին: Հաստատութիւններ՝ որոնք մեր բարձրացող սերունդները կ՛օժտեն մտային, ստեղծագործական, թեքնիքական ու գիտական բարձր թռիչքներու: «Բարձրացիր, բարձրացուր»:

Պարկեշտութիւնն ու անաչառութիւնը կը պահանջէ մեզմէ որ մետալին միւս կողմը դարձնենք և մեր վիրաւոր կողմը վեր առնենք: Շեշտը դնենք հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին թշուառութեան վրայ, որմէ շատեր կը տառապին: Մէկ երրորդը հայրենիքի ազգաբնակչութեան: Համատարած յոռետեսութիւն մը կայ մեր երկրին մէջ: Արտագաղթը արիւնաքամ կ՛ընէ մեր հայրենիքը: Այդ բոլորը որոշ ստուեր մը կը տարածեն մեր լաւատեսութեան վրայ, երկրին ապագային նկատմամբ:

Փապուղիին միւս ծայրը լոյս սփռելու հաար, մենք, ազգովին, մեր ամենակարեւոր ու ամենաառաջնահերթ հարցը պէտք է նկատենք տընտեսական վիճակի բարելաւումը թշուառութեան մատնուած մեր հայրենի քոյրերուն և եղբայրներուն: Ամէն ինչ ի գործ դնելով: Հարկ է մենաշնորհներու, կաշառակերութեան ու փտտածութեան կապանքներէն ձերբազատել մեր ժողովուրդը որպէսզի ազատօրէն թափ տայ իր ստեղծագործ ու նախաձեռնող ոգիին: Ի շահ ազգին ու հայրենիքին վերելքին:

Գ.__ «Մեր ինքնութիւնը պիտի ներկայացնենք համայն աշխարհին մեր հայ մշակոյթով»: Ասոնք խորիմաստ և ուժեղ խօսքեր են՝ Լարայի նման պատասխանատւութեան բարձր գիտակցութեան տէր անձի մը կողմէ բառացիօրէն արտասանուած, ամերիկեան մայրաքաղաքէն, հանդիսաւոր բացառիկ առիթով: Համարձակօրէն և ինքնավստահ

կերպով արտասանուած այս խօսքերը, ձեւով մը՝ ուխտ մը, խոստում մը կը կազմեն, յայտնելու աշխարհին, թէ մենք պիտի ապրինք ու գոյատեւենք, ազգային ինքնատիպ քաղաքակրթութիւն պիտի կերտենք, մեր մշակոյթով ու մեր հաւաքական տենչերով: Ինքնատիպ՝ ո՛չ անպայման որակական իմաստով: Պարզապէս մեր պատմութիւնը ա՛յդ է վիճակեր մեր ժողովուրդին: Մեր երկիրը գտնուելով Արեւելքի և Արեւմուտքի մայր ճամբաներուն վրայ (Silk Road), մենք ուղղակի ազդեցութեան տակ ենք մեզ կոխկրտող մեծ պետութիւններու, և իրենցմէ առեր ենք __ ո՛չ թէ ընդօրիներ ենք __ լաւն ու գեղեցիկը ու այդ բոլորը շաղախեր մեր ինքնատի մշակոյթին մէջ: Եւ այդ ձեւով, առաւել եւս ճոխացուցեր զայն:

Ա՛յդ կը փաստեն մեր ճարտարապետական կոթողներն ու մանրանկարչութիւնը:

Ա՛յդ է որ կը փաստեն ստեղծագործութիւնները Կոմիտասի, Դանիէլ Վարուժանի, Վահան Թէքէեանի, Եղիշէ Չարենցի, Վահան Տէրեանի, Նարեկացիի և դեռ շատերու: Անոնք, այդ ստեղծագործութիւնները իրենց յղացքով, թռիչքով ու գեղեցկութեամբ: Եւ երբ Լարա Սեդրակեան հպարտօրէն կը յայտարարէ աշխարհին այն, թէ մենք պիտի ներկայացնենք մեր հայու ինքնութիւնը հայու մշակոյթով, այս հաստատումը թեթեւ չի կշռեր: Անոնք խորիմաստ խօսքեր են որոնք մեր ինքնութեան էութիւնը կ՛արտացոլացնեն: Բան մը որ կը խորհիմ թէ Լարան քաջ գիտակից էր այդ իրողութեան, երբ վերոյիշեալ յայտարարութիւնը կը կատարէր:

Դ.__ Ուրիշ կարեւոր հարց մը զոր Լարան կը շօշափէ: Հայթուրք յարաբերութիւնները: Լարան յստակ զանազանութիւն կը դնէ թուրք ժողովուրդին և թուրք իշխանութիւններուն միջեւ: Արդարացի է բանախօսուհիին այդ դիրքորոշումը: Վասն զի, մենք, խորքին մէջ, հիմնական հարց մը չունինք թուրք ժողովուրդին հետ: Ինչպէս Լարան կ՛ընդգծէ իր ելոյթին մէջ, Եղեռնի ատեն գտնուած են շատ մը բարեսիրտ և բարեգութ թուրքեր որոնք հարիւրաւոր հայեր փրկած են ստոյգ մահուան ճիրաններէն:

Մեր խնդիրը թուրք իշխանութեանց հետ է: Անոնք ամէն ինչ ի գործ կը դնեն ուրանալու համար Հայկական ցեղասպանութեան փաստը: Տունը աճած կեղծ «պատմաբան»ներու կամ օտար վարձուած պատմաբաններու խեղաթիւրած տեսութիւններով, կաշառքով, սպառնալիքով, և մանաւանդ օգտուելով Թուրքիոյ ունեցած աշխարհաքաղաքական և ռազմագիտական առաւելութիւնները, օտար պետութիւններու վրայ ճնշում բանեցնելով:

Թուրքիոյ բռնած այդ ուղին կոչուած է անելի մատնուիլ: Թուրքիան, ուրիշներու նման եթէ կ՛ուզէ նորմալ ազգ մը դառնալ, պարտաւոր է իր սեփական պատմութեան մութ էջը դարձնելու: Այդ մէկը կ՛ըլլայ՝ Գերմանիոյ օրինակին հետեւելով: Այսինքն՝ ճանչնալ նացիներու կողմէ հրեայ ժողովուրդին վրայ գործադրուած Holocaust-ը, ներողութիւն խնդրել հրեայ ժողովուրդէն, անհրաժեշտ հատոյցը տալ և առաջ անցնիլ: Այդ կը պահանջէ նա՛եւ Թուրքիոյ շահը:

Մեր յօդուածը եզրակացնելէ առաջ, կը փափաքինք անգամ մը եւս վեր առնել այն իրողութիւնը, թէ Հայկական ցեղասպանութեան 100-ամեակի բազմերես շարժումներով մենք ազգովին, յաչս համաշխարհային հանրային կարծիքին, հանդէս եկանք որպէս քաղաքակիրթ ժողովուրդ: Այդ հանգամանքին բերումով, բայց նամաւանդ Նորին Սուրբ Օծութիւն Ֆրանսիս Պապին՝ մեր տանջուած ու անարդարուած ժողովուրդին հանդէպ իր ցուցաբերած ջերմ համակրանքին բերումով, պատուանդան մը վեր բարձրացած եղաւ հայութեան վարկը, համակրանքը՝ մեր անկորնչելի արդար դատին նկատմամբ առհասարակ:

Միւս կողմէ, հրաշալի էր Լարա Սեդրակեանի ելոյթը: Ելոյթ մը՝ որ, առաւել ըլլալով, կ՛աւետէր նոր, բարձրագոյն միջազգային վարկի հասած սերունդի մը մուտքը ազգային ղեկավարութեան գերագոյն դիրքերու վրայ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին