Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

Պէյթ Էլ Տինի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Համերգ Կատարողութեամբ Հայաստանի Ազգային Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբին

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ուրբաթ 8 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:30ին Պէյթ Էլ Տինի պալատին մէջ համանուն նշանաւոր  երեսնամեայ փառատօնի ծիրեն ներս, Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը,  գեղարուեստական ղեկավար ու հիմնական խմբավար Էդուարդ Թօփչեանի գլխաւորութեամբ, հանդէս պիտի գայ  պատմական համերգով մը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին:

Համերգին, որուն մասին «Զարթօնք» իր էջերը լայն բացած էր նախորդ շաբաթներուն,  իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Հայաստանի պետական քամերային (գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Ռոպերթ Մլքէյեան) եւ «Հովեր» պետական քամերային (գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սոնա Յովհաննիսեան) երգչախումբերը, իսկ իբրեւ մենակատար հանդէս պիտի գան մեներգիրչներ` Իրինա Զաքեանը (սոփրանօ), Պերճ Քարազեանը (թենոր), Նարինէ Անանիկեանը (մեձօ սոփրանօ) եւ Սարգիս Բաժբէուկ-Մելիքեանը (պարիթոն):

Այս եզակի համերգը իր մասնակցութեամբ աւելի եւս պիտի նշանաւորէ ու առաւել յիշարժան դարձնէ՝ համաշխարհային ճանաչման հասած ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեանը:

Համերգի ծրագրով պիտի հնչեն Արամ Խաչատուրեանի Սպարտակը, Պրամսի ջութակի քոնսերթը եւ Մոցարթի ռեքուիեմը:

Նշենք, որ Պէյթ Էլ Տինի Փառատօնը այս անզուգական ձեռնարկը հանրութեան պիտի հրամցնէ ՀԲԸՄի աջակցութեամբ, մինչ միջազգային ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեանի մասնակցութիւնը հովանաւորուած է Տէր եւ Տիկ. Սարգիս եւ Սեդա Տէմիրճեաններու կողմէ:

Այս առիթով եւ Պէյթ Էլ Տինի Միջազգային Փառատօնի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, երէկ կէսօրին մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպուած էր Պէյրութի «Ֆօր Սիզընս» պանդոկին մէջ, որուն լիբանանեան տեղեկատուական այլ ներկայացուցիչներուն կարգին ներկայ եղանք նաեւ մենք: Ասուլիսին ներկայ էր նաեւ Պէյթ Էլ Տինի Միջազգային Փառատօնի յանձնախումբին անդամ եւ անոր յաջողութեան համար ոչ մէկ ճիգ չխնայող՝ Տիկ. Անի Գասարճեանը:

Ձախէն՝ Տիկ. Անի Գասարճեան, խմբավար Էդուարդ Թօփճեան,   Տիկ. Թալին Պաշեան եւ ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեան
Ձախէն՝ Տիկ. Անի Գասարճեան, խմբավար Էդուարդ Թօփճեան,
Տիկ. Թալին Պաշեան եւ ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեան

Էդուարդ Թօփճեան ըսաւ․ «Այս տարի մենք շատ համերգներ ունեցանք աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, որոնք բոլորն ալ նուիրուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին: Նոյնն է պարագան նաեւ Լիբանանի մէջ: Մենք ներկայացման համար ունինք յատուկ յայտագիր, որ հասկնալի ու սրտամօտիկ է թէ՛ հայերուն եւ թէ օտարներուն»:Ասուլիսին հանդէս եկան Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիքի  գեղարուեստական ղեկավար ու հիմնական խմբավար Էդուարդ Թօփճեանն ու նշանաւոր ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեանը, որոնք լրացուցիչ լուսաբանութիւններ տուին ընդհանրապէս խումբին եւ ի մասնաւորի այսօր երեկոյեան տեղի ունենալիք համերգին մասին:

Ան հաստատեց, որ «ելոյթի առաջին բաժնով իրենք պիտի կատարեն Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններէն, համոզուած ըլլալով, որ ան աշխարհի ամէնէն հրաշալի երաժիշտներէն մէկն է համաշխարհային մակարդակով եւ հպարտութիւնը Հայոց ազգին»: Թօփճեան աւելցուց, որ յայտագրի այլ մասերով իրենք ելոյթ պիտի ունենան օտար ստեղծագործութիւններով:

Էդուարդ Թօփճեան լրագրողներուն պարզեց, որ Ֆիլհարմոնիքի կողքին ելոյթ պիտի ունենան երկու երգչախումբեր՝ «Հովեր»ն ու «Հայաստանի Պետական Երգչախումբ»ը, որոնք առանձին-առանձին մեծ յաջողութիւններ արձանագրած են աշխարհի տարածքին եւ այժմ ելոյթով պիտի ներկայանան այս եռեակով: Թօփճեան աւելցուց, որ այս մէկը առաջին անգամ չէ, որ կը պատահի եւ թէ իրենք յաճախ դիմած են այդ քայլերուն, որպէսզի կարենան բարձր մակարդակով եւ ոճով ամբողջական արուեստ մը ներկայացնել հանդիսատեսին:

Ասուլիսի ընթացքին իմացանք, որ ընդհանուր առումով համերգի մասնակից խումբը կը հաշուէ 141 հոգի, սակայն բոլորը միասնաբար ներկայ չեն ըլլար բեմին վրայ, այլ փոխն ի փոխ  կը ներկայանան բեմ:

Յարգելի խմբավարը յայտնեց, որ ինք խորապէս համոզուած է, թէ հայկական հրաշալի երաժշտութիւնը, որ մենք ունինք, որուն մէջ յատկանշական է Ա. Խաչատուրեանի «Սպարտակ»ը, հպարտութիւն է իր համար նկատի ունենալով, որ Ա. Խաչատուրեանը հայ է, սակայն որպէս երաժիշտ ան միշտ ալ կը փորձէ Արամ Խաչատուրեանին գործերուն մօտենալ իբրեւ համամարդկային եւ համաշխարհային երաժիշտի, որովհետեւ ազգային խտրականութիւնը տեղ պէտք չէ ունենայ  երաժշտութեան մէջ, որով երաժշտութեան արուեստի արժէքը որակի բարձրութեան մէջ է:

«Արտայայտուելով «Հովեր»ու մասին Էդուարդ Թօփճեան մտերմիկ ոճով պատմեց, ըսելով. «Երբ ես շատ երիտասարդ էի ստեղծուեցաւ պատահական քամերային խումբ մը, բաղկացած իմ բարեկամներէս, որ բաւական ճամբայ անցնելով մեծ յաջողութիւններու հասաւ: Անոնց կողքին ունեցաւ շարք մը դժուարութիւններ, որովհետեւ ան պետական չէր ու նիւթականը հովանաւորող պէտք եղածին չափ բարերարներ չուներ եւ մենք մեր ուժերով կը փորձէինք հաստատ պահել այդ երգչախումբը: Նոյն ժամանակ ստեղծուեցաւ այլ երգչախումբ մը, որ «Հովեր»ն էր:  Յաճախ օգնեցինք զիրար», աւելցուց ազնիւ խմբավարը, «որովհետեւ երկուքս ալ պետութեան կողմէ սիրուած էինք, սակայն պետական չէինք: Այսպիսով իրար հետ գործակցելով յառաջ կ’երթայինք, առանց անձնական փորձերու սենեակ կամ տեղ ունենալու: Երբ Ֆիլհարմոնիա եկայ տեսայ, որ վերի յարկը դատարկ սենեակ մը գոյութիւն ունի եւ առաջարկեցի «Հովեր» երգչախումբին, որ եթէ կը փափաքին այդտեղ իրենց փորձերը կրնան կատարել, որպէսզի ոչ մէկ բան այդ սքանչելի ներգչախումբի ընթացքը չխոչընդոտէ»:

Ահա այսօր այս համեստ սկզբնաւորութիւն ունեցող խումբերը, որպէս ինքզինքնին հաստատած, միջազգային ելոյթներ ունեցած եւ մրցանակներ շահած արուեստի գոյացութիւններ, Պէյթ էլ Տինի մէջ պիտի հմայեն Լիբանանի արուեստասէր հանրութիւնը:

Մինչ անզուգական Սերկէյ Խաչատրեանը, որ իր հրաշալի ջութակով պիտի ընկերակցի սոյն խումբերուն, պատասխանելով մեր հարցերուն տուաւ հետեւեալ խոնարհ վկայութիւնը. «Ես ընդհանրապէս կը փորձեմ անտեսել եւ չլսել գնահատականներն ու գովեստի խօսքերը, որովհետեւ երաժիշտը ամենամեծ գնահատականը միայն ինքն իր անձին կրնայ տալ քան ուրիշները, քանզի երաժիշտը ինք եւս պարզ մարդ է, ամէն տեսակի թերութիւններով, սակայն անոր մէջ կայ երկու անձ. մէկը բնական թերի մարդը, իսկ միւսը ան՝ որ ինք կ’ուզէ դառնալ»:

«Հետեւաբար, -աւելցուց Սերկէյ-, «միայն դրական գնահատականները չէ, այլեւ ժխտականները եւս կը փորձեմ լսել, անոնցմէ դաս մը քաղելով աւելի լաւին ու յաջողին ձգտելու համար: Անդին գովասանքները լսելը եւս իր դրական կողմերը ունի, բայց ես կը փորձեմ անոր վրայ շատ չկեդրոնանալ»:

Խօսելով իր երազին ու ձգտումներուն մասին Սերկէյ Խաչատրեան ըսաւ. «Կան անձեր, որոնց ես կ’երազեմ հասնիլ, ինչ որ անկարելի է, սակայն միշտ կայ այդ պայքարը ձգտելու եւ հասնելու: Ես ինծի բեմի վրայ կը տեսնեմ միշտ», ըսաւ երաժիշտը «եւ կը ձգտիմ միշտ ըլլալ բեմի վրայ, որովհետեւ մանկութեանս ամէնէն մեծ երազանքս եղած է բեմ բարձրանալ ու նուագել: Եւ իմ միակ նապատակս այն է, որ ես մարդոց ինչ որ կու տամ, եւ այն ինչ որ երաժշտութիւնը ինծի կու տայ, միշտ կայուն աղբիւր մնայ եւ ես ու համայն մարդկութիւնը այդտեղէն կարենանք  ըմպել»:

Հայրենի Խումբը Փորձի Պահուն
Հայրենի Խումբը Փորձի Պահուն

Համերգին նախորդող գիշերը հայրենի խումբը փոխադրուելով Պէյթ Էլ Տին ունեցաւ իր նախապատրաստական փորձերը՝  լաւագոյնս ներկայանալու համար  հանրութեան, որուն վստահ ենք Լիբանանահայ գաղութն ու արուեստասէր համայն ժողովուրդը անհամբեր կը սպասեն՝  ներկայ ըլլալու, ոչ յաճախ պատահող սոյն ձեռնարկին:

Յաջողութիւն Հայրենի արուեստագէտներուն: Շնորհակալութիւն Պէյթ Էլ Տինի Միջազգային Փառատօնի յանձնախումբին, զոր կը գլխաւորէ Տիկ. Նուրա Ժոմպլաթ, հայկական ու միջազգային արուեստի այս հոյակապ առիթը ստեղծելուն համար:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին