Պատրաստեց Գէորգ Չիչեան
ՀԲԸՄ-Ի Արժանթինի (Պուէնոս Այրէս) Մասնաճիւղի «Մարի Մանուկեան» Դպրոցը Արդէն 35 Տարի Է, Որ Ձեւաւորուած Աւանդոյթի Համաձայն` Աւարտական Դասարաններու Հայ Աշակերտներուն Իւրօրինակ Ծրագիրով Կը Բերէ Հայաստան Տեսնելու: Ընդհանուր Առմամբ` Այս Տարիներուն 6000 Սփիւռքահայ Պատանիներ Եւ Աղջիկներ Եկած Են Հայաստան, Եկած Են Տեսնելու Իրենց Պապերու Ծննդավայրը: Խումբին Մէջ Կան Երեխաներ, Որոնք Առաջին Անգամ Կ’այցելեն Հայրենիք:
Խումբի Պատասխանատու Միրիամ Պօղոսեան «Հայերն Այսօրի» Հետ Զրոյցին Մանրամասներ Ներկայացուց Ծրագիրին Մասին. «Աւարտական Դասարաններու Աշակերտները Մէկ Տարի Շարունակ Իրենց Ծնողներուն Հետ Հայկական Տարբեր Կերակուրներ Կը Պատրաստեն Եւ Շաբթուան Կտրուածքով Երկու Անգամ` Ուրբաթ-Շաբաթ Օրերուն, Այն Կը Վաճառեն Դպրոցի Սրահներէն Մէկուն Մէջ, Որ Խորհրդանշական Ձեւով Ճաշարանի Կը Վերածեն: Ճաշացանկը Բաղկացած Կ’ըլլայ Հիմնականին Մէջ Կիլիկիան Հայաստանի Ճաշատեսակներէն` Հումուս, Թաբուլէ, Պահքի Տօլմա Եւ Այլն: Հաւաքուած Գումարով Ամառնային Արձակուրդին Անոնք Հայաստան Կու Գան»:
Միրիամ Պօղոսեան Կը Պատմէ, Որ Երեխաները Մեծ Ոգեւորութեամբ Կը Ներգրաւուին Ծրագիրին Մէջ Եւ Կը Փորձեն Հնարաւորինս Լաւ Ցուցանիշ Գրանցել:
Հիւրասիրութիւն-Վաճառքին Կը Մասնակցին Ո՛Չ Միայն Պուէնոս Այրէսի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները, Այլեւ` Այլազգիները: Անոնց, Բացի Ուտելիքները Մատուցելէ, Աշակերտները Նաեւ Հայկական Պարեր Կը Ներկայացնեն:
Այս Տարի 22 Հոգի Եկած Է Մայր Հայաստան:
Երիտասարդները Կ’այցելեն Հայաստանի Գրեթէ Բոլոր Պատմամշակութային Վայրերը` Էջմիածին, Սարդարապատ, Տաթեւ, Սեւանայ Լիճ, Գառնի, Գեղարդ Եւ Այլուր:
Բոլորը Մէկ Փափաք Ունին` Բացայայտել Հայրենիքի Ամէն Անկիւն, Հիանալ Գեղատեսիլ Բնութեամբ Եւ Վայելել Հայ Ժողովուրդի Ջերմ Ընդունելութիւնը:
«Ծրագիրը Կեանքի Կոչելով` Մեր Գլխաւոր Նպատակն Է Աշխարհասփիւռ Հայ Երիտասարդներուն Հնարաւորութիւն Տալ Մօտիկէն Ծանօթանալու Իրենց Հայրենիքին: Անոնց Մեծ Մասը Հայաստանի Մասին Տեղեկութիւններ Ստացած Է Միայն Ընթերցանութեան Կամ Համացանցի Միջոցով, Իսկ Հիմա Անոնք Հայրենիքի «Քաղցրութիւնը» Կրնան Զգալ Արդէն Իրականութեան Մէջ: Միանշանակ Կրնամ Ըսել, Որ Անոնք, Այցելելով Հայաստան, Կը Կապուին Երկրին Եւ Դարձեալ Վերադառնալու Փափաք Կը Յայտնեն»,-Տեղեկացուց Միրիամ Պօղոսեան:
Այս Տարուան Ճամփորդութեան «Առանցքը», Անշուշտ, Եղած Է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Րդ Տարելիցը. Երիտասարդները Այցելած Են Ծիծեռնակաբերդ, Գլուխ Խոնարհած Եւ Յարգանքի Տուրք Մատուցած Սրբադասուած Նահատակներու Յիշատակին: Իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկին Մէջ, Միրիամ Պօղոսեանի Խօսքերով, Աշակերտները Ծանօթանալով Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Վկայող Փաստագրական Լուսանկարներուն Եւ Տեսաֆիլմերուն` Շատ Ազդուած Եւ Տխրած Են. Անոնց Մօտ Յուզումը Ակնյայտ Եղած Է:
Արժանթինահայ Երիտասարդներու Խումբէն Երկու Աղջիկներ` Վիքինիան Եւ Վիքթորիան, «Հայերն Այսօրի» Հետ Կիսուած Են Հայաստան Կատարած Իրենց Տպաւորութիւններով:
Վիքինիա Թեւոսեան– Մենք Ամբողջ Դասարանով Մէկ Տարի Շարունակ Մեծ Ուրախութեամբ Մասնակցած Ենք Այս Ծրագիրին: Այն Միտքը, Որ Ամրան Հայաստան Պիտի Գանք, Մեզի Կ’օգնէր Աւելի Ժրաջան Աշխատելու: Այս Օրերուն Ընթացքին Անմոռանալի Պահեր Ունեցայ: Երբ Կը Մտնեմ Հայաստան, Կը Սկսիմ Միանգամէն Արտասուիլ: Շատ Կ’ափսոսամ, Որ Հարազատներէս Եւ Հայրենիքէս Այդքան Հեռու Կը Գտնուիմ, Շատ Կը Կարօտնամ
Վիքթորիա Գէորգեան – Ես Հայաստան Ծնած Եմ, Փոքր Էի, Երբ Ընտանիքով Տեղափոխուեցանք Արժանթին: Անցեալ Տարուան Յունիս Ամիսէն Սկսած Ենք Աշխատիլ «Ճաշարանին Մէջ», Համախմբուած Կը Կատարէինք Բոլոր Աշխատանքները: Շատ Շնորհակալ Ենք Մեր Ծնողներուն, Որ Մեզի Օգնած Են Ծրագիրի Ծիրէն Ներս: Վերջին Այցելութենէս Յետոյ Հայաստան Շատ Փոխուած Է Ինծի Համար, Աւելի Բարեկարգ Եւ Գեղեցիկ Դարձած Է: Ընկերներուս Հետ Կրցանք Տեսնել Հայաստանի Տեսարժան Վայրերը, Իսկ Այստեղ Անցուցած Օրերս Երկար Տարիներ Պիտի Յիշեմ:
Նշենք, Որ Արդէն Սկսած Է 2016 Թուականի Ծրագիրի Աշխատանքները: Արժանթինահայ Աշակերտներու Առաջին Հիւրը Եղած Է Արժանթինի Մէջ Ֆրանսայի Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Խուան Մանուէլ Քասան: Պարոն Դեսպանը Արժանթինի ՀԲԸՄ-Ի Վարչութեան Անդամներուն Հետ Մասնակցած Է Հայկական Տարբեր Ճաշատեսակները Համտեսելու Արարողութեան:
Ի Դէպ, Խուան Մանուէլ Քասան Շատ Հաւնած Է Հայկական Ուտեստները, Որոնք Մեծ Ախորժակով Համտեսած Եւ Գոհունակութեան Խօսքեր Ըսած Է: