Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հայրենի Հետազօտողներ «Զարթօնք»-ի Խմբագրատան Մէջ

Չորեքշաբթի 5 Օգոստոս 2015-ի յետմիջօրէին «Զարթօնք»ի խմբագրատուն այցելեցին ՀՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան Ինսթիթութի հետազօտողներ Լուսինէ Թանաճեանն ու Սոնա Ներսիսեանը:

Երիտասարդ մասնագէտները Պէյրութ կը գտնուին գիտականօրէն հետազօտելու Լիբանանահայ գաղութը: Անոնց հետ կը գործակցի Հայկազեան Համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը:

Հանդիպման ընթացքին հայրենի մասնագէտները մեզ հետ զրուցեցին՝ թերթիս եւ Լիբանանահայ գաղութին վերաբերող տեղեկութիւններ քաղելու: Իրավիճակներ եւ երեւոյթներ  լաւագոյնս վերլուծելու համար՝ շեշտը դրուեցաւ գիտական ուսումնասիրութեանց կարեւորութեան վրայ, որուն համար պէտք է միջոցներ ու կարելիութիւններ ստեղծուին:

Հանդիպումը հաճելի առիթ մըն էր կողմերուն հետաքրքրութեան դաշտը հանդիսացող՝ ընկերաբանական նիւթերու մասին միտքերու փոխանակումին:

Հիւրերը պիտի շարունակեն մնալ Պէյրութ՝ տեսակցելու եւ քննարկումներ կատարելու գաղութիս բաղկացուցիչ զանազան կողմերու եւ կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ:

Յաջողութիւն յարգելի հիւրերուն:

«Խմբ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին