ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան յայտարարութիւն տարածած է` Լատինամերիկեան խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է.
«Հայաստանը կ՝ողջունէ Լատինական Ամերիկայի եւ Քարիպեան աւազանի երկիրներու 23 օրէնսդիր մարմիններ միաւորող Լատինամերիկեան խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումը:
Ճանաչման գործընթացը անշրջելիօրէն կ՝ընթանայ ինչպէս պետական, հասարակական, այնպէս ալ բազմակողմ մակարդակներով:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Լատինամերիկեան խորհրդարանին կողմէ ընդունուած այս բանաձեւը համերաշխութեան եւ աջակցութեան ուղերձ է քաղաքակիրթ աշխարհին ժխտողականութեան դէմ պայքարին:
Վստահօրէն կարելի է ըսել, որ միջազգային նման հեղինակաւոր կառոյցի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման սկզբունքային դիրքորոշման արտայայտումը ծանրակշիռ ներդրում է ցեղասպանութիւններու»։