*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Վերջին արեւածագը: Այս առաքելութեան վերջին օրը Հայրենիքին մէջ: Նախաճաշի պահուն երկար մնացի «Օփերա Սուիթս»ի 12րդ յարկը՝ դիտելով Երեւան քաղաքը: Որքա՜ն ուրախ էի նկատելով, թէ ճիշդ է, որ կան նոր եւ արդիական շէնքեր, բարեբախտաբար սակայն Երեւանը տակաւին կը պահէ իր ճարտարապետական մշակոյթն ու ինքնուրոյնութիւնը:
Ժամն էր յանձնելու մեր սենեակները եւ խումբով ուղղուելու նախ Գեղարդ եւ ապա Գառնի:
Գեղարդ եւ Գառնի
Երեւանին համեմատաբար մօտ շրջան մը՝ խորհրդանիշերը երկու հակասական հաւատալիքներու` այնքան գեղեցիկ մշակոյթներ, այնքան իրար ամբողջացնող:
Նախ բարձրացանք Գեղարդ՝ ժայռի մէջ փորուած քրիստոնէութեան առաջին օրերը խորհրդանշող վանքը: Խորհրդաւոր ու լուռ:
4-րդ դարէն մեզի հասած այս վանքին մոմ ու աղօթք բուրող պատերէն ներս երգուող շարականները, մարդուս հոգին կ՛ազնուացնեն: Վանք մը որուն գաւիթին մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը աւելի քան զգալի է..:
Հրճուանք ու հպարտութիւն էր մեզի, Գեղարդի շրջափակին մէջ հանդիպիլ սփիւռքահայ պատանիներու հսկայ խումբի մը, որոնք եկած էին ծանօթանալու իրենց պապերուն մշակոյթի հարստութեան: Շնորհակալութիւն իրենց պատասխանատուներուն, նոր սերուդը Հայ պահելու իրենց սրբազան աշխատանքին համար:
Վերադարձի ճամբուն կանգ առինք Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող տակաւին միակ կանգուն Գառնիի հեթանոսական տաճարը:
Անցեալը ներկային կապող այս կոթողին վայրին մէջ գտնուիլը հետաքրքրական էր բոլորին համար նամանաւանդ, որ անոր թէ՛ պատմական եւ թէ՛ ճարտարապետական ու մշակութային խորհրդանիշները ահագին զուգահեռներ ունին Լիբանանի Պաալպէք քաղաքի հնութիւններուն հետ:
Յաջորդ հանգրուանը՝ դէպի Երեւան վերադարձի ճամբուն վրայ գտնուող շատ գողտրիկ գիւղ մը` Գեղադիր, ուր մեր կէսօրուայ ճաշը ունեցանք «Հայլէնտզ» (Hyelandz) անունով բնութեան հետ շաղկապուած ճաշարանին մէջ, որուն Պարսկահայ տիրոջ տիկինոջ՝ Գարոլինին Լիբանանցի ըլլալու փաստը կ՛արտացոլար իւրաքանչիւր հրամցուած ճաշատեսակին մէջ՝ մինչ իր հետ խօսակցութիւնը ճաշասեղանին շուրջ աւելի քան հաճելի էր:
Հասած էր պահը այցելելու Ծիծեռնակաբերդ, ուր հասանք արեւնամուտին, ինչ որ այցելութիւնը աւելի խորհրդաւոր դարձուց:
Ծիծեռնակաբերդ
Կարելի չէ Հայաստան եկող մը չ՛այցելէ Ծիծեռնակաբերդ, իր յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր բիւրաւոր նահատակներուն: Բազմիցս եղած եմ Ծիծեռնակաբերդ, սակայն փորձառութիւնը չէի ունեցած ոչ-հայ այցելուներու կողքին ըլլալ այցելութեան պահուն: Թէ՛ թանգարանին մէջ եւ թէ՛ յուշահամալիրին շուրջ արցունքներ տեսայ մեր պաշտօնակիցներուն աչքերուն մէջ:
Հաճելի էր թանգարանի տնօրէն Դոկտ. Հայկ Տեմոյեանի հետ տեսնուիլը: Ան թղթակիցներուն բոլոր հարցումներուն համբերութեամբ պատասխանեց:
Այցելութիւն «Հայաստանի Զարգացման Նախաձեռնութիւններ» (IDeA) Հիմնադրամի Գրասենեակ
Մեր Հայաստան այցելութեան հրաւիրող կողմը հանդիսացող «Հայաստանի Զարգացման Նախաձեռնութիւններ» (IDeA) Հիմնադրամի եւ 100 Lives նախձեռնութեան գրասենեակին այցելութեամբ մեր առաքելութեան այս հանգրուանը վերջ պիտի գտնէր: Ուղղուեցանք Երեւանի ՀԲԸՄ-ի նորակառոյց շէնքը, որուն 3րդ յարկին վրայ կը գտնուի վերոյիշեալ հաստատութիւնները:
Զարա Նազարեանի ( 100 Lives-ի Մետիայի եւ Հանրային Յարաբերութեանց Բաժնի տնօրէնուհի) օգտաշատ նախաբանէն ետք մեր խմբակին առջեւ ելոյթ ունեցան Սերգէյ Թանթուշեան (IdeA-ի փոխտնօրէն) եւ 100 Lives գրասենեակի պատասխանատու Արեն Աբիկեան, որոնք համապարփակ կերպով եւ աւելի եւս մօտէն ներկայացուցին IdeA-ի ծրագիրներն ու 100 Lives-ի առաքելութիւնը (ներկայացումները շահեկան ըլլալուն, անոնց մասին աւելի մանրամասն պիտի անդրադարնանք յաջորդիւ):
Պահն էր Skype-ով միանալու վերոյիշեալ հսկայական հաստատութիւններուն հիմնադիր՝ Տիար Ռուբէն Վարդանեանին հետ: Հայ ժողովուրդին արժանապատուութեամբ գոյատեւման եւ բարգաւաճ ու յարաճուն զարգացում ունեցող Հայրենիք մը ունենալու տեսիլքն ու հսկայական կամք ունեցող անձնաւորութիւնը, իրեն յատուկ ազնիւ, ինքնավստահ ու գործնական մօտեցումով գոհացուց բոլորիս հարցադրումներուն, աւելի եւս լուսաբանելով ժողովին ներկաները այն ինչ կը վերաբերի իր հիմնադրած հաստատութիւններուն գործունէութեան (Այս շատ կարեւոր հանդիպման մասին ալ աւելի մանրամասն պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ):
Կը մնայ յիշել մեծ բանաստեղծին տողերը. «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»…: Ռուբէն Վարդանեանը գտած է այդ հնարը:
Վերադարձանք Պէյրութ: Սակայն մեր առաքելութիւնը չաւարտեցաւ:
Շար. 5 եւ վերջ 5-օրեայ մեր օրագրութեան:
Շուտով պիտի անցնինք առաքելութեան այլ հանգրուանի: