Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

ԼԻԲԱՆԱՆԻ «ԱՂԲԵՐԸ»… ԱՆՅԱՅՏԱՑՈՂ «ԱՂԲԱՌՆԵՐԸ»… ԵՒ ՀԱՐՍՏԱՑՈՂ «ԱՂԲԱՐԻԿՆԵՐԸ»…

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Երբեմնի կանաչ Լիբանանը կը հոտի՜…: Երբեմնի մայրիներու եւ եղեւիններու բուրմունքներով օծուն Լիբանանի օդը, գրեթէ տասը օրերէ ի վեր կը հոտի գարշահոտութեամբ… որովհետեւ Լիբանանի թաղերն ու պողոտաները, կեդրոնական ճանապարհներն ու փողոցները վերածուած են աղբակոյտերու՝ անյայտացած «աղբառներու» պատճառով, որոնք ենթարկուած մենաշնորհեալ «աղբարիկներու» որոշումներուն, հրաժարած են աղբերը հաւաքելէ, որպէսզի անոնք դառնան նոր-նոր աղբակոյտեր, աղբաբլուրներ եւ ինչու չէ՝ լեռնե՜ր… իրենց գարշահոտութեամբ թունաւորելու համար քաղաքացիները, եւ՝ լիբանանեան օդը, նամանաւանդ ամառուայ այս տաք եղանակին..:

Պատճառ կամ պատճառներ փնտռելու երբեք ալ կարիք չկայ..: Դրախտ ու դալարագեղ Լիբանանի մէջ, այլեւս չկայ շրջան մը, կամ պարապ բացատ, որպէսզի ընդունի Լիբանանի ամբողջ աղբը, որ հիմա դրուած է բաց ցուցադրութեան, ուր կանաչ, կապոյտ ու սեւ տոպրակներով աղբեր լեցուցած են ճանապարհները, իսկ պատասխանատու «աղբարիկներ» ճար ու լուծում գտնելու կը դժուարանան: Իսկ այս տեսարանի ու կացութեան դիմաց, զարմանալիօրէն հիւրանոցներու ու ճաշարաններու տէրեր կը սպասեն որ զբօսաշրջիկ ժամանէ Լիբանան..: Բայց ի՞նչ ընելու համար պիտի գայ օտար զբօսաշրջիկը:

Պիտի ընդունինք, որ լիբանանցի քաղաքացին այլեւս չի հաւատար իր ղեկավարին… իր առաջնորդին… իր քաղաքական մունետիկին, որովհետեւ յոգնած է անոնց հէքեաթներէն եւ անմնացորդ պատրուակներէն..: Մեր չքնաղ երկրէն ներս, ցաւօք սրտի տակաւին անլոյծ հարցեր բազմազան են՝ «Ելեկտրականութիւնը»… «Ջուրը»… «Երթեւեկի կանոնները»… «Հեռաձայնը»… «Կրթաթոշակները»… «Դեղորայքը»… «Բժշկութիւնը»… «Հիւանդանոցներու աճող սակերը»…եւ դեռ աւելին: Զարմանալի է, որ այս երկրին մէջ այնքան շատ «աքաղաղ» կայ, որ գիւղին առաւօտը կ’ուշանայ..: Այլ զարգացած երկիրներու մէջ եւս կան տագնապներ, գիտենք, բայց քաղաքական դէմքեր, նախարարներ ու երեսփոխաններ կը մտածեն տագնապներու վերացման մասին, իսկ մեր երկրէն ներս կը մտածուի նոր տագնապներ ստեղծելու եւ ժողովուրդը աւելիով երկփեղկելու մասին, որպէսզի աւելիով կոտորակուի ան:

Երկիրը մօտաւորապէս 14 ամիսներէ ի վեր չունի նախագահ..: Պատճառը ամէն ոք գիտէ, բայց լուծո՞ւմ… կ’ուշանայ..: Պէտք է հանդարտի Միջին Արեւելքը եւ այն ժամանակ միայն յաղթող կողմը, կամ այդ կողմի «դուրսի արտաքին հովանաւորներ»ը նո՜ր կ’որոշեն գալիք նախագահը՝ «ըստ հաճոյից կամաց իւրոց»..: Խե՜ղճ լիբանանցին շուարած է եւ տուայտած, ի՞նչ ընէ, ո՞ւր երթայ… բայց ո՞վ կ’ընդունի լիբանանցին… կարծես անբաղձալի է ան: Երիտասարդ զարգացած սերունդներ այլեւս չեն մտածեր մնալ ու աշխատիլ այս երկրին մէջ… իսկ մնան ինչ ընեն, ի՞նչ աշխատին, ո՞ւր է գործ… տնտեսութիւնը հետզհետէ կը նահանջէ: Հրաշք մը միայն կրնայ փրկել Լիբանանը:

Արեւմտեան շատ մը երկիրներու մէջ աղբը դրամ է… եկամո՜ւտ..: Որովհետեւ անոնք շինած ու պատրաստած են տարրալուծարաններ եւ ուրեմն գիտեն օգտագործել օրուայ աղբը, բովանդակութեան համեմատ: Իսկ մեր երկրին մէջ, ճիշդ է, վաղուց մտածուած է տարրալուծարաններու մասին, նոյնիսկ նախաձեռնուած ալ է, բայց… չէ իրագործուած: Պատճառը սորվեցանք… աղբակոյտերու ներկայ վիճակը կը հարստացնէ «կարգ մը» աղբարիկներու արդէն պարարտ գրպանները… որոնք ունին դիրք, պաշտօն, աստիճան եւ՝ խօ՜սք..: Անշուշտ, այս պարագային խեղճ լիբանանցիք պէտք է լռեն եւ համակերպին, հակառակ պարագայի՞ն, շատ-շատ ցոյց մը կ’ընեն, քիչ մը կը պոռան, կը կանչեն, լոզունգներ կ’արձակեն եւ խոստումներ ստանալէ ետք կ’երթան իրենց տուները, յաջորդ տարի նոյնը կրկնելու..: Վա՛յ քեզ քաղա՜ք… ինչ օրերու հասցուցին մեզ..: Մեղայ… հազար մեղայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին