*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Դիլիջանի առաւօտը յատուկ էր իր դրախտային թռչուններու ճռուողումով եւ սքանչելի բնութիւնը դիտելու համար հիւրանոցի սենեակիս պատուհանէն դուրս դիտող դէմքս շոյող մեղմ զեփիւռով:
Համեղ էր նաեւ գիւղ բուրող նախաճաշը պատրաստուած կեռասի եւ ծիրանի անուշներէ, կաթով ու հայկական մեղրով:
Ժամն էր ուղղուելու դէպի լեռներուն մէջ խաղաղ հանգչող մեր հայրենի ծովը՝ Սեւան: Ճամբուն վրայ իրականացաւ մեր պաշտօնակից Շիրազին երազը՝ համտեսել ու մեզ ալ ստիպել համտեսել Դիլիջանի նշանաւոր խաշուած եգիպտացորէնը…:
Հայրավանք
Սեւանի ափին հանգրուանեցինք 9-րդ դարուն կառուցուած՝ Հայրավանք: Մեր հոն այցելութիւնը զուգադիպեցաւ խումբ մը ուխտաւորներու ժամանումին, որոնք Էջմիածինէն Ղարաբաղ ոտքով ուխտի կ’երթային անցնելով Հայրավանքէն:
Հոգեպարար ապրումներով մասնակցեցանք ուխտաւորներու շարականներու երգեցողութեան՝ մութ, խորհրդաւոր ու գողտրիկ եկեղեցիին մէջ:
Անզուգական էր անշուշտ նաեւ եկեղեցիէն դուրս դէպի Սեւան նայող տեսարանը, որ այս արագ եւ խճողուած մեր կեանքի ընթացքին մէջ պահ մը դադար էր ապրելու հանդարտութիւնն ու միաւորուելու մայր բնութեան հետ, որուն հետ մեր կապը ուղղակի է եւ բնական, մինչ արդի կեանքը դժբախտաբար հեռու կը պահէ մեզ այս կենսական ապրումէն:

Մեր խումբին անդամները յուզուած էին ի տես մեր հայրենիքին սքանչելի բնութեան եւ հարուստ մշակոյթին: Մեր պաշտօնակից «Նահար» օրաթերթի թղթակից Ֆաթիման չէր դադրեր իր միտքը սնուցող հարցեր տալէ եւ տեղեկութիւններ քաղելէ իր հիացմունքը յայտնելով ու անկաշկանդ նկարուելով սրբապատկերներու մօտ:
Ակամայ լքեցինք Հայրավանքը: Մեր մխիթարութիւնը սակայն այն էր, որ պիտի ուղղուէինք այլ հետաքրքիր վայր մը: Այդ վայրը ՝ Նորատուս գիւղն էր:
Նորատուս
Մեր պաշտօնակիցներուն համար այս անծանօթ անունով գիւղը նշանաւոր էր հայկական իր բազմաթիւ խաչքարերով, որոնք միասնաբար կը կազմէին մօտաւոր 2000 խաչքար՝ դարաւոր գերեզմանատ
Հետաքրքիր էին մեր ուղեցոյցին՝ Ստեփանին փոխանցած տեղեկութիւնները ամէն մէկ խաչքարի պատմութեան մասին: Այնքան թիւով խաչքարերու մէկտեղումը աւելի քան զմայլելի էր մեզի համար, որ ամբողջութեամբ կ՛արտացոլացնէր զուտ հայկական մշակոյթը:
Ապա անցնելով լեռնային նշանաւոր անցքէն սկսանք ուղղուիլ Վայոց Ձոր, ուր այցելեցինք 16րդ դարէն մեզի հասած Օրփէլեանի նշանաւոր «Կարաւան Սերայ»ը:
Կարաւան Սերայ
Մեր պաշտօնակիցներուն համար շատ հետաքրքրական էր գտնուիլ պատմութեան «մետաքսի ճամբուն» վրայ՝ ճիշդ այն վայրին մէջ, ուր ուրիշներու շարքին իրենց նախահայերը հանդիսացող արաբական կարաւանները անցած են եւ հանգստացած ու հանգստացուցած են իրենց ուղտերը այս նախնական «պանդոկ»ին մէջ:
Արդէն կէսօրը անց էր: Երկար ճամբայ մը կտրելէ ետք հասանք Վայոց Ձորի վերջը գտնուող նշանաւոր «Արենի» գինիի գործարանին մօտիկ ճաշարան մը՝ «Լճակ», որ շինուած էր փոքրիկ լճակի մը կողքին, ուր բադերն ու սագերը հանգիստ կը լողային: Ճաշերը համով էին իսկ սպասարկութիւնը ինչպէս միշտ՝ շատ լաւ: Ճաշարանի ազնիւ մատուցողներէն Մանուշը, ճաշի պահուն սիրով նկարեց մեզ մինչ Շիրազը կը փորձէր իր ճաշէն բաժին հանել տեղուոյն կատուներուն…: Ճաշարանէն ուղղուեցանք Քարահունչ:
Քարահունչ
Դժուար է նկարագրել մեր ունեցած զգացումները այս վայրին մէջ, որ կ’անցնէին հայկականէն ալ անդին հասնելով համամարդկայինին եւ մեզ նախորդող քաղաքակրթութիւններու պատմութեան եւ անոնց կապին տիեզերքին հետ այս նախնական սակայն հոյակապ աստղադիտարաններով եւ ինչո՞ւ չէ՝ Արարիչին հետ:
Իւրաքանչիւր մարդ պէտք է անցնի 7000 ամեայ Քարահունչէն, որ կը գտնուի Հայրենի մեր հողին վրայ զգալու այն ինչ որ անբացատրելի է:
Գորիս
Արդէն մթնշաղ էր: Ուղղուեցանք Գորիս իջեւանելու համար շատ սրտամօտ եւ տաքուկ պանդոկ մը, որուն անունն է «Միրհաւ» (շրջանին ծանօթ թռչնազգիի մը անունը):
Ընթրիքը անցաւ հաճելի ըստ սովորականին, «Միրհաւ»ի խոհանոցի պատրաստած համադամներով:
Այսօր առաւօտեան դէպի խնձորեսկ գիւղ ապա Տաթեւի Վանք հրաշալիքը:
ՇԱՐ. 3