Կիրակի, 27. 07. 2025

spot_img

Հալէպի Նոր Գիւղ Շրջանը Հրթիռակոծման Ենթարկուեցաւ

Հալէպի մէջ ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը, համեմատաբար նախորդ օրերու սուր տագնապին, բարելաւուած է: Ելեկտրականութիւն կայ օրական շուրջ 6 ժամ, իսկ ջուրը հասանելի է արդէն շատ մը շրջաններու: Համացանցային ծառայութիւնը կը շարունակէ խափանուած մնալ: Իսկ ապահովական առումով վիճակը կը շարունակուի լարուած մնալ: Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը։

Յուլիս 27-ի յետմիջօրէին Նայյալ թաղամասի մուտքին արձակուած հրթիռի մը պայթումին հետեւանքով արձանագրուած են վիրաւորներ եւ մէկ զոհ, իսկ գիշերը հրթիռակոծման ենթարկուած է նաեւ Նոր Գիւղ շրջանը, ուր արձանագրուած են նիւթական վնասներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին