Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Օրագրութիւն Հայրենիքէն՝ Լրագրական Ուղեւորութիւն Դէպի Հայաստան – Օր 1

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Իր ազգօգուտ ձեռնարկներուն շարքին, IDeA (Ideas for Development of Armenia)  Հիմնարկը գործակցութեամբ 100 Lives-ի` բոլորին ծանօթ հաստատութիւններ, որուն Հիմնադիրներէն է Տիար Ռուբէն Վարդանեանի նման մեծ Հայ մը  (որոնց գործունէութեանց մասին տակաւին շատ պիտի անդրադառնանք) գաղափարը յղացած էր իր հրաւէրով դէպի Հայաստան լրագրական այցելութիւն մը կազմակերպել մասնակցութեամբ Լիբանանցի լրագրողներու եւ մետիայի պատասխանատուներու:

Սոյն ձեռնարկը յաջողեցնելու համար ամիսներ առաջ Պէյրութ այցելած էր 100 Lives-ի Մետիայի եւ Հանրային Յարաբերութեանց  տնօրէնուհի՝ Տիկին Զարա Նազարեանը, որուն հետ ատենին հաճոյքով հանդիպեցանք «Զարթօնք»-ի խմբագրատան մէջ: Տիկին Նազարեանը Պէյրութ եկած էր ծրագրին մասին ծանօթութիւններ տալու եւ հաւանական մասնակիցներու հանդիպելու,  որոնք այս հրաւէրով պիտի այցելէին Հայաստան իրենց տպաւորութիւններուն մասին գրելու կամ յատուկ հաղորդակցութիւններ պատրաստելու իրենց աշխատակցած մամուլին եւ մետիային մէջ Հայաստանի տեսարժան եւ զբօսաշրջիկական վայրերը ծանօթացնելու ոչ Հայ հանրութեան, մէկ եւ յստակ նպատակակէտով՝ նպաստել Հայատանի տնտեսութեան զարգացման, որ արդէն սրբազան առաքելութիւնն է IDeA-ին:

Տիկին  Զարա Նազարեանին Պէյրութ այցելութենէն ետք Հայաստան այցելութեան մասնակիցներուն մէջ շնորհակալութեամբ յարմար նկատուած էր ի պաշտօնէ նաեւ ներառնել զիս, որուն սիրով ընդառաջեցի:

Անցնական պտոյտով թէ ի պաշտօնէ բազմիցս այցելած եւ եղած եմ Հայաստան, սակայն այս մէկը ունէր իր առանձնայատկութիւնը եւ ուրոյն առաքելութիւնը, որն էր՝ սատարել Հայրենիքի զարգացման գործին:

Արդարեւ երէկ՝ Երկուշաբթի 27 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան Լիբանանի մամլոյ զանազան հաստատութիւններու ներկայացուցիչ պաշտօնակիցներու հետ ուղուեցանք Հայաստան 5 օրեայ յստակ առաքելութեան մը համար: Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի» Միջազգային Օդակայանէն Լիբանանեան Միտլ Իսթ  օդանաւային ընկերութեան հաճելի եւ հանգստաւէտ՝  նուազ քան 2 ժամնոց թռիչքով, որ ատենէ մը ի վեր մեր սրտին մօտիկ երկու մայրաքաղաքները իրար կը կապէ,  հասանք Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը, ուր մեզի դիմաւորելու եկած էր IDeA-ի եւ 100 Lives-ի աշխատակիցներէն՝ այնքան ազնիւ ու բարեսիրտ Ստեփանը, որմէ իմացանք, որ ան մեր յաջորդող օրերուն ուղեցոյցը պիտի ըլլայ:

????

Շուտով Գարմէնը, Մոնան, Նաժիան, Մարլէնը, Ֆաթիման ու այս տողերը գրողս յատուկ փոխադրակառքով եւ անոր ազնիւ վարորդին օգնութեամբ տեղափոխուեցանք «Պանդոկ Երեւան» ճաշարան, ուր հակառակ ժամը շատ ուշ ըլլալուն մեզ կը սպասէին Տիկ. Զարա Նազարեանը եւ մեզմէ քանի մը օր կանուխ Երեւան հասած մեր պաշտօնակից՝  Շիրազ Ճէրէճեանը, միասնաբար ունենալու համար Հայկական ճաշերով պատրաստուած ընթրիք մը, որոնց համով ու տեսքով այնքան գոհ էին մեր Լիբանանցի արաբ պաշտօնակիցները:

20150727_232530

Աւարտին ժամն էր մեկնելու մօտակայ Օփերայի կառոյցին անունը կրող «Օփերա Սուիթս» շքեղ պանդոկը, որուն մուտքին մեզ կը սպասէր Հայկական պտուղներու հիւթով հիւրասիրութիւն մը: Մինչ մեր առանձնասենեակներուն մէջ գտանք մեզ հիւրասիրող հաստատութիւնները մեզի աւելի եւս ծանօթացնող գրքոյկներու օգտակար շարք մը:

????

????

Բծախնդրօրէն պատրաստուած 5 օրեայ ծրագիրը , որուն ընթացքին պիտի այցելենք Հայաստանի հեռու թէ մօտիկ շրջաններ, ծանօթանալու մեր Հայրենիքին պատմական հնութիւններուն, բնութեան, կենդանական աշխարհին, եւ տեսարժան վայրերուն ինչպէս նաեւ Հայ ժողովուրդի դարաւոր մշակոյթին, զանոնք մեր կարգին աւելի եւս ծանօթացնելու հանրութեան ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի ոչ Հայ հանրութեան:

Շար. 1

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին