Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Սպանիոյ Մէջ Հայ Եւ Սպանացի Ժողովուրդներու Բարեկամութեան Նուիրուած Խաչքար Տեղադրուած Է

Յուլիս 9-ին Պուենթէ Խենիլի (Քորտոպա) մէջ տեղի ունեցած է հայ եւ սպանացի ժողովուրդներու բարեկամութեան նուիրուած խաչքարի բացման արարողութիւն` դեսպան Աւետ Ադոնցի, Պուենթէ Խենիլի քաղաքապետ Էսթեփան Մթրալես Սանչեսի, Սպանիոյ եւ Փորթուկալի մէջ հայրապետական պատուիրակի ընդհանուր փոխանորդ Հայր Սասունի եւ հայ համայնքի մասնակցութեամբ: Խաչքարը տեղադրուած է Պուենթէ Խենիլի կեդրոնական «Parque de los Pinos» զբօսայգիին մէջ, կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳՆ-ն:

Դեսպան Ադոնց իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձած է հայ-սպանական յարաբերութիւններու պատմութեան, ներկային, կարեւոր համարած է խաչքարի տեղադրումը յատկապէս այս տարի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետին եւ մտայաղացման հեղինակներուն` կատարած աշխատանքին համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին