Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

ՆՇՄԱՐ

Գ. Տէրտէրեան

«Տիրամայր Մարիամ»ի Մզկիթը Թարթուսի Մէջ

Աւելի քան տասը տարիներ առաջ, «Զարթօնք»ի մէջ կը գրէի ուրիշ նշմար մը՝ «Յիսուս Որդի Մարմիամի» մզկիթ Սայտայի արեւմուտքին խորագիրով:

Յիսուս եւ Մարիամ երբ կը մեծարուին իսլամական մզկիթներու մէջ, սա կը նշանակէ թէ՝ ոչ միայն իսլամ-քրիստոնեայ բախումը բռնազբօսիկ է եւ անյարիր է իսլամի ուսմունքին, այլեւ՝ աւելի մեծ ուժգնութեամբ դատապարտելի է միջ-իսլամական բախումը Սիւննիթ- Շիիթ տարազով, որ հետեւանքն է կրօնքը քաղաքական հաշիւներու ծառայեցնելու շահագրգռութեան, զոր այսօր կը հետապնդէ ամերիկեան կայսերական քաղաքականութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ Աֆղանիստանի պատերազմէն ի վեր, եւ որպէս հեռահաս ստրատեգիա Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ստեղծած է իսլամական Սիւննիթ պետութիւնը՝ Տաէշ, որ քանդիչ պատերազմ հռչակած է Միջագետքի քաղաքակրթութեան ժառանգին դէմ…:

Մեր համեստ կարծիքով՝ Տաէշի բարբարոսութիւնը սանձելու համար, բիրտ ուժի աւելի ազդու վայրագ միջոցներէ աւելի արդիւնաբերը՝ կրօնական մոլեռանդ խաւարամտութեան ստեղծած սեւաթուխպ ամպերն ու միգամածութիւնները փարատելու եղանակն է, որ երէկ՝ տասնամեակ մը առաջ գործածուած էր Սայտայի մէջ, եւ Ուրբաթ 5 Յունիս 2015ին գործածուեցաւ Թարթուսի մէջ, բացումը կատարելով «Տիրամայր Մարիամի» մզկիթին:

Մուհամմէտի քարոզած իսլամ կրօնքը բնաւ պատերազմ չէ հռչակած քրիստոնէութեան, ոչ իսկ յուդայականութեան դէմ, ընդհակառակը, օրինակելի հանդուրժողականութեամբ՝ երեք կրօնքները համարած է հաւասարապէս միաստուածեան կրօնները եւ հետեւաբար ալ  այս երեքը ըրաւ հանդէպ օգնութեան եւ պաշտպանութեան պարտական դարձնելով: Իսլամի պատերազմը ուղղուած է բացառաբար հեթանոսութեան դէմ:

Տաէշի շղթայազերծած կրօնական պատերազմը, ինչպէս նաեւ Միջին դարերուն Եւրոպայի միջ-քրիստոնէական «հարիւրամեայ» եւ «երեսնամեայ» պատերազմները բնաւ կապ չունին իսլամի եւ քրիստոնէութեան մաքրամաքուր սկզբնաղբիւրներուն հետ, այլ հետեւանքն են երկուքին քաղաքականացումին եւ էսթապլիշմէնթացումին, կրօնք չարաշահելով քաղաքական յարձակողական վայրի նպատակներու ի սպաս…: Պատմութեան ծանօթ են նաեւ հակա-էսթապլիշմէնթացումի տասնեակներով ժողովրդական ու գիւղացիական յեղափոխական շարժումները, որոնց շարքին՝ հայկական թոնտրակեան շարժումը, իսլամական ֆալամիթաներու շարժումը եւ եւրոպական բողոքականութիւնը:

16րդ եւ 17րդ դարերուն, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Հոլլանտայի եւ Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած կրօնական «հարիւրամեայ» եւ «երեսնամեայ» պատերազմները նոյնքան գազանավայել ու բարբարոսային էին, որքան ներկայիս Տաէշի շղթայազերծած պատերազմը:

Կրօնական մոլեռանդութիւնը վայրի բնազդական բնոյթ ունի եւ բացարձակ կապ չունի մարդկային բանականութեան հետ, եւ հետեւաբար կոյր ուժ մը ունի, զոր չարաչար կ’օգտագործեն չար ծրագիրներ հետապնդող յարձակողական մեծ տէրութիւնները նուաճողական նպատակներու համար…: Այս իսկ է պատճառը, որ նուաճողական պատերազմներ հրահրող տէրութիւնները կ’օգտագործեն ցեղային կամ կրօնական մոլեռանդութեան կոյր ուժը, որ առաւել ահագին է եւ ահաւոր քան՝ միւս սովորական միջոցները: Այս կոյր ուժը աւելի կործանարար է եւ ահարկու քան քաղաքական կամ դասակարգային պայքարի միջոցները, որոնք կապ ունին մարդկային բանականութեան ու գիտակցութեան հետ, որոնք կ’ընդունին վիճարկումն ու առարկութիւնը, եւ հետեւաբար կը տկարացնեն կոյր ուժի վայրագութեան թափը:

16րդ եւ 17րդ դարերուն Եւրոպայի քրիստոնեայ հասարակութեան մէջ յանուն Աստուծոյ եւ Աստուծոյ փառքին համար կրօնական մոլեռանդութեան զէնքը չարաշահող տէրութիւնները, երբ շղթայազերծած են կոյր ուժը, այդ ուժին գործած խենէշ ոճիրներէն արձանագրուած են, օրինակ, հետեւեալ արարքները.-

1.- Հերետիկոս նկատուած անձը ողջ-ողջ դիմազեղծել… քանի որ ան պէտք չէ նմանի Աստուծոյ պատկերի…: Անոր դէմքը պէտք է նմանի սատանայի դէմքին: Ուրեմն պէտք է փորել անոր երկու աչքերը ողջ-ողջ, զանոնք վերածելով երկու կարմիր՝ արիւնաթաթախ խորոչներու, քանի որ սատանային աչքերը կարմիր են… նաեւ՝ ողջ-ողջ կտրել անոր գիթը, ականջները ու շուրթերը…:

2.- Հերետիկոս նկատուած անձին ողջ-ողջ պէտք է կղպանք կերցնել, քանի որ ան կը մերժէ հաղորդութիւն (ճաշակել) առնել…:

3.- Հերետիկոս նկատուած կնոջ՝ ողջ-ողջ բունոցին մէջ պէտք է կենդանիներու կոտոշներ խրել…:

«Հերետիկոս»ը ողջ-ողջ չարչարելու եւ այդպիսով մեռցնելու մեթոտը այսօր կը գործածեն նաեւ Տաէշի բարբարոսները երեք եղանակներով.

1.- Զոհերուն մարմինները հրկիզել իրենց ողջութեան

2.- Զանոնք ողջ-ողջ թաղել մինբեւ վիզը հողին տակ

3.- Զանոնք ողջ-ողջ թաղել մինչեւ վիզը պեթոնի մէջ…:

Մօտիկ անցեալին, Լիբանանի ներքին թայֆէական պատերազմի օրերուն, այս մեթոտը նաեւ գործածեցին այս անգամ քրիստոնեայ խաչակիր բարբարոսները երկու եղանակներով՝

1.- Պաղեստինցի «հերետիկոսները» ողջ-ողջ մինչեւ վիզը թաղել պեթոնի մէջ

2.- Պաղեստինցի «հերետիկոսները» ողջ-ողջ կապել զինուորական կառքերու «պոչ»ին, եւ զանոնք ողջ-ողջ քաշկրտել հողին վրայ, բնակուած թաղերու փողոցներու երկայնքին ու լայնքին մինչեւ որ «սատկին»…: Այդ խաչակիր բարբարոսները նոյնը ըրին, օրինակ Ռըմէյլի հայահոծ թաղին փողոցներուն մէջ, ոչ թէ պաղեստինցի «հերետիկոս»ի մը, այլ Լիբանանցի հայ քրիստոնեայ «հերետիկոս» նահատակ Հրաչ Արամի Գազանճեանին…:

Այս բոլոր ոճիրները գործադրուեցան նաեւ շնորհիւ այն առասպելին, թէ վերջին ահեղ դատաստանի օրերը կը մօտենան, եւ ամէն «հաւատացեալ»՝ իր փրկութիւնը ստանալու համար Աստուծմէ, պէտք է աշխարհը մաքրագործէ «հերետիկոս»ներէն…:

Այսօր ալ Տաէշը եւս կը խօսի վերջին ահեղ դատաստանի օրին մօտալուտ ըլլալուն մասին՝ իր մոլեռանդներու շարքերը բազմացնելու համար, թելադրելով աճապարել եւ «հերետիկոս»ներ սպաննել՝ արժանանալու համար դրախտի հուրի-բերիներուն…:

Հոս տեղին է յիշել, թէ մեր իմաստուն Թոնտրակեցիները կը մերժէին նաեւ վերջին ահեղ դատաստանի եւ դրախտի ու դժոխքի առասպելները, վստահաբար կանխատեսելով, որ այս առասպելները կրնային դուռը բանալ ոճիրներու եւ աղէտներու…:

5 Յունիս 2015 թուին, Թարթուսի «Տիրուհի Մարիամ»ի մզկիթը առաջին ապտակը տուաւ Տաէշին եւ զայն հովանաւորողներուն: Անոնց երկրորդ ապտակը տրուեցաւ 7 Յունիս 2015ին, երբ նոր-օսմանական սիւննիական Թուրքիոյ սուլթան Էրտողան Ա.ի ռեժիմը տապալեցաւ շնորհիւ PKK-ի քաղաքական թեւին՝ ժողովուրդներու դեմոկրատական ADP կուսակցութեան յաղթանակին:

2015 Յունիս 5 եւ 7 օրերը յաղթանակի օրեր հանդիսացան աշխարհի բոլոր կրօնական ու ցեղային մոլեռանդութեան հակառակորդ ժողովուրդներուն համար, ներառեալ հայ ժողովուրդին, յոյսի եւ լոյսի շողերով պայծառացնելով մեծ եղեռնի դարադարձի 2015 թուականը եւս, մեզ առաւել լաւատես դարձնելով մեր հողային պահանջատիրութեան ապագային նկատմամբ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին