Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Վերջին Հրաժեշտ Երջանկայիշատակ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին

28 յունիս 2015, կիրակի երեկոյեան ժամը 4-ին հաւատացեալներու բազմութիւն մը եկած էր Աւետման Սրբոյ Կուսին եկեղեցին իր վերջին հրաժեշտը տալու երջանկայիշատակ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, որուն մարմինը ամփոփող դագաղը հիւանդանոցէն հանդիսաւոր թափօրով, քահանայ հայրերու կողմէ ուսամբարձ փոխադրուեցաւ մինչեւ եկեղեցւոյ մուտքը ուրկից յանձն առնուեցաւ եպիսկոպոս հայրերուն կողմէ եւ զետեղուեցաւ խորանին դիմաց:

Տան կարգի արարողութեան յաջորդեց հանդիսաւոր սուրբ Պատարագը զոր մատուցանեց Պատրիարքական կառավարիչ Արհիապատիւ Գրիգոր եպիսկոպոս Կապրոյեան, մասնակցութեամբ արհիապատիւ եպիսկոպոսներուն, գերյարգելի, գերապատիւ եւ արժանապատիւ քահանաներուն: Պատարագին ներկայ գտնուեցան ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եունան Պատրիարքը իր հետ ունենալով ասորի կղերականներ: Ներկայ էին նաեւ ներկայ եւ նախկին պետական երեսփոխաններ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազոր Դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան:

Յընթացս սուրբ Պատարագին քարոզեցին արհիապատիւ Գրիգոր եպիսկոպոս Կապրոյեան՝ հայերէն եւ արհիապատիւ Յովհաննէս եպիսկոպոս Թէյրուզեան՝ արաբերէն:

Պատարագի աւարտին հաւատացեալ ժողովուրդը յարգանքով մօտեցան խոնարելու երանաշնորհ Հայրապետի դագաղին առջեւ իբրեւ վերջին հրաժեշտ:

Նշենք, որ վերջին հրաժեշտի այցելութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ Երեքշաբթի 30 Յունիս կէսօրուան ժամը 1:00:

ArmCatholic BatM (131)ArmCatholic BatM (207) 1copyArmCatholic BatM (743) copyArmCatholic BatM (770) copy

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին