Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան Եւ Օծման 20-րդ Տարեդարձ Եւ Համահայկական 6-րդ Խաղերու Ջահավառութիւն

Կիրակի, 28 Յունիս 2015-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, Նահատակաց վերանորոգ յուշարձան -Մատուրէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ Համահայկական 6-րդ խաղերու ջահավառութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի, ՀԵԸ-ի սկաուտութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան վերահսկիչ պալատի եւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորած պատուիրակութեան, կաթողիկոսութեան միաբան հայրերուն, բազմաթիւ հիւրերու եւ խուռներամ ժողովուրդին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ» օրաթերթը:

Ջահավառութեան արարողութեան ընթացքին, մինչ սկաուտութիւնը պատուի եկած էր, ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի Եւ ՀԵԸ-ի շեփորախումբերը յաջորդաբար հնչեցուցին Լիբանանի, Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգները, ապա` «Կիլիկիա» մաղթերգը: Վեհափառ հայրապետը բարի երթ մաղթեց Համահայկական 6-րդ խաղերուն եւ ըսաւ, թէ վստահ է, որ այս համազգային նախաձեռնութիւնը աւելի պիտի միացնէ հայ ժողովուրդի զաւակները իրարու, հաւաքական կեանքին խթան պիտի հանդիսանայ, ժողովուրդի հաւատքը, կամքն ու միասնութիւնը աւելի պիտի ամրապնդէ: Ապա` հանդիսաւոր թափօրը ուղղուեցաւ վեհարան, ուր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը հանդիպում մը ունեցաւ համահայկական 6-րդ խաղերու պատուիրակութեան հետ:

Խօսք առաւ Նորայր եպս. Աշըգեան, որ ըսաւ, թէ այսօր իւրաքանչիւրը հոգեւին կ՛ապրի յուզումի եւ ուրախութեան պահեր` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ընտրութեան եւ օծման 20-րդ տարեդարձին առիթով: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ 20 տարի առաջ միաբանութիւնը, ժողովուրդը եւ եկեղեցին ուրախ էին, որովհետեւ մականը կը տրուէր արժանաւոր անձին: Ապա աւելցուց. «Կիլիկիոյ Ս. աթոռը Գրիգոր Լուսաւորիչի հաստատուն աթոռն է, որ դարեր շարունակ ենթարկուած է փոթորիկներու, աստանդական եղած է, բայց չէ լքած իր ժողովուրդը: Այս աթոռը Տէր Զօրէն անցած ու արհաւիրք ապրելով սրբագործուած է»: Աշըգեան սրբազանը նաեւ ըսաւ, թէ աթոռին փառքը ոչ թէ իր անունին կամ կառոյցին մէջ է, այլ` ծառայութեան: Այս կառոյցը սովորական կեդրոն չէ, այլ առաքելութիւն մը, որ վեհափառ հայրապետին ջանքերով վերածուեցաւ Հայ դատի պաշտպանութեան հզօրագոյն ժայռի:

Նորայր եպս. Աշըգեան ակնարկեց նաեւ վեհափառ հայրապետի քաջաբար կատարած մեծագոյն աշխատանքին, որ է Սիսի կաթողիկսարանի հայութեան վերադարձի պահանջը:

Ապա` աւարտեց խօսքը սրտանց շնորհաւորելով վեհափառ հայրապետը` մաղթելով արեւշատ կեանք եւ Ս. աթոռի պայծառութիւն` Աստուծոյ փառքին եւ հայութեան ամրապնդման ի խնդիր:

Խօսք առաւ նաեւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց իր ուրախութիւնը մասնակցելու վեհափառ հայրապետի օծման ու ընտրութեան 20-րդ տարեդարձին եւ համահայկական 6-րդ խաղերու ջահավառութեան հանդիսաւոր արարողութեան: Ան յայտնեց իր հպարտութիւնը, որ վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ վառեցաւ սփիւռքի ջահը, ապա ըսաւ. «Մեր խաղերու նշանաբանն է` «Միասնութիւն մարզանքով»: Հայ երիտասարդները մարզանքի միջոցով Հայաստան, սփիւռք, Արցախ կապը առաւել կ՛ամրացնեն: Այս խաղերը ապացոյց են, որ մենք միասնաբար կրնանք յաղթել մեր դէմ ցցուած բոլոր մարտահրաւէրներուն»:

Իշխան Զաքարեան նշեց, որ այս տարի սփիւռքէն մասնակից մարզիկներուն թիւը անհամեմատ աճած է, եւ ասիկա կը վկայէ, որ մարզանքը միացնող, հայրենիք բերող ու հայրենիքը ծանօթացնելու լաւագոյն միջոցներէն մէկն է:

Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք կապերու առաւել ամրապնդման նպատակով որոշուեցաւ վառել երեք ջահ, որոնցմէ առաջինը վառեցաւ 8 մայիսին Շուշիի մէջ, որ անցնելով Արցախի եւ Հայաստանի տարբեր քաղաքներէն 2 օգոստոսին պիտի մտնէ Հանրապետական մարզահամալիր, իսկ այսօրուան` սփիւռքի նորավառ ջահը շրջելով սփիւռքի տարբեր գաղութներ, Աւարայրի դաշտի ճամբէն անցնելով 2 օգոստոսին կրկին պիտի մտնէ մարզահամալիր, ուր պիտի վառի նաեւ Համահայկական 6-րդ խաղերու Հայաստանի ջահը:

Զաքարեան իր խօսքի աւարտին նշելով տարիներու ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին մէջ վեհափառ հայրապետին ունեցած մեծ նպաստը, նուէր մը յանձնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին: Տրուած փաթեթը կ՛ընդգրկէր տարբեր լեզուներով հրատարակութիւններ` Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրներուն հետ առնչուող:

Ապա` «Ծաղկազարդ» համախմբումը գեղեցիկ կերպով մեկնաբանեց «Կիլիկիա» մաղթերգը:

Անդրադառնալով վերջին շաբթուան ընթացքին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց. «Այս իրավիճակին մէջ լուռ մնալը ճիշդ չենք նկատեր: Մտահոգ ենք: Մտահոգ ենք, որովհետեւ մեր հայրենիքին հզօրացումը, մեր միասնականութեան ամրապնդումը, մեր ազգային պահանջատիրութեան նոր խայծ, նոր թափ տալու համազգային պահանջը մեր ժողովուրդին համար պէտք է դառնայ համազգային մտահոգութիւն: Հայաստանը միայն հող չէ, Հայաստանը նաեւ ու մանաւանդ ժողովուրդ է իր պետականութեամբ: Մեր սպասումն է, որ Հայաստանի մէջ մեր ժողովուրդին ղեկավարները լսեն մեր ժողովուրդին, հետեւին մեր ժողովուրդին սպասումներուն, կարիքներուն, պահանջներուն: Միաժամանակ մեր սպասումն է, որ մեր ժողովուրդն ալ լսէ իր կողմէ ընտրուած պետականութեան պատասխանատուներուն  մտահոգութիւնները, մօտեցումները»:

Արամ Ա.-ն կոչ է արել, որպէսզի ժողովուրդն ու պետական իշխանութեան ներկայացուցիչները միասնաբար մտածեն ազգի, ժողովրդի ու պետութեան գերագոյն շահերի մասին: «Հայրենիքի հզօրացումը մեր ժողովրդի համար պէտք է ամէն բանից վեր դիտարկուի: Ի՞նչ անել, ի՞նչպէս անել, որպէսզի մեր հայրենիքի պետական հիքմերն աւելի հզօրանան, մեր ժողովրդի կեանքն աւելի բարելաւուի: Մենք բոլորս սփիւռքում եւս պէտք է այդ գիտակցութեամբ առաջնորդուենք», ասել է նա:

Արամ Ա. կաթողիկոս խօսելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին ըսաւ. «Ինչ որ մենք կը կատարենք` իբրեւ հոգեւորական, մեր կոչումին իսկ թելադրութեամբ, մեր սրբազան պարտքն է Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ, ժողովուրդին ու հայրենիքին: Այդ բոլորը մենք կը կատարենք ու պիտի՛ կատարենք` հեռու ամէն տեսակ գնահատանքներէ եւ լուսարձակներէ: Ճշմարիտ ծառայութիւնը ո՛չ մէկ գնահատանքի կարիք ունի: Անցնող քսան տարիներուն ընթացքին ինչ որ մենք փորձեցինք կատարել` իբրեւ շինարարութիւն ու վերաշինութիւն, մեր կեանքի հոգեւոր, բարոյական, իմացական, մշակութային ու ազգային բնագաւառներուն մէջ, մեր նուիրական պարտքն է. եւ այդ պարտքը մենք փորձեցինք կատարել բարձրագոյն աստիճանի գիտակցութեամբ, նուիրուածութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ: Ծառայութիւնը մեր կեանքին ճամբան, որակը եւ սրբազան նպատակն է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր վեհափառ հայրապետով եւ միաբանութեամբ պիտի շարունակէ ծառայական նո՛յն ճամբան` ծառայութիւն Աստուծոյ, մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին»:

Հանդիպումը վերջ գտաւ «Հայաստան Աշխարհ» երգի մեկնաբանութեամբ` «Ծաղկազարդ» համախմբումի անդամներուն կողմէ: Աւարտին ներկաները աջահամբոյրով շնորհաւորեցին վեհափառ հայրապետը` ստանալով անոր օրհնութիւնը:

Հայրապետական Մաղթանք` Արամ Ա. ԿաթողիկոսիԸնտրութեան Եւ Օծման 20-րդՏարեդարձին Առիթով

6-28-15_20-dari

Երէկ` կիրակի, 28 Յունիս 2015-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին, հայրապետական մաղթանք կատարուեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ընտրութեան եւ օծման 20-րդ տարեդարձին առիթով: Հայրապետական մաղթանքի յատուկ արարողութեան ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան հայրեր աստուածաշնչական ընթերցումներու եւ աղօթքներու ճամբով արեւշատութիւն, կորով եւ երկար գահակալութիւն մաղթեցին վեհափառ հայրապետին եւ անսասանութիւն ու բարգաւաճ ծաղկում` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:

Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան: Հայր սուրբը քարոզի ընթացքին անդրադարձաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի 20-ամեայ հայրապետական վաստակի չորս կարեւոր մարզերուն` մշակութային գործունէութիւն, շինարարական աշխատանք, միջեկեղեցական ու միջկրօնական առաքելութիւն եւ ազգային պահանջատիրութիւն, որոնց միջոցով վեհափառ հայրապետը իր հսկայական ներդրումը ունեցաւ եւ անջնջելի դրոշմը ձգեց հայ եկեղեցւոյ ու ազգին հոգեւոր, մտաւոր եւ պահանջատիրական անդաստաններուն մէջ:

Մամլոյ Ասուլիս` Համահայկական 6-րդ Խաղերուն Նուիրուած

6-28-15_tesban-23

Շաբաթ, 27 Յունիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:45-ին, համահայկական 6-րդ խաղերու նուիրուած մամլոյ ասուլիս տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ: Մամլոյ ասուլիսին բացումը կատարեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Ան ողջունեց Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանը եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները, ապա անդրադարձաւ պատուիրակութեան Լիբանան գտնուելու առաքելութեան:  Աշոտ Քոչարեան մեծապէս կարեւոր նկատեց համահայկական 6-րդ խաղերը, որովհետեւ կը համընկնին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման: Ան միաժամանակ բարձր գնահատեց արդիւնաւէտ գործակցութիւնը սփիւռքի տարբեր կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն միջեւ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութիւնը, ինչ որ կ՛ապացուցէ համախմբուածութիւն ու միասնակամութիւն:

Ան խօսքի աւարտին ներկայացուց պատուիրակութեան անդամները, ապա հրաւիրեց Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանը, որ նախ պատմական համառօտ ակնարկ մը ներկայացուց Համահայկական խաղերուն մասին` նշելով, որ համահայկական խաղերը առաջին անգամ տեղի ունեցան 1999 թուականին: Անոնք տեղի կ՛ունենային երկու տարին մէկ անգամ: Ապա հաշուի առնելով սփիւռքի մարզական կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններու աւանդական խաղերը, որոշուեցաւ խաղերը կազմակերպել չորս տարին անգամ մը: Զաքարեան դիտել տուաւ, որ համահայկական 6-րդ խաղերը կը համընկնին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներուն, ինչ որ էապէս կարեւոր կը դարձնէ այս իրադարձութիւնը:

Ան ըսաւ, թէ խաղերը տեղի պիտի ունենան Երեւանի մէջ, բայց որոշ մարզախաղեր տեղի պիտի ունենան Գիւմրիի, Վանայ Ձորի եւ Ստեփանակերտի մէջ, որպէսզի Հայաստանի միւս քաղաքներն ալ ընդգրկուին խաղերուն մէջ:

6-28-15_tesban-24Իշխան Զաքարեան յայտնեց, որ Համահայկական 6-րդ խաղերու կազմակերպման համար ստեղծուած էր պետական յանձնախումբ, որ ամէն գնով աշխատեցաւ հետաքրքրական բովանդակութիւն հաղորդել խաղերուն` պատրաստելով նաեւ գեղեցիկ անակնկալներ:

Ան նշեց, որ այս տարի պիտի վառուի երեք ջահ` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, որոնք կը խորհրդանշեն միասնականութիւնը մարզանքի միջոցով, ապա ըսաւ, թէ 8 մայիսին Շուշիի մէջ վառեցաւ առաջին ջահը Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ, երկրորդը կը վառի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան  Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ, իսկ 2 օգոստոսին Հանրապետական մարզադաշտին մէջ կը վառի երրորդ խորհրդանշական ջահը եւ կը տրուի սկիզբը խաղերուն:

Իշխան Զաքարեան յայտնեց, որ այս տարի Համահայկական խաղերուն մէջ կ՛ընդգրկուին 17 մարզաձեւեր եւ անոնց կը մասնակցին շուրջ 5000 եւ աւելի մարզական պատուիրակութիւններ: Այդ ժամանակաշրջանին կ՛ակնկալուի շուրջ 12 հազար այցելու Հայաստան: Ան նշեց, որ սփիւռքէն պիտի մասնակցին շուրջ 3500 մարզիկներ: Այլ խօսքով, ան ըսաւ, թէ այս տարուան տուեալները կը գերազանցեն նախորդ տարիներու ցուցանիշները:

Ապա, ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, թէ բոլոր տուեալներ կը խօսին, որ Համահայկական  խաղերը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի ամէնէն յաջող միջոցառումներէն մէկն են: Արդէն կայացած են եւ լաւագոյն միջոցն են երիտասարդները հայրենիք բերելու:

Իր կարգին դեսպան Աշոտ Քոչարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ներկայութեան համար, ապա եզրափակեց մամլոյ ասուլիսը ըսելով. «Եթէ նոյնիսկ յաղթանակ չտօնենք, արդէն մասնակցութիւնը յաղթանակ է»:

Համահակական 6-րդ Խաղերու Պատուիրակութիւնը` Այնճարի Մէջ

Շաբաթ, 27 յունիսին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսէն ետք Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները մեկնեցան Այնճար, ուր հանդիպումներ ունեցան գիւղի պատասխանատու մարմիններուն հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին պատուիրակութիւնը ծանօթացաւ գիւղին, անոր մէջ կատարուած եւ ապագային կատարուելիք ծրագիր-աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ անոնք իրենց կարգին ծանօթացուցին Համահայկական 6-րդ խաղերու աշխատանքները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին