Ինքնութեան պահպանում թէ՞ արմատներու վերադարձ: Այս է Համշէնահայութեան այսօրուան մարտահրաւէրը…:
Հ.Բ.Ը.Մ. Հ.Ե.Ը Անդրանիկ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ, ի ներկայութիւն պետական երեսփոխան Շանթ Չինչինեանի, Հ.Բ.Ը.Մ-Ի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամներուն եւ Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու , միութենականներու, մտաւորականներու, մամլոյ ներկայացուցիչներու, Ուրբաթ, 19 Յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Համշէնցիները» խորագիրով դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն հիւր դասախօսն էր համշէնցի մտաւորական Մահիր Էօզքան:
Յանուն կազմակերպիչ մարմնին խօսք առաւ ձեռնարկին գաղափարը յղացող, համշէնցիներու պատմութեան եւ այսօրուան իրավիճակին քաջածանօթ,մտաւորական՝ Կարօ Աբրահամեան: Ամփոփ ներածականով մը, ան նկարագրեց Համշէնի պատմաաշխարհագրական զարգացումները, համշէնցիներու մշակոյթը, դարերու ընթացքին անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները, աւանդութիւնները, հասնելով մեր այսօրուան առօրեային:
Այս առիթով, Կարօ Աբրահամեան յայտնեց, թէ ժամանակն է, որ մեր իրականութիւնը ճանչնայ իսլամացած հայու գոյութիւնը, որոնք պատմութեան արհաւիրքներուն հետեւանքով սփռուած են պատմական Հայաստանի եւ Սեւ Ծովու արեւելեան շրջաններուն մէջ .«Վերջին տարիներուն այժմէական դարձաւ մահմետականաց(ու)ած հայերու գոյութեան հարցը: Կատարուեցան բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ այս խմբաւորումի պատկանող հայերու կրօնական պատկանելիութեան եւ ազգային գիտակցութեան առերեւումին շուրջ: Իրականութենէ խուսափում է հայկական այս խմբաւորումները ամբողջութեամբ պիտակաւորել իբրեւ թաքնուած հայեր, կամ թրքացած հայեր եւ կամ ալ քրտացած հայեր: Ատենն է որ ընդունինք մերկ իրականութիւնը. թէ այսօր գոյութիւն ունի մահմետականաց(ու)ած հայու տիպարը, որ կ’ապրի իր իսկ հողին վրայ:
Ըստ որոշ տուեալներու ներկայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ կ’ապրին գուցէ երկու միլիոն եւ նոյնիսկ աւելի գնահատուող մահմետականց(ու)ած հայերու զանազան խմբաւորումներ: Աշխարհագրականօրէն կեդրոնացած Համշէնի, Տերսիմի, Սասնոյ լեռնաշղթային եւ Վանայ Ծովու շրջանին մէջ:
«Այսօր հաճոյքը ունինք պէյրութահայութեան ներկայացնելու մահմետական հայրենակից մը. ժամանակակից համշէնցիներու զարթօնքի առաջատար անուններէն, մտաւորական, մանկավարժ, հեղինակ՝ Մահրի Էօզքանը». ըսաւ Կարօ Աբրահամեան աւելցնելով, թէ այսօրուան դրութեամբ համշէնցիները կը հաշուեն երկու հարիւր հազար:
Ապա, ամփոփ՝ ներկայացուց օրուան բանախօս Մահիր Էօզքանը:
Ներկաները նախ դիտեցին Համշէնցիներու առօրեան, բարբառը նկարագրող Էօզչան Ալպերի բեմադրած «Մոմի» շարժապատկերը, որմէ ետք Կարօ Աբրահամեան ծանօթացուց Մահիր Էօզքանի հարազատ Համշէնեան բարբառով եւ անձնական յուշերէն մեկնելով, 24 պատմուածքներէ բաղկացած «Համշէնեան Պատմուածքներ – Համշեցնակ Հեքիաներ» խորագիրը կրող գիրքը. Խօսքը տանք Կարօ Աբրահամեանին.« Մահիր Էօզքանի կենսագրական եւ մատենագիտական տուեալները տեղադրուած են ձեր ձեռքերուն մէջ գտնուող յայտագիրին մէջ: Համշէն կոչուած բնութեան կանաչապատ հրաշալիքին մէջ ծնած ու մեծցած Մահիր Էօզքան մայրենին կը սորվի իր մօրմէն՝ Արտելետցի Սութիյէն, իր իսկ բառերով «մայրը ստիպուած հետը կը խօսէր համշէներէն, երբ յոգնէր Թրքերէն խօսելէ»: Իր ընտանիքին մէջ սորված Համշէներէնը այսօր գրական լեզուի մը վերածած հեղինակն է Մահիրը:
Հատորը կը պարունակէ 24 պատմուածքներ: Անոնք մեծ մասամբ անձնական յուշեր եւ իր շրջապատին մասին իրար ընդելուզուած իրապաշտ, աւանդապաշտ եւ վերացական պատումներ են: Գիրքը նուիրուած է հեղինակին մօր՝ «Համշենցիներու Մոմի՝ մայրս Արտելեցի Սութիին, որ հարիւրաւոր տարիներու իր գանձը ինծի փոխանցելով օգնեց որ ես ե՜ս ըլլամ»: Գիրքին կողքին տեղադրուած է Պիլպիլանի սարահարթին վրայ բուրդ մանող համշէնցի մոմիի մը եւ իր թոռան խորհրդանշական լուսանկարը: Գիրքին առաջին 200 էջերուն մէջ հանդիպակաց կերպով դրուած է լատինատառ համշեներէնով եւ անոնց թրքերէն թարգմանութիւնը, իսկ վերջին 120 էջով տրուած հայատառ համշէներէն: Արտաշէս Մարկոսեանի խմբագրութեամբ այս բաժինին մէջ տրուած է համշէներէն բառերու եւ ասացուածքներու հայերէն թարգմանութիւնները, որոնք պարբերաբար կը նուազին, նկատի ունենալով ընթերցողին ընտելացումը համշէներէն բնագիրին հետ:
Հատորին ամբողջութիւնը կը խորհրդանշէ համշէնեան ներկայ իրականութիւնը եւ աշխարհագրութիւնը- թրքերէն բաժինը կը ներկայացնէ արեւմտեան մահմետական թրքախօս համշէնցիները, լատինատառ համշէներէն բաժինը կը ներկայացնէ մահմետական համշէնախօսները, իսկ հայերէն բաժինը կը ներկայացնէ հիւսիսային քրիստոնեայ հայախօս համշէնցիները:
Դրուատանքի ու գնահատանքի արտայայտութիւնները անբաւարար են արժեւորելու Մահիր Էօզքանի սխրանքը, մանաւանդ երբ համշէներէնը սորված է դժուարին պայմաններու տակ. իր մօր իսկ բառերով «քենա՜, ամէն դեղ էրմենիյիմ ասա, ու քեզի գեդրին»: Այս պայմաններուն տակ իր նախնիներուն լեզուին եւ ինքնութեան վերադարձող Մահիր Էօզքանը տակաւին վերջերս ունեցաւ սրտցաւ եւ իրաւացի պոռթկում մը, զոր թարգմանաբար լոյս տեսաւ քաղաքիս «Ազդակ» օրաթերթի 12 Մայիս 2015 թուականակիր համարին մէջ, «Սեւ Ասպած, Մեք Վո՞վ Իք» հայաբարբառ եւ խորաթափանց խորագրին տակ:
Ատենն է որ լսենք Մահիր Էօզքանը եւ համշէներէնով». եզրակացուց Կարօ Աբրահամեան:.
Բանախօս Մահիր Էօզքան նկարներու ցուցադրութեան ընդմէջէն եւ Համշէնի բարբառով անդրադարձաւ Համշէնի պատմական զարգացումներուն: Ան ներկայացուց համշէնահայութեան աշխարհագրական տարբեր բաժանումներու մէջ գտնուող համշէնահայութեան կենցաղը, աւանդութիւնները: Էօզքան ընդգծեց, թէ թէ համշէնահայութեան ստուար մաս մը կ՛ընդունի իր ինքնութիւնը առանց բարբառը տիրապետելու, մաս մը, որ կը խօսի համշէներէն, բայց իսլամութիւնը դաւանած է, իսկ մաս մըն ալ քրիստոնեայ են, որոնք նոյնպէս կը խօսին եւ կը պահեն բարբառը: Այս առիթով ան խօսեցաւ համշէնի գործունէութիւններուն մասին` յիշելով Պոլսոյ մէջ գործող «Հատիկ» միութեան աշխատանքը, «Կոր» ամսագիրը, տարբեր հրապարակումներ եւ մինչ օրս եղած հրատարակութիւնները, «Վովա» երգ ու պարի համոյթը: Վերոյիշեալները մեծ ներդրում կ’ունենան Համշէնի գործունէութիւնը ծանօթացնելու առաքելութեան մէջ: Էօզքան միաժամանակ նշեց, թէ գիւղէն քաղաք գաղթի եւ կենցաղային պատճառներով համշէնի բարբառը կը մնայ վտանգուած եւ կը դասուի կորստեան մատնուող լեզուներուն շարքին: Ան նաեւ ընթերցեց Համշէնի բարբառին մաս կազմող բառերու ցանկ մը, տալով անոնց հայերէն տարբերակը:
Բանախօսը անդրադարձաւ Թուրքիոյ վերջին իրադարձութիւններուն, յատուկ՝ շեշտելէ թէ անոնք կը զարգանան ի նպաստ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ համշէնահայութեան:
Դասախօսութեան ընթացքին ներկաները ունկնդրեցին համշէներէն երգեր, որմէ ետք բանախօսը հերթաբար պատասխանեց ներկաներուն գրաւոր հարցումներուն:
Գնահատելի այս նախաձեռնութեան աւարտին, Հ.Ե.Ը. Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան երախտիքի յուշանուէր մը փոխանցեց մտաւորական Մահիր Էօզքանին: