Հովանաւորութեամբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ նախաձեռնութեամբ ու հսկողութեամբ ՌԱԿ Երիտասարդաց Միքայէլ Նաթանեան ակումբին սկիզբ առաւ նորաստեղծ ՌԱԿ Պատանեաց Շարժումը:
Մարզական եւ ընկերային ձեռնարկներու շուրջ ի մի եկած ՌԱԿ Պատանեաց Շարժումի անդամները պիտի գործեն Պուրճ Համուտի Վահան Թէքէեան Վարժարանի շրջափակէն ներս, ուր վերջերս ունեցան իրենց յատուկ կեդրոնատեղին:
Այս ծիրէն ներս Կիրակի 21 Յունիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին պասքեթպոլի բարեկամական խաղ մը տեղի ունեցաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական խումբին հետ, որ աւարտեցաւ 55-45 արդիւնքով ի նպաստ ՌԱԿ-ի Պատանիներուն:
Բարի երթ Պէյրութի ՌԱԿ Պատանեաց Շարժումին: