Երեքշաբթի, 24. 06. 2025

spot_img

Հալէպի Մէջ Հայ Նահատակներու Յիշատակին Ծառատունկ Տեղի Ունեցած Է

Հալէպի քրիստոնէական թաղամասին մէջ Յունիս 12-­ին տեղի ունեցած է ծառատունկ. տնկուած են 30 ծառեր, որոնցմէ 10-­ը հայ, 10-­ը այլազգի քրիստոնեայ եւ 10-­ը իսլամ նահատակներու անունով: Այս մասին «Արմէնփրես»­ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեանը` աւելցնելով, որ ծառատունկին ներկայ եղած են Հալէպի նահանգապետը, տարբեր կուսակցութիւններու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, Սուրիոյ բնապահպանութեան հայազգի նախարար Նազիրա Սարգիսը:

«Մեծ պաստառի վրայ փակցուած են նահատակներուն լուսանկարները եւ 30 թիւը, ծաղիկներ դրուած են նահատակներուն յիշատակին, որմէ ետք տեղի ունեցած է ծառերու տնկման արարողութիւնը»,-­ նշած է Ռէյիսեան` աւելցնելով, որ նախաձեռնութեան ընթացքին ուժեղացած է շրջանի հսկողութիւնը` խուսափելու համար հնարաւոր միջադէպերէ:

Ռէյիսեանի խօսքով, բարեբախտաբար, ձեռնարկը լաւ ընթացած է, առանց միջադէպերու:

Տեղական լրատուամիջոցները լուսաբանած են զայն: Այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ որոշուած է 30 ծառ տնկել, որմէ 10-­ը հայ նահատակներուն անունով, Ռէյիսեան տեղեկացուցած, որ թիւին մէջ մասնաւոր իմաստ չկայ, պարզապէս նախապէս որոշուած է տնկել 30 ծառ:

Նախապէս ան տեղեկացուցած էր, որ ծառատունկը տեղի պիտի ունենայ Սուրիոյ բնապահպանութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին