Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Գիտէի՞ք Թէ Պաշշար Ասատ Այն Երեք Նախագահներէն Մէկն է, Որոնք Իրենց Երեւան Այցի Ընթացքին Չեն Այցելած Ծիծեռնակաբերդ

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Sevag Hagopian

Յունիսի առաջին օրերուն Դամասկոս մեկնած Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը ընդունած էր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը: Հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Տաճատ Վարդապետեանը յայտարարած է, որ Ասատը հանդիպման ընթացքին խոստացած է, որ Սուրիան մօտ ապագային պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կը գրէ «Սիվիլնէթ»-ը:

Մեզի կը մնայ հարց տալ, թէ ի՞նչու այսքան ուշ տակաւին թէական այս խոստումը եւ տակաւին ի՞նչ կը սպասէ ան այս հայասէր եւ մարդասէր քայլին դիմելու, մինչ Թուրքիան վերջին չորս տարիներուն Սուրիոյ իշխանութեան դէմ կ՛իրականացնէ ուղղակի եւ անուղղակի յարձակում զայն տապալելու նպատակով:

Հակառակ մեր սուրիահայ հոգեհարազատներուն վախի,  թէ անգիտութեան երբեմն ալ հասկնալի պատճառներով ստեղծած առասպելին, թէ Սուրիոյ իշխանութիւնը Հայ ժողովուրդին բարեկամ վարչակարգ է իր հայր ու ապա որդի նախագահներով մէկտեղ,  սակայն եկէք յիշենք, որ Պաշշար Ասատ այն երեք նախագահներէն է,  որ 17-18 Յունիս 2009-ին այցելելով Երեւան, չէ բարձրացած Ծիծեռնակաբերդի բարձունք` Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, մինչ Հայաստանի արարողակարգը կ՛ենթադրէ, որ պաշտօնական այցով Երեւան գտնուող ոեւէ նախագահ պէտք է ծաղկեպսակ կամ ծաղիկներ զետեղէ հոն: Ասատ Հայաստան էր պաշտօնական այցով: Ան անտեսեց Հայաստանի արարողակարգը, քանի որ այդ օրերուն թուրք-սուրիական յարաբերութիւնները իրենց սիրաբանութեան գագաթնակէտին էին, եւ Ասատ չէր կրնար նեղացնել իր թուրք բարեկամները` Թուրքիոյ այն ատենուայ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլն ու վարչապետ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանը…:

Գիտէի՞ք թէ Ծիծեռնակաբերդի բարձունք չէ բարձրացած նաեւ 23 Յուլիս 2012-ին պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած մէկ այլ «բարեկամ» երկրի առաջնորդ Իրանի ատենի՝ այժմ նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատի Նեժատը: Պատճառը հաւանաբար նոյնն էր` չնեղացնել թուրք բարեկամները, նոյնիսկ եթէ կ՛անտեսուի հիւրընկալ երկրի արարողակարգը:

Եւ վերջապէս երրորդ նախագահը, որ եղած է Երեւան բայց չէ բարձրացած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, Թուրքիոյ նախկին ղեկավար Ապտուլլահ Կիւլն է: Վերջինս ինչպէս բոլորիս ծանօթ է, Հայաստան էր Սեպտեմբեր 2008-ին ոչ պաշտօնական այցով, ֆութպոլային դիւանագիտութիւն խաղալու:

Եթէ վերջինին բացթողումը «տրամաբանական» է, որպէս թուրք նախագահ (նաեւ որովհետեւ այցը պաշտօնական չէր), ապա ինչպէ՞ս պէտք է բացատրել առաջինին վարուելակերպը: Մինչեւ ե՞րբ մենք տակաւին պիտի հիւսենք ու հաւատանք անիրական առասպելներու:

Վերջապէս կարիքը կա՞յ յաւելեալ լուսաբանութեան կամ մեկնաբանութեան…: Պարզամտութիւն չէ՞ ամէն գնով իշխանութեան վրայ մնալ ուզող անձէ մը յուսալ անձնական եւ դիւանագիտական նեղ հաշիւներէ հրաժարած ըլլալ՝ յանուն Հայ ժողովուրդի բարեկամութեան:

Ամէն պարագայի ի՞նչ կարելի է յուսալ նախագահէ մը, որ իր բանակին հրահանգ կու տայ պայթուցիկ տակառներ նետելու իր ժողովուրդին վրայ՝ սպաննելով շատերու կարգին նաեւ անմեղ փոքրիկներ ու քարուքանդ ընելով իր իսկ երկիրը…:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին