Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Պաշտօնաթերթ՝ «Խօսնակ»ի Միջդպրոցական «Արտասանական Եւ Նկարչական» Մրցումը

Հ.Բ.Ը.Միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան եւ անոր կից գործող Մշակութային Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, եւ հովանաւորութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնի, Ուրբաթ, 22 մայիս 2015 -ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11.00-ին, մասնակցութեամբ՝ Լիբանանահայ 12 նախակրթարաններու Ե.եւ Զ. կարգերու աշակերտութեանց, տեղի ունեցաւ «Արտասանութեան եւ Նկարչութեան» հետաքրքրական մրցում մը, Հ.Բ.Ը.Մ. – Հ.Ե.Ը.-ի Ահրամճեան Կեդրոնէն ներս:

Այս տարուայ «Արտասանական եւ Նկարչական» զոյգ մրցումները նուիրուած էին Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, որուն մասնակցեցան «Հ. եւ Մ. Արսլանեան Ճեմարան»ի,  Ազգային «Ռուբինեան» վրժ.ի, «Ազգ. Աքսոր Գասարճեան» վրժ.ի,  Ազգային «Աբգարեան» վրժ.ի,  Հայ Կաթողիկէ «Սրբուհի Ակնէս» վրժ.ի, «Հայ Աւետարանական «Գոլէճ»ի,  Հայ Աւետարանական «Կեդրոնական Բարձրագոյն» Հայ Աւետարանական «Թորոսեան» վրժ.ի, Հայ Աւետր. Շամլեան-Թաթիկեան վրժ.ի, Հայ Կաթողիկէ «Հռիփսիմեանց» վրժ.ի, Հ.Բ.Ը.Միութեան «Լ.Կ.Նազարեան» եւ « Պ.Կարմիրեան» վարժարաններու 72 աշակերտ-աշակերտուհիներ:

 Ուրախութիւն էր, որ այտարարուած ժամէն առաջ, Ահրամճեան Կեդրոնի սրահը, լեցուած էր արդէն մրցման մասնակիցներով, ինչպէս նաեւ իրենց ընկերները քաջալերել փափաքող սան-սանուհիներով, որոնք գարնանային զուարթ առաւօտով, երամ-երամ, հաճելի տրամադրութեան մէջ եկած էին, իրենց համբերատար ու նուիրեալ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ:

Բոլորի դէմքերուն վրայ կար գոհունակութեան ժպիտ ու ուրախութեան արտայայտութիւն: Անոնք խանդավառ էին ու անհամբեր,  ու բոլորն ալ կը սպասէին լսելու մրցակիցներու արտասանութիւնները: Սակայն, այս միջոցառման մէջ կար տարբեր գեղեցիկ պատկեր մը. գաղութիս 12 հայկական նախակրթարաններէն բազմատասնեակ ուսանողներ հաւաքուած էին ի մի, եւ անոնք ժրաջան մեղուներու նման կը խօսէին իրարու հետ, կը կատակէին եւ կը ջանային ծանօթութիւն հաստատել իրարու հետ..: Ահա՛ նաեւ «Խօսնակ»ի նախաձեռնութեան նպատակը՝ ծանօթութիւն, բարեկամութիւն եւ գործակցութիւն միաժամանակ:

«Արտասանական Մրցման» համար կազմուած էր «Գնահատիչ Յանձնախումբ» մը, որ կը բաղկանար գաղութիս ծանօթ դերասան-ասմունքողներ՝ Արփի Աւետիքեանէ , Արփի Քարամանլեանէ եւ վաստակաւոր ուսուցիչ Օհան Պոտրումեանէ : Իսկ «Նկարչական մրցման» համար կազմուած «Գնահատիչ Յանձնախումբը կը գլխաւորէր արուեստի վաստակաւոր ուսուցիչ եւ արուեստագէտ՝ Վազգէն Մուղալեան, ինչպէս նաեւ հայրենի ծանօթ արուեստագէտ՝ Հրազդան Թոքմաճեան:

Մրցում ցերեկոյթը սկսաւ պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ Տիկին Անժէլ Միսիսեանի բացման խօսքով: Ան ողջունելով մեր նորահաս սերունդի պատանի ներկայացուցիչները, շեշտեց կարեւորութիւնը նման հանդիպումներու ու միջոցառումներու, որպէսզի փառաբանենք մեր մայրենի լեզուն եւ զայն հնչեցնենք ամէն ժամ: Տիկին Միսիսեան կարեւորեց նման հանդիպումները եւ փափաք յայտնեց որ անոնք շարունակուին ամէն տարի եւ յարատեւեն ապագային ալ՝  ի շահ մեր մշակոյթին, ուր այսօրուայ փոքրիկ արտասանողներն ու նկարողները վստահաբար վաղը, հետապնդուող հոգատարութեան ու խնամքի տակ պիտի դառնան հռչակաւոր ասմունքողներ ու գեղանկարիչներ:

Տիկին Անժէլ Միսիսեանի բացման խօսքէն ետք, հերթականութեամբ սկսան արտասանել մասնակցող վարժարաններու Ե. կարգի ուսանողները: Այս տարի Յանձնախումբը փափաքած էր «պարտադիր արտասանութիւն» դրութիւնը ջնջել եւ արդարեւ աշակերտներ արտասանեցին իրենց նախընտրած ազատ քերթուածները: Ե. կարգի աշակերտներու ելոյթներէն ետք, հանդէս եկան Զ. կարգի ուսանողներ:

Հոս, անվարանօրէն կ’ուզենք ըսել, որ մասնակից  33  աշակերտ-աշակերտուհիներ, բոլորն ալ համարձակութեամբ, գիտակցութեամբ ու խոր ապրումով կատարեցին իրենց մեկնաբանութիւնները, ներկաներուն ներշնչելով  հայաբոյր գինարբուք, արժանանալով թէ «Ժիւրի»ի անդամներուն  եւ թէ ներկայ աշակերտներու գնահատանքին ու բուռն ծափահարութեանց:

Այս առթիւ պիտի ըսենք, որ նշմարելի էր բոլոր վարժարաններէ ներս տարուած բացառիկ հոգատարութիւնը՝ երեւոյթ մը, որ զգալի դարձաւ կատարուած «Արտասանական ու Նկարչական» մրցումներու ժամանակ:

Իսկ երբ Բ. յարկի սրահէն ներս տեղի կ’ունենար քերթողութեան յաջող վազքը, վարը՝ Ա. յարկի վրայ կը կատարուէր գծագրութեան մրցումը, ուր թէ Ե. կարգի եւ թէ Զ. կարգի ուսանողութեանց համար որոշուած էր յանպատրաստից  «Վերածնունդ» նիւթը: Իրապէս հետաքրքիր ու տպաւորիչ էր պարզուող տեսարանը: «Նկարչութեան մրցման» մասնակից  39 ուսանողներ, որպէս փոքրիկ գեղանկարիչներ, մեծ լրջութեամբ կը շարժէին իրենց փոքրիկ մատները՝ թուղթին յանձնելով իրենց երեւակայութեան արգասիքները, գունաւորելով իրենց նկարները..:

Եւ վերջապէս… երբ յաջողութեամբ աւարտեցան թէ՛ ասմունքները ու թէ՛ ալ գծագրութիւնները, ասոնց հետ դադրեցան ծափահարութիւնները ու պահը ստացաւ այլ  պատկեր եւ Տիկին Անժէլ Միսիսեանի փափաքին վրայ, կարգ մը աշակերտներ հանդէս եկան երգով, ու ծաղկեցուցին ցերեկոյթը: Հուսկ ապա, աշակերտներ հեւ ի հեւ սպասեցին զոյգ Գնահատիչ Յանձնախումբերու որոշումներուն՝ տեսնելու համար մրցումներուն արդիւնքները:

Արդիւնքներու յայտարարութեան լոյսին տակ, «Խօսնակ»ի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան նախ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց մասնակից վարժարաններու տնօրէնութեանց, այդ վարժարաններու հայերէն լեզուի եւ արուեստի ուսուցիչներուն, գնահատելով անոնց ազգանուէր ու կրթանուէր առաքելութիւնն ու գործակցութիւնը, եւ ապա ան  շնորհակալութիւն յայտնեց «Ժիւրի»ի անդամներուն, իրենց անկողմնակալ գնահատանքին համար: Ան մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց  «Տէմքօ» հաստատութեան  եւ Ռաֆի Միքայէլեանին,  որոնք գնահատելով հայ գիրն ու մշակոյթը, տրամադրած էին օրուայ  նուէրները: Ան շնորհաւորեց նաեւ բոլոր մասնակիցները, յայտարարելով, թէ այսօր «յաղթող ու յաղթուող չկայ, այլ՝ բոլոր մասնակիցներն ալ յաղթանակած են…  քանի որ ներկայ եւ ասոր նման բոլոր միջոցառումներ նետուած ձեռնոցներ են մեր ոսոխի դէմքին, որովհետեւ, ան, արիւնարբու գազանը 100 տարիներ առաջ կ’ուզէր աշխարհի երեսէն ջնջել հայն ու հայուն անունը, իսկ մենք այսօր կա՛նք ու կը շարունակենք մեր պահանջատիրութեան երթը, որուն դրօշակակիրները դո՛ւք էք, սիրելի աշակերտներ»:

Ապա Համբիկ Մարտիրոսեան շնորհաւորեց թէ՛ Արտասանական եւ թէ Նկարչական մրցման լաւագոյնները եւ անոնց բաժնուեցան արժէքաւոր պարգեւներ՝ Ժիւրիի անդամներու ձեռամբ:

Ըստ «Գնահատիչ Յանձնախումբ»ի որոշման, «Արտասանական մրցման»  բացառիկ նուէր մը տրուեցաւ Ռիթա Գասպարեանին՝ իր գեղեցիկ ասմունքին եւ դերասանական շնորհքին համար: Իսկ Ե. կարգի Առաջին պարգեւի արժանացան՝ Հրակ Լախեան(Ճեմարան.) եւ Համբիկ Մարտիրոսեան ( Հ.Բ.Ը.Մ. Նազարեան վրժ.), Երկրորդ հանդիսացան՝ Սեւան Հայրապետեան (Ազգ. Աբգարեան վրժ.), եւ Ժոէլ Տէմիրճեան (Հռիփսիմեանց վրժ.): Երրորդ հանդիսացան՝ Սերլի Մանուկեան(Թորոսեան վրժ.) եւ Արամ Հանտեան (Ճեմարան): Իսկ Խրախուսանքի մրցանակին  արժանացան Հերմինէ Աբրահամեան (Աբգարեան վրժ.) եւ Էլվիրա Զէյթունցեան (Հայ Աւետարանական Քոլէճ):

Զ.կարգի Առաջին հանդիսացան՝ Սարին Զարմէնեան(Ճեմարան) եւ Սելինա Աբիկեան (Հռիփսիմեանց): Երկրորդ հանդիսացան՝ Պետրոս Աթիքեան (Ազգ. Ռուբինեան վրժ.) եւ Գառնի Քէօշկէրեան (Հայ Աւետրն Քոլէճ.): Երրորդ հանդիսացան՝ Բալիկ Թէքէլեան (Ազգ. Աբգարեան վրժ.)  եւ Նաթալի Մարգարեան (Ազգ. Աքսոր  Գասարճեան Վրժ.): Իսկ Խրախուսանքի մրցանակը ստացան ՝ Կարօ Կիրիթլեան ( Հ.Բ.Ը.Մ. Կարմիրեան վրժ.) եւ Սիլվիա Տէմիրճեան (Ճեմարան):

Գալով «Նկարչական մրցման», Ե.կարգի Առաջին հանդիսացաւ Աբիկ Արփաճեան (Հ.եւ Մ. Արսլանեան Ճեմարան), Երկրորդ հանդիսացաւ՝  Փաթիլ Զարմէնեան  (Ճեմարան),  Երրորդ հանդիսացաւ Զեփիւռ Գէորգեան (Շամլեան-Թաթիկեան), իսկ Խրախուսանքի մրցանակի արժանացաւ Սէրլի Եթիմեան (Հայ Աւետ. Կեդր. Բարձր. վարժ.):

Նկարչական Մրցման Զ.կարգի Առաջին հանդիսացաւԼոռի Պէրպէրեան ( Ճեմարան), Երկրորդ հանդիսացաւ Եարա Եունէս(Հայ Աւտր. Քոլէճ), Երրորդ հանդիսացաւ Յակոբ Ջուլֆայեան(Հ.Բ.Ը.Մ. Կարմիրեան վրժ.): Իսկ խրախուսանքի մրցանակը ստացաւ Յարութ Ղազարեան  ( Ճեմարան):

Եզրակացնելով պիտի ըսենք, որ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը, գնահատելով մասնակցող բոլոր աշակերտները, իւրաքանչիւրին տրամադրեց արժէքաւոր յիշատակի նուէր ու գիրք: Սպասուած հայաբոյր հանդիպումը վերջացաւ խանդավառ տրամադրութեան մէջ, որ վստահաբար իր լաւ տպաւորութիւնը  պիտի ձգէ նորահաս սերունդի մօտ, եւ անոնք ապահովաբար աւելի ու աւելի պիտի սիրեն Մեծն Մաշտոցը, հայերէն լեզուն ու կիրքով փարին մեր ոսկեղնիկին եւ պաշտպանեն զայն ի գին ամէն զոհողութեան:

                                                                                                                       «ԽՕՍՆԱԿ» ԼՐԱՏՈՒ

low 2

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին