Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ճատրակի հաւաքականը պատուաբեր էջ մը եւս աւելցուց վարժարանի մարզական նուաճումներու մատեանին մէջ, երբ Կիակի, 3 Մայիս 2015-ին երրորդ հանդիսացաւ Լիբանանի դպրոցներու ճատրակի ախոյեանութեան մրցումներուն: Մրցումները կազմակերպուած էին Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին կողմէ. կը մասնակցէին լիբանանեան 26 վարժարաններու հաւաքականները:
Մեր վարժարանի աշակերտական խումբին անդամները՝ Նանօր Առնէլեան, Կի Գալուստ, Ճիօ Գալուստ, Ժանտարք Տաւուլպէօքեան, Յակոբ Թերզեան եւ Կարօ Գալֆայեան ցուցաբերեցին վարպետ եւ հնարամիտ խաղ: Անոնց յաջողութեան մէջ մեծ էր դերը ճատրակի ուսուցիչ պրն. Էլի Հուլիշեանին, որ տարիներէ ի վեր կը հետեւի պատանի խաղցողներու պատրաստութեան եւ յառաջդիմութեան:
Այս առիթով, Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը շնորհաւորեց պրոնզէ բաժակակիր աշակերտներն ու անոնց ծնողները, գնահատեց ինչպէս վերջիններուն, նոյնպէս եւ պատասխանատու ուսուցիչին ջանքերը՝ պատանիներու մտաւոր ընդունակութիւնները զարգացնող այս մարզաձեւին շնորհուած ուշադրութեան համար:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ