Նկատի ունենալով որ իւրաքանչիւր աշակերտի բնածին կարողութիւնները առաջնորդելը մեր մեծագոյն նպատակն է, վարժարանիս ուսուցչակազմին, ի մասնաւորի գծագրութեան եւ ձեռային աշխատանքի ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ, Երկուշաբթի 18 Մայիսին, վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահը համախմբուած էինք, միասնաբար ըմբոշխնելու Մանկապարտէզէն մինչեւ Միջն. Գ. դասարաններու աշակերտներուն ստեղծագործութիւնները: Տիկ. Ռիթա Թամուկեան փոխանցեց վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկ. Կալինա Նաճարեանի խօսքը, անդրադառնալով թէ չորրորդ տարին ըլլալով կը ներկայանանք նման ցուցահանդէսով մը, սակայն այս տարի տարբեր եռանգով, որովհետեւ կը զուգադիպի Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակին: Հետեւաբար, յատուկ անկիւն մը տրամադրուած էր սոյն նպատակին համար: Իր խօսքին մէջ տնօրէնուհին անդրադարձած էր, թէ գծագրութեան ու ձեռային աշխատանքի հետեւող աշակերտներուն մօտ դաս սորվելու կարողութիւնը աւելի զօրաւոր կը դառնայ: Վերջապէս ան շնորհակալութիւն յայտնած էր բոլոր ուսուցիչներուն:
Իսկ Ուրբաթ 22 Մայիսին, աշակերտները խանդավառ եկած էին դպրոց, որովհետեւ միայն երեք դասապահ ունենալէ ետք պիտի բարձրանային սրահ ըմբոշխնելու համար «Samaritan’s Purse»ի կողմէ ներկայացուելիք կրօնաբարոյական զուարճալի թատերգութիւնը: ներկայացումին աւարտին աշակերտ ստացաւ տուփ մը լեցուն նուէրներով: Սոյն առիթը ընծայուած էր մեզի նախաձեռնութեամբ հոգաբարձութեան նախկին անդամ՝ Ընկ. Վահէ Արթինեանի: Ապա, աշակերտները իջան բակ, ուր տեղի ունեցաւ մարմնամարզական խաղեր: Թէքէեան խումբը խլեց խաղերուն առաջնութիւնը, իսկ «Basket Ball Match»ը վերջ գտաւ Վահան խումբի յաղթանակով: Իւրաքանչիւր յաղթանակ արձանագրող աշակերտ ստացաւ նուէր մը:
2014 – 2015 տարեշրջանի ատենամարզանքի պահերը իրենց աւարտին հասան «Վերջին Զանգ»ով, որ Հայաստանի մէջ ծնունդ առած սովորութիւն մըն է: Յայտագիրը սկսաւ Միջն. Գ. դասարանի աշակերտներուն սրտայոյզ խօսքերով, որմէ ետք Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացան «Մնաք Բարով Իմ Դպրոց» արտասանութեամբ եւ «Վերջին Զանգ» երգով: Ապա Նախ. Զ. եւ Միջն. Ա.,Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները ներկայացան «Վերջին Զանգ» գեղեցիկ պարով,պարուսոյց Տիկ. Արազ Ագըլեանի առաջնորդութեամբ: Բեմահարթակ բարձրանալով Ծաղիկ դասարանի աշակերտները Միջն. Գ. դասարանի աշակերտներուն նուիրեցին մէկական ձեռային անմոռուկ եւ զանգակ, փոխարէնը ստանալով մէկական կարմիր ծաղիկ: Վերջապէս Միջն. Գ. դասարանի աշակերտները ջահը փոխանցեցին Միջն. Բ. դասարանին, որմէ ետք յաջորդեց կարկանդակի հատումը:
Վերջապէս տնօրէնուհին ի սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ մեր աշակերտները հրաժեշտ տալով իրենց վարժարանին պիտի անցնին կեանքի նոր հանգրուան, յուսալով որ բարձր պահեն վարժարանիս անունը: Իսկ որպէս ժառանգորդները Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի, տէր ու պաշտպան կանգնին մեր նուիրական սրբութիւններուն: Ան իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով աշակերտներուն, թէ ինչ որ ստացան Թէքէեանի կրթական ու հայեցի դաստիարակութենէն աւելիով վերադարձնեն մարդկութեան ու հայ ազգին:
Բեղուն տարեշրջան մը եւս բոլորեցինք: Նորանոր նուաճումներ աձանագրելու վճռակամութեամբ պիտի շարունակենք մեր գոյերթը: