Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Մեծ Եղեռնի Հերոսամարտներէն- Համշէնահայութեան Գոյապայքարը

*ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ*

Մեծ Եղեռնի տարիներուն քիչ չեն թուրքերու դէմ մղուած հերոսամարտները: Ամէն տեղ չէ որ հայերը ոչխարներու պէս հետեւեցան իրենց տրուած հրամաններուն: Քաջարի հայ երիտասարդներ զէնք վերցուցին եւ իրենց գոյութիւնը պաշտպանեցին թուրք թշնամիին դէմ: Ստորեւ զետեղուած Զօրիկ Քեշիշեանի «Մահապարտների Պարը» յուշագիրքին ամփոփումն է: Սոյն Յուշագիրքին մէջ կարգ մը դէպքեր եւ անհատներ յիշուած են նաեւ «Ագ-Տաղի Քառամեայ Գոյամարտը» յուշագիրքին մէջ: Անոնցմէ մեկը կը յիշենք հետեւեալ ձեւով.

[divide]

Կիւլպէնկ Գալուստեանի եւ Նազար Գաբիկեանի հեղինակած «Ագ  Տաղի Քառամեայ Գոյամարտը» յուշագիրքին մէջ  հայդուկապետ Զիլ Օհան կամ Օհաննէս կամ Յովհաննէսի անուան եւ ուրիշ խմբապետներու ու հայդուկներու անուններուն սոյն գիրքիս- Գիրք Զ. էջ 52, 53, 57 եւ 59-ի մէջ կը հանդիպինք:

Նոյն հայդուկապետ անձնաւորութեան անունը` Զիլ Օհան կամ Օհաննէս կամ Յովհաննէս եւ ուրիշներու անուններուն վերոյիշեալ յուշագիրքէն բոլորովին անկախ ուրիշ յուշագիրքի մը մէջ` «Մահապարտների Պարը» խորագրով  հեղինակուած Զօրիկ Քեշիշեանի կողմէ, կը տեսնենք սոյն Գիրք Զ.-ի էջ 218, 219 եւ 220-ի մէջ:

Զուգահեռներ որոնք գերազանցապէս փաստացի տուուեալներ են Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

Զօրիկ Քեշիշեան, «Մահապարտների Պարը», «Վան Արեան» հրատ., Երեւան, 2006, փոքր չափի 194 էջ:

          Հեղինակը` Զօրիկ Քեշիշեանը ծնած է 1934-ին, Աբխազիոյ Գագրայի շրջանի Աչմարդա (Օվա) գիւղը: Մեծ հայրը` Համբարձումը, իր որդւոյն 18-ամեայ Աւագի` հեղինակին ապագայ հօր հետ միասին Տրապիզոնի նահանգի Օրտուի գաւառակի Քիրազ-Տէրէ գիւղէն 1913-ին Աբխազիա գացած է գործով: Ընտանիքին միւս բոլոր անդամները զոհ գացած են Մեծ Եղեռնի կոտորածներուն: Լսելով համշէնցի վերապրողներէ, Զօրիկ Քեշիշեան գրի առած է համշէնահայութեան հերոսամարտին մանրամասնութիւնները եւ հրատարակած է սոյն վէպը, որ հիմնուած է իսկական անուններով հերոսներու եւ դէպքերու վրայ:

Տրապիզոնի նահանգի Օրտուի գաւառակին գիւղերը համշէնահայերով բնակուած էին: Թուրք գիւղացի Ահմէտը դրացի հայկական գիւղէ մը կ’առեւանգէ երիտասարդուհի Արուսեակը: Քանի մը օր ետք Արուսեակ անձնասպան կ’ըլլայ: Անոր եղբայրը` Սեդրակը կ’որոշէ վրէժ լուծել, եւ Ահմէտը դաշունահարելով կը սպաննէ: Սեդրակ լեռները կը փախչի ու Եոքուշ-Տիպի սարին անտառապատ լանջին վրայ գտնուող քարայր մը կ’ապաստանի:

Այս դէպքէն երկու տարի ետք, 1915-ին, կը սկսի հայոց մեծ հալածանքը:

Սեդրակ երկու տարի քարայրին մէջ կ’անցընէ, մերթ ընդ մերթ իր տունը այցելելով: Թուրքերը մարդիկ կը ղրկեն զայն սպաննելու համար, սակայն Սեդրակ անոնց բոլորին հաշիւը կը մաքրէ: Ասոր համար, անոր կու տան Տէլի Սեդրակ անունը:

Սեդրակի բարեկամներէն Կարապետ Վարդանեանը անոր կ’այցելէ ու կ’իմացնէ, թէ իթթիհատականները ամէն գիւղ եւ քաղաք գաղտնի նամակներ ղրկած են` մտադրած ըլլալով հայերը բնաջնջել:

Կարապետ Պօղոսի Վարդանեան ծնած է 1888-ին, Օրտուի գաւառակի Փոմպիգիւղ կոչուող գիւղին մէջ: Հայերն ու թուրքերը զայն «Վաշտոնօղլի» կը կոչէին, որովհետեւ համշէնահայերու բարբառով` «Վաշտոն» Վարդան կը նշանակէ (էջ 4): «…Իրենց խաղաղասէր, հաւասարութեան նուիրեալներ յայտարարող երիտթուրքերը ոչնչով չեն տարբերւում Արիւնոտ Սուլթանից: Նոյնիսկ աւելին կ’ասէի` նրանից ստոր են ու վատը»,- կ’ըսէ Վարդանեան: Ան կ’աւելցնէ, «Որոշել են մեզ աքսորել»: Կարապետ Վարդանեան Սեդրակը իր տունը գումարուելիք գաղտնի ժողովին կը հրաւիրէ:

Օրտուի գաւառակի գիւղերէն Փոմպուկլուզի մէջ կ’ապրէին Մաթոս եւ Լուսիկ ամուսինները իրենց զաւակներով: Կեավուր Ալի անունով թրքացած հայ ոստիկան մը անոնց կը հաղորդէ հայոց կոտորածի եւ բռնագաղթի սարսափելի լուրերը: Ան տեղեակ էր Կ. Պոլսէն շրջանները ղրկուած գաղտնի նամակներուն բովանդակութենէն: Յաջորդ օրը թուրք ոստիկաններ Մաթոսը իր տան մէջ կը ձերբակալեն, ապա բանտ կ’առաջնորդեն. որովհետեւ անոր երէց որդին` Գէորգը բանակէն փախուստ տուած էր ու լեռները ապաստանած: Մաթոսի ձերբակալման օրը, Լուսիկ իր կրտսեր որդին` Մելքոնը Գէորգին քով կը ղրկէ, իմացնելու համար հօր ձերբակալման լուրը եւ լսելու համար յետագայ քայլերուն մասին անոր առաջարկը: Քանի մը ժամուան ընթացքին, Մելքոն Գէորգին քով կ’երթայ ու կը վերադառնայ: Գէորգ խորհուրդ տուած էր գիշերը բոլորով միասին ճամբայ ելլել եւ իր քով գալ: Լուսիկ իր զաւակները առնելով լեռ կը բարձրանայ: Անոնց մեկնումէն քիչ ետք, թուրքերը գիւղին հայ բնակիչներուն վրայ կը յարձակին եւ կը կոտորեն: Անոնք արդէն գիշերը 16-60 տարեկան հայ այրերը հաւաքած ու տարած էին: Թուրքերը Կարապետ Վարդանեանի տունը կը պաշարեն եւ թոյլ չեն տար, որ տան բնակիչները դուրս գան: Կարապետին կինը` Վարդուհին, իր երեխան գրկած, պատուհանէն կը դիտէր գիւղին մէջ կատարուող ջարդերը: Թուրք տասնապետ մը երկու չէրքէզ օգնականներով, ներս կը խուժէ տունը խուզարկելու պատրուակով: Ան կը փորձէ Վարդուհին բռնաբարել: Վերջինս կատաղօրէն կ’ընդդիմանայ: Տասնապետը Վարդուհին ու երեխան կը սպաննէ եւ տունը կրակի կու տայ: Այդ միջոցին, գիւղին կոտորածէն ազատած հայերը բռնի ոյժով հրապարակը կը հաւաքեն` զանոնք աքսորելու համար:

Կարապետ Վարդանեան լեռները կը գտնուէր: Ան Փոմպուկլուզի մօտակայ անտառներուն մէջ կը հանդիպի համագիւղացի Մարտիրոսին: Վերջինս իր կինն ու զաւակները առած` լեռ փախած էր կոտորածի պահուն: Կարապետ Մարտիրոսէն կ’իմանայ ծեծի, կոտորածի եւ խոշտանգումներու լուրերը: Ան կը տեղեկանայ նաեւ իր կնոջ եւ զաւկին նահտակութեան լուրը, ինչպէս նաեւ իր տան հրկիզուիլը:

Գիւղին ձերբակալուած այրերը սպաննուած էին:

Վերադառնալով Լուսիկի ամուսնոյն` Մաթոսի ձերբակալութեան, թուրք տասնապետ մը զայն Կեավուր Ալիին կը յանձնէ որպէսզի առաջնորդէ եկեղեցի… այսինքն,  ըստ նախապէս տրուած հրամանին, զայն սպաննէ: Մաթոս բախտաւոր դուրս կու գայ Ալիին յանձնուած ըլլալուն համար: Վերջինս Մաթոսը մահէն կ’ազատէ: Յարմար մէկ պահուն Մաթոս փախուստ կու տայ ու դէպի լեռը կ’ուղղուի: Եկեղեցիին մէջ հաւաքուած հայ այրերը կը սպաննուին: Մաթոս իրեն հետ կրցած էր ազատել նաեւ համագիւղացի Թեփուլ Թեփուլեանը: Մաթոս կը հասնի իր որդւոյն` Գէորգի հիւղակը, ուր կը գտնէ իր կինն ու միւս զաւակները:

Մաթոս կ’որոշէ իր զաւակները, բացի Գէորգէն, յոյն բարեկամի մը` Խամբոյին տունը տանիլ: Իրենք լեռները պիտի մնային մինչեւ վիճակը պարզուէր:

Կարապետ Վարդանեան իր նահատակուած կինն ու երեխան կ’ողբար: Կացութեան լաւատեղեակ, ան կ’որոշէ թուրքին դէմ զէնք բարձրացնել եւ այս գաղափարին կը համոզէ համագիւղացի Մարտիրոսը: Անոնք կը յիշեն 1895-1896-ին թուրքերուն դէմ զէնք բարձրացուցած եւ կռուած քաջամարտիկ Մինասօղլի Օհաննէսը: Կարապետի եւ Մարտիրոսի առաջին գործը կ’ըլլայ ջարդերէն ճողոպրած հայերը լեռ բերել: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր ուղղութեամբ կ’երթայ` լեռներուն վրայ թափառող հայու բեկորներն ի մի հաւաքելու համար:

Սեդրակի եղբայրը` Սահակը անոր քով կու գայ ու բռնագաղթին մասին կը պատմէ: Երկու եղբայրներ միասնաբար կ’երթան իրենց գիւղը` Մահմատ, որ թէեւ Սեբաստիոյ գաւառին կը պատկանէր, բայց տնտեսապէս կախեալ էր Օրտուի գաւառակի գիւղերէն:

Թուրքերը պարպուած հայկական գիւղերը կը կողոպտեն: Հայոց մեծ մասը բռնագաղթեցուած էր:

Կարապետ Վարդանեան կ’այցելէ վերապրող հայոց` անտառին մէջ, ուր կը հանդիպի համագիւղացի Վարդան Չթճեանին: Մարտիրոս Կարապետին կը յայտնէ, թէ իր խումբը արդէն տասնըհինգ հոգի եղած էր: Վարդանեան քանի մը խմբապետներ իր քովը կը կանչէ` խորհրդակցութեան համար: Ժողովին մէջ ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը կը շեշտուի: Հարկ էր կիներն ու երեխաները ապահով պահել: Անոնց ապաստանած անտառը փոքր ըլլալով, անհրաժեշտ էր ուրիշ վայր մը փոխադրուիլ: Կարապետ կ’առաջարկէ Սալամանտրա կոչուած լայնատարած անտառը երթալ:

Գայա-Տիպի կոչուած գիւղին հայոց բռնագաղթի հրամանը կու գայ: Տասնըեօթը տարեկան Խաչիկ Մաթուլեանը չէր հաւատար թուրքերու տուած խոստումին, թէ զիրենք ապահով ձեւով ուրիշ վայր մը պիտի փոխադրեն: Ան իր մօր կը յայտնէ, թէ բռնագաղթի հրամանին պիտի չհնազանդի ու մօտակայ անտառը պիտի ապաստանի: Ուստի Խաչիկ իրեն հետ քանի մը օրուան պաշար առնելով, անտառ կ’երթայ եւ հոն իր կացարանը կը շինէ հաճարենիի մը վրայ:

Յաջորդ առաւօտ գիւղը տակնուվրայ վիճակ կը պարզէր: Լաց ու կոծ, հայհոյեանք, պոռչըտուք ու վայնասուն իրարու խառնուած էին: Խաչիկ անտառին ծայրամասի ծառերուն ետին պահուըտած, գիւղին բռնագաղթուածներուն կարաւանը կը դիտէր: Ան կը տեսնէ իր մայրը, որ լուռ ու մունջ կը քալէր: Ապա կը տեսնէ գիւղի գեղեցկուհիներէն Սաթենիկը, որ կ’ընդդիմանար Ջոպան Էնվեր անունով թուրքի մը քաշկռտուքներուն: Սաթենիկի մայրն ու քոյրերը ի զուր կը ջանային զայն ազատել հրէշին առեւանգումէն: Վերջապէս, Էնվեր կը յաջողի Սաթենիկը խլել ու անոր հետ կը հեռանայ: Շատ չանցած, Խաչիկ ծառերուն ետեւէն կը տեսնէ Էնվերը, որ, ձեռքին ծրար մը բռնած, հապճեպով կը հեռանար: Կասկած կ’արթննայ Խաչիկի մտքին մէջ եւ ան կը փութայ Սաթենիկը վտանգէ ազատելու: Սակայն ուշ էր: Երբ Խաչիկ կը յառաջանայ դէպի առեւանգման վայրը, զարհուրանքով կը տեսնէ Սաթենիկին յոշօտուած մարմինը: Խաչիկ անտառ կը վերադառնայ:

Սեդրակն ու Սահակը անտառէն կ’իջնեն գիւղ` իրենց տունը: Այդ օրը, թուրքերը կը յայտարարեն, թէ 16-60 տարեկան այրերը պարտին գիւղին եկեղեցիին մէջ հաւաքուիլ «կարեւոր ժողով»ի մը համար: Սեդրակ կ’որոշէ իր երեխան իր թուրք բարեկամ Հիւսէյնին տունը ձգել ու իրենցիններով լեռ բարձրանալ: Իրենցմէ առաջ, Սահակն ու Սեդրակին միւս եղբայրը` Նոյսէսը(հեղինակը “Ներսէս” անձնանունի փաղաքշական ձեւը գործածած է- Յ.Ի. ) լեռ կ’ելլեն: Սեդրակ իր  զաւակը Հիւսէյնին քով ձգելէ յետոյ, կնոջ հետ լերան ճամբան կը բռնէ: Թուրքերը զանոնք կը հետապնդեն ճամբան ու անոնց վրայ կը կրակեն: Սեդրակին կինը կը սպաննուի:

Հարիւր ընտանիք ունեցող Քիրազ-Տէրէ գիւղի հայերուն ալ բռնագաղթի հրաման կը տրուի: 16-60 տարեկան այրերը պարտադիր կերպով  Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պէտք է համախնբուէին` «ժողովի համար»: Սակայն, ո`չ ժողով կար, ո`չ ալ ժողովի նիւթ… Թուրքերը զանոնք ոչնչացնելու նենգ նպատակը կը հետապնդէին պարզապէս: Իրապէս ալ, եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած այրերը նոյն գիշերը մօտակայ անտառները տարուելով` կը սպաննուին: Ապա քանի մը թուրք սպաներու հսկողութեամբ, տուներու մէջ մնացած կիները, երեխաներն ու ծերերը դուրս կը հանուին եւ ոստիկաններու ու չէթէներու ձեռքով կը բռնագաղթեցուին: Թուրքերը զանոնք կը կողոպտեն, կը բռնաբարեն, կ’առեւանգեն, կը սպաննեն ու մինչեւ Սուրիոյ անպատները կը քշեն: Հիւանդները, անկարներն ու ծերերը նախապէս զատելով կարաւանին մէջէն, մարդակերպ հրէշ Ջոպան Էնվերի ոճրագործներուն ձեռքը յանձնած ու սպաննած էին: Աքսորի ճամբուն սկիզբը, թուրքերը կարաւանին մէջի անտէր կիներն ու երեխաները անխնայօրէն ջարդած էին` Քիրազ-Տէրէի մօտակայ անտառին մէջ զանոնք կողոպտելէ յետոյ: Թուրքերը «մորթում էին ու ծաղրում, թէ կեավուրին ո՞վ է իրաւունք տուել ապրելու»,- կը գրէ հեղինակը` Զօրիկ Քեշիշեանը:

Օրտուի գաւառակի գիւղերուն բռնագաղթէն հինգ-վեց օր անցած էր արդէն: Սալամանտրա կոչուող անտառին մէջ Կարապետ Վարդանեանի շուրջը քառասուն վերապրող հայեր հաւաքուած էին: Վարդանեան զանոնք խումբերու կը բաժնէ եւ տարբեր տեղերու մէջ կը պատսպարէ: Հայ պատանիները մեծ դեր կը խաղան ջարդերէն ազատած հայերը Վարդանեանի քով առաջնորդելով: Կիներն ու ծերերը, անտառին մէջ շրջելով, վայրի պտուղներ կը քաղեն, ու զանոնք չորցնելէ յետոյ, իբրեւ ձմրան պաշար կ’ամբարեն:

Խումբերը անզէն էին: Այս հարցը Կարապետ Վարդանեանին մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէր: Որեւէ ատեն, թուրքերը կրնային իրենց հետքը գտնել եւ յարձակիլ: Վարդանեան իր թուրք բարեկամներէն քանի մը հրացան կը ճարէ: Ան կ’իմանայ, թէ թուրքերը որոշած էին բոլոր հայ փախստականները հալածել ու ոչնչացնել:

Գէորգ օսմանեան բանակին մէջ շատ գէշ պայմաններու տակ ծառայած ատեն, ծանր աշխատանքին, անօթութեան ու ծարաւին պառճառով հիւանդացած էր ու փախուստ տուած: Ծնողներուն` Մաթոսի եւ Լուսիկի հոգածութիւնը չէին կրցած զայն մահէն ազատել: Գէորգը կորսնցնելէն յետոյ, Մաթոս օր մը իր երկու որդիները` Մելքոնն ու Առաքելը յոյն բարեկամներու քով կը ղրկէ քիչ մը ալիւր եւ ուտելիք ճարելու համար: Այդ միջոցին, թուրք սպայ մը երկու չէթէներով Մաթոսի եւ Լուսիկի թաքստոց հիւղակը կը պաշարէ: Սպան եւ չէթէները բռնի ոյժով զանոնք դուրս կը հանեն ու Մաթոսը սաստիկ կերպով կը ծեծեն կնոջ աչքերուն առջեւ: Սպան հիւղակը կրակի կու տայ եւ ապա Լուսիկն ալ կը ծեծէ: Երեք վայրենիները Մաթոսն ու Լուսիկը քաշկռտելով կը տանին ու անոնց պատսպարանէն քիչ մը անդին կը սպաննեն:

Խաչիկ օր մը իրենց գիւղը կ’երթայ տունէն քիչ մը ուտեստեղէն բերելու մտադրութեամբ: Երբ ան տուն կը մտնէ, իր 12 տարեկան եղբայրը, որ նոյնպէս Խաչիկ անունը կը կրէր, անկողնին վրայ ուժասպառ պառկած կը գտնէ: Բռնագաղթի հրանանէն ետք, կրտսեր Խաչիկ ոչ մէկ բան կերած էր: Միջնեկ եղբայրն ալ անտառը ապաստանած էր: Երէց խաչիկ իր կրտսեր եղբայրը հետը առնելով դէպի անտառ կ’ուղղուի: Երկու եղբայրները կրտսեր Խաչիկը կը կերակրեն ու հոգ կը տանին անոր: Կրտսեր խաչիկ կ’առողջանայ ու կը կազդուրուի: Շատ չանցած սակայն, երկու թուրք չէթէներ անոնց կը հանդիպին անտառին մէջ: Խաչիկ կը պահուըտի, բայց անոր երկու եղբայրները չէթէներուն ձեռքը կ’իյնան: Վերջիններս երկու մանչերը իրենց հետ առնելով` մօտակայ բլուրը կը բարձրանան: Խաչիկ ծառերուն ետեւէն գաղտնաբար կը հետեւի  անոնց` իր եղբայրները ստոյգ վատանգէն ազատելու մտօք: Սակայն ի զո~ւր…: Պահ մը Խաչիկ կը մտածէ աղաչել ու պաղատիլ չէթէներուն, սակայն … «ումի՞ց ի՞նչ է ուզում խնդրել, խնդրում են մարդուց, ոչ թէ վայրենուց»,- կը խորհրդածէ հեղինակը` Զօրիկ Քեշիշեանը: Երկու վայրենի թուրքերը Խաչիկին մատղաշ եղբայրները անոր գաղտագողի տեսողութեան առջեւ կը գնդակահարեն: Խաչիկ Տէլի Սեդրակին քով կ’երթայ:

Կարապետ Վարդանեան օգնական խմբապետներու` Վարդանի, Յակոբի, Գարեգինի, Սեդրակ Պոստանճեանի, Կիւտիւկ Արթինի եւ ուրիշներու հետ կը խորհրդակցի ու փախստականներուն ապահովութեան համար նոր կարգադրութիւններ կ’ընէ: Ան Եոքուշ-Տիպիի մէջ ապաստանած Սեդրակին կ’այցելէ ու կարծիքներ կը փոխանակեն: Վարդանեանն ու Սեդրակը զէնք ապահովելու եւ ժողովուրդը կերակրելու մասին կը խորհրդակցին: Խօսակցութեան պահուն Գայա-Տիպի գիւղէն Կարապետ Մաթուլեանի որդին` Խաչիկը անոնց քով կու գայ: Վերջինս դառն կսկիծով խնբապետներուն կը պատմէ իր երկու եղբայրներուն  եւ Սաթենիկին ողբերգական վախճանին մասին: Տէլի Սեդրակ յուսադրիչ խօսքերով զայն կը մխիթարէ: Ան կը խոստանայ Սաթենիկը սպաննող Ջոպան Էնվերէն եւ Խաչիկի եղբայրները սպաննող երդու թուրք չէթէներէն վրէժ լուծել:

Տէլի Սեդրակն ու Կարապետ Վարդանեանը մեծ ճիգ կը թափեն անտառներուն մէջ ապաստանած հայորդիներուն ապահովութիւն եւ ուտելիք հայթայթելու համար: Այսուհանդերձ, թուրքերը երբեմն անոնցմէ ոմանք կը բռնէին ու կը սպաննէին:

Վարդանեան Սալամանտրա անտառին մէջ կառուցած էր գլխաւոր հիւղակը, ուր ան բոլոր խմբապետներուն հետ ժողով կը գումարէր: Առաջին ժողովին ներկայ էին, բացի Կարապետ Վարդանեանէն, խմբապետներ Սեդրակ Պոստանճեանը, Կիւչիւկ Արթինը, Մարտիրոսը եւ Վարդանը: Ժողովին ընթացքին յանկարծ ներս կը մտնեն կապաւորներ (սուրհանդակ) Արթինն ու Թեփուլ Թեփուլեանը, որոնք ուրախութեամբ կը դիմաւորուին ներկաներուն կողմէ: Անոնք ձմեռը անվտանգ կերպով անցընելու մասին կը խորհրդակցին: Վարդանեան կ’առաջարկէ կիները, ծերերը, երեխաներն ու հիւանդները դուրս ղրկել օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող տարածքներէն: Մինչ ներկաները յոյս կը յայտնեն, թէ տիրող դժուարին պայմանները կրնան մեղմանալ եւ բարելաւուիլ, Վարդանեան թուրք կառավարութեան հայատեաց եւ ոխերիմ կեցուածքին վրայ կը ծանրանայ, ու կը յորդորէ զանոնք` չսխալիլ այդ մասին: Թրքական «կառավարութիւնը հայերի նկատմամբ կարող է աւելի վատ միջոցներ ձեռնարկել, դրան հաւատացէք, բայց լաւ բան մի` յուսացէք»,- կ’ըսէ ան: Վարդանեան կը հաստատէ, թէ ինք այս տեղեկութիւնները ստոյգ եւ հաւաստի աղբիւրներէ քաղած էր եւ թրքական կառավարութիւնը բնաւ վստահելի չէր կրնար ըլլալ հայոց համար: Ներկաները այն եզրակացութեան կը յանգին, թէ միայն սեփական ոյժին վրայ պէտք է յոյս դնել: Որոշում կը կայացուի, որ Վարդանը, Արթինն ու Թեփուլը ամբողջ անտառը հետազօտեն ձմեռուան համար յարմար ապաստարաններ գտնելու նպատակով: Մարտիրոսն ու Պոստանճեանը պիտի զբաղէին փախստականներու մատակարարման եւ նորեկներուն հարցերով, իսկ Վարդանեանը միջոցներ պիտի գտնէր փախստական կիները, երեխաները, ծերերն ու հիւանդները արտասահման փոխադրելու` բարեկամներու օգնութեամբ:

Այս ժողովէն քանի մը օր ետք, փախստական Յարութիւնը խումբին կը միանայ: Վերջինս Վարդանեանի կ’իմացնէ, թէ Չաքրեան անունով խմբապետ մը քանի մը հոգիով Ունիէի անտառը ապաստանած է: Հոս կը պարզուի, թէ ուրիշ փախստականներ զանազան անտառներու մէջ կայք հաստատած էին: Յարութիւն Վարդանեանի կ’ըսէ, թէ հինգ օր ետք Էլիմ-Տաղ կոչուած գիւղին դիմացի անտառին մէջ բոլոր խմբապետները ժողով մը պիտի գումարեն:

Եւ իսկապէս, Տրապիզոնի նահանգի յայտնի առեւտրականներէն, փախստական դարձած Օհաննէս Զէյթունեանի (շրջապատին մէջ յայտնի էր Զիլ Օհաննէս անունով) հրաւէրով, բոլոր խմբապետները Էլիմ-Տաղ գիւղին դիմացի անտառին մէջ ժողով մը կը գումարեն: Զիլ Օհաննէս ժողովին բացումը կը կատարէ ըսելով, թէ բռնագաղթերէն եւ կոտորածներէն ազատած բոլոր հայերը պէտք է պաշտպանել:

Այս հաւաքին ներկայ կ’ըլլան Օրտուի գաւառակէն Կարապետ Վարդանեանը, Տէլի Սեդրակը, Չարշամպայի գաւառէն` Ակոբոս անուանեալ Յակոբ Քեհեանը, Պելուկ Պաշըն կամ Յովհաննէսը, Ունիէի եւ Թերմէի  գաւառակներէն` Ապիոն Յակոբը, Աւետիս Չաքրեանը կամ Չաքրօղլին, Գարա Խաչիկ անուանեալ Խաչիկ Գարակէօզեանը եւ Զիլ Օհաննէսը: Կ’առաջարկուի տուն ու տեղ պահել եւ  զանոնք պաշտպանելու միջոցներ գտնել: Բուռն վիճաբանութիւններ կ’ըլլան: Ոմանք կ’առաջարկեն գաղթել Եւրոպա, Ռուսաստան, Վրաստան կամ Աբխազիա: Անտառները մնալու պարագային կ’առաջարկուէր զէնք ապահովել եւ պաշտպանուիլ: Ակոպոսը որ օսմանեան բանակին ծառայած եւ 300 հայ զինուորներու ջարդէն մազապուրծ ազատելով խումբին միացած էր, անոնց կը պատմէ իր ոդիսականը.

Թուրքերը հայ զինուորներուն սնունդը օրէ օր պակսեցնելով եւ աշխատանքի ժամերը աւելցնելով ոյժաթափ կ’ընեն զանոնք: Օր մը անոնք 300  հայ զինուոր հաւաքելով կը տանին մօտակայ գիւղ մը, ուր գիւղացիները ամէն տեսակ զէնքերով անոնց վրայ կը յարձակին ու կը կոտորեն: Այս ջարդէն առաջ թուրք հարիւրապետը գիւղացիներուն կ’ըսէ` «Ահա՛ այն զինուորները որոնց պատճառով տանուլ ենք տալիս պատերազմը, կոտորէ ՛ ք, խոշտանգ՛էք բոլորին` ա՛յդ է պահանջում ձեզանից Ալլահը: Մա`հ բոլոր կեավուրներին», ու ձեռքը բարձրացնելով` կոտորածն սկսելու նշանը կու տայ: Ստեղծուած խառնիճաղանճին մէջ Ակոպոսը առանց նկատուելու ինքզինք առջեւ կը նետէ, արագօրէն կամուրջը կը հասնի եւ «Միակ փրկութիւնը գետը նետուիլն է» գոռալով, ջուրը նետուողներէն առաջինը կ’ըլլայ: Չորս ընկերներ անոր կը հետեւին: Բոլորը միասին կը լողան, քիչ մը անդին գետափ կ’ելլեն, ու դէպի Սամսոն կ’ուղղուին: Անօթի ու ծարաւ, անոնք գիշերները կը քալեն եւ ցերեկները կը հանգստանան: Անոնցմէ երեք հոգի քրտական գիւղ մը կը մտնեն հաց ճարելու համար` «հաւատալով մարդկային հոգու խղճին»: Սակայն քիւրտ բնակիչները գամբռերը անոնց վրայ կ’արձակեն ու «շնախեղդ» կ’ընեն զանոնք: Ակոպոսը ողջ մնացած միակ ընկերոջ` Օհանին հետ ճամբան կը շարունակէ: Երկու ընկերները թուրք ձիաւոր մը զինաթափ կ’ընեն ու կը զինուին: Օհանը Սամսոն կ’երթայ, իսկ Ակոպոսը` իր գիւղը` Չաքմաղ: Քիչ մը յառաջանալէ յետոյ, Ակոպոս օդը կը կրակէ: Ան կը լսէ ծանօթ թուրքի մը ձայնը, որ զինք կը զգուշացնէր ու կը տեղակացնէր, թէ մօտակայ անտառը փախստական հայեր կան: Ակոպոս դէպի անտառ կ’աճապարէ: Ողջ մնացած քանի մը գիւղացիներէ ան կ’իմանայ բռնագաղթին եւ ջարդերուն մասին: Ակոպոս քանի մը հայ փախստականներ իր շուրջը հաւաքելով` անտառը կ’ապաստանի:

Այս էր Ակոպոսի վկայութիւնը, զոր ան կը պատմէ հաւաքին ներկաներուն:

Ժողովը կը շարունակուի եւ Զիլը երեք կէտերէ բաղկացած առաջարկ մը կը ներկայացնէ: Առաջին` կիները, մանուկներն ու ծերերը օսմանեան տիրապետութեան սահմաններէն դուրս հանել ձմեռը չսկսած: Երկրորդ` մնացեալներուն համար պաշար հաւաքել: Երրորդ` զինուելու հարցը: Կ’որոշեն զէնքն ու դրամը թուրքերէն խլել: Գործը դժուար էր, բայց` անհրաժեշտ: Վերջին հարցին լուծման պարտականութիւնը կը յանձնուի Գարա Խաչիկին, որ սիրայօժար կերպով կ’ընդունի: Տէլի Սեդրակ կռուելու պատրաստ էր եթէ զէնքերը ապահովուէին: Բոլորն ալ, ոգեւորուած, համարձակօրէն գործի կ’անցնին:

Ատեն մը ետք, Կարապետ Վարդանեան կը յաջողի Օրտուի գաւառակի փախստականներէն փոքր մաս մը նաւերով Ռուսիա եւ Աբխազիա հասցնել: Այրերը կը յամառին մնալ իրենց հողին վրայ ու պաշտպանել զայն: Գիշեր ու ցերեկ, անոնք կեանքի դժուար պայմաններու տակ թրքական յարձակումներուն դէմ կը պայքարին: Վարդանեանի խումբը յունական Եայլաիւզ գիւղին բնակիչներէն զէնքեր կը ճարէ: Թրքական կառավարութիւնը այս իրողութեան կը տեղեկանայ եւ զինեալ ջոկատ մը կը ղրկէ հայ ֆետայիները ոչնչացնելու համար: Երկուստէք հրացանաձգութիւն կը սկսի: Վարդանեան հայ մարտիկները կը խրախուսէ: Թուրքերը չհասած` ան իր 70 կռուողները երեք խումբի բաժնած էր: Երեք խումբերը կը պաշարեն թրքական ջոկատը ու յանկարծակի հարուած կու տան անոր: Թուրքերը խայտառակ պարտութիւն կը կրեն ու կը ցրուին: Հայերը միայն երեք վիրաւոր կ’ունենան:

Էնվեր անունով թուրք հովիւ մը Տէլի Սեդրակին կը տեղեկացնէ, թէ երկու զինուած թուրքեր զայն կը փնտռեն: Ասիկա իր տղոց իմացնելէ յետոյ, Տէլի Սեդրակ կը ծպտուի հովիւի հագուստներով եւ իր քարայրին մօտակայ բլուրներուն վրայ կը շրջագայի երկու թուրքերը փնտռելով: Ան կը յաջողի գտնել ու սպաննել զանոնք: Այս դէպքէն ետք, Սեդրակ Կարապետ Վարդանեանի հետ կը խորհրդակցի հաւանական յարձակումի մը դէմ դնելու մասին: Երկու մտերիմներուն խօսակցութեան պահուն թուրք մը Վարդանեանին հիւղակը կու գայ եւ անոնց կը յանձնէ նամակ մը, որ թրքական մօտալուտ յարձակման մը մասին կ’իմացնէր: Վարդանեան իր տղոցմէ` Մարկոսին պարտականութիւն կու տայ կապաւոր պատանիներու միջոցով բոլոր խումբերը տեղեակ պահել հաւանական յարձակման մը դէմ պատրաստուելու համար: Այդ իրիկուն, քանի մը խմբապետներ Վարդանեանի հետ ժողով կը գումարեն գլխաւոր հիւղակին մէջ: Վարդանեան 50-60 կիներու ու երեխաներու խումբ մը Աբխազիա ղրկելու կարգադրութիւն մը ըրած էր: Յաջորդ առտու խումբը ճամբայ կ’ելլէ: Քիչ ետք, խումբին ընկերակցող ֆետայիներէն Համբարձումը փութկոտ կը վերադառնայ եւ Վարդանեանին կ’իմացնէ թէ Վարսենիկ անունով կին մը ծանրօրէն հիւանդացած ըլլալով, չէր կրնար քալել: Պահ մը մտածելէ յետոյ, Վարդանեան շատ դժուար ու դաժան որոշում մը կու տայ. ան Համբարձումին կը հրահանգէ ամայի վայրի մը մէջ Վարսենիկը գնդակահարել, որպէսզի թշնամի թուրքին ձեռքը չիյնայ: Քիչ ետք կը պարզուի, թէ Վարսենիկ ինքզինք ժայռէ մը վար նետած ու անձնասպան եղած էր … Համբարձումին վերադառնալէն առաջ:

Այդ միջոցին, թուրքերը Սալամանտրայի անտառին մէջ ապաստանած հայոց վրայ կը յարձակին: Ամբողջ գարունն ու ամառը կռիւներով կ’անցնի: Հայերը ծանր ու դաժան օրեր կ’անցընեն: Ամրան վերջաւորութեան օր մը Վարդանեանն ու քանի մը խմբապետներ գոմի մը մէջ հաւաքուած ատեն թուրքերը կը յարձակին ու զանոնք կը պաշարեն: Քանի մը ժամ կռուելէ յետոյ, Կարապետ Վարդանեանին հնարամտութեամբ, հայերը կը յաջողին թուրք զինուորներուն թիկունքը անցնիլ եւ արդէն իրե՛նք պաշարել զանոնք: Վարդանեան թուրք հարիւրապետին հետ կը բանակցի, եւ թուրքերը կը հեռանան` առանց արիւն թափուելու:

Պայքարի եւ նեղութեան տարիները իրարու ետեւէ կը սահին: Հայ ֆետայիները կը գոյատեւեն եւ ականատես կ’ըլլան Մուսթաֆա Քեմալի բռնութիւններուն: Անոնք կրկին կը պայքարին անկոտրում կամքով: Քանի մը մարտիկներ լեռներէն վար կ’իջնեն եւ Օրտու կը հաստատուին: 1921-ի գարնան քեմալական ոյժերը նորէն կը սկսին հալածել հայերը: «Թուրքը մնում էր թուրք»,- կը հաստատէ հեղինակը` Զօրիկ Քեշիշեանը: Թուրքերը կը ծրագրեն սպաննել Վարդանեանն ու Տէլի Սեդրակը: Ֆետայիներուն մէկ ոտքը անտառն էր, իսկ միւսը` տունը: Անոնք յաճախ իրենց գիւղի տուները կ’երթային:

Երկար հետապանդումներէ ետք, թուրքերը Տէլի Սեդրակը կը գտնեն ու կը սպաննեն: Շրջանին բոլոր գիւղերուն մէջ անոնք հայերը կը հալածեն: Թուրքերը կը սկսին յոյներն ալ ջարդել: Յոյներէն շատերը լեռները կը բարձրանան եւ Կարապետ Վարդանեանի խումբին կը միանան: Թուրքերուն եւ փախստականներուն միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ’ունենան: Օր մը հազարապետ Իրոստոմ (այսպէս է բնագիրին մէջ, հաւանաբար պէտք է ըլլայ` Ռոստոմ- Յ.Ի. ) պէյին լրաբերը` Մահմատը հայ ֆետայիներու մեծաւորին` Վարդանեանին պատգամ մը կը փոխանցէ: Իրոստոմ Վարդանեանը Գայա-Տիպի գիւղին մէջ հանդիպումի մը կը հրաւիրէ: Վարդանեան յաջորդ օրը ֆետայի Մարկոսը հազարապետին քով կը ղրկէ: Վերջինս հայ կռուողներուն կ’առաջարկէրէ իրենց տուները վերադառնալ եւ բնականոն կեանք վարել, խոստանալով չդպչիլ անոնց կեանքին: Սակայն ո՞վ կը հաւատար թուրքին խոստումին: Հայերը բնաւ չէին վստահեր թուրքերուն, ուստի առաջարկը կը մերժուի:

Վարդանեան Մարտիրոսին եւ Մաթուլեանին հետ Գայա-Տիպիի գիւղապետ Համիտին կ’այցելէ եւ անոր կը յայտնէ, թէ բոլոր փախստականները երկրէն դուրս ելած են: Այս ապատեղեկատուութեան նպատակն էր հետապնդումներէ եւ հալածանքներէ զերծ մնալ: Վարդանեան բոլոր փախստականները փոքր խումբերու կը բաժնէ եւ անտառին ձորերուն ու կիրճերուն մէջ կը տեղաւորէ:

Կոտուն գիւղին թուրք իմամը (իսլամ կրօնաւոր), որ նախորդող տարիներուն հայոց դէմ բազմաթիւ ոճիրներ գործած էր ու հալածած էր զանոնք, հայոց համար վտանգ մըն էր տակաւին: Ուստի 1922-ի ամրան, Վարդանեանի հնարամտութեամբ, հայդուկները իմամը կը գերեվարեն ու իրենց քով կը բերեն: Լուրը առագօրէն կը տարածուի Օրտուի եւ Տրապիզոնի մէջ: Վարդանեան յարմար կարգադրութիւն մը կ’ընէ որպէսզի իմամին կինը, որդին եւ երկու սպասուհիները անոր այցելեն ու վստահ ըլլան, թէ ան ողջ է: Թրքական կառավարութիւնը կը զգուշանայ եւ յարձակում չի գործեր` իմամին կեանքը չվտանգելու համար: Վերջինիս հարազատներուն այցելութեան ընթացքին, Վարդանեան կնոջմէն փրկագին կը պահանջէ: Հայդուկները Սաթենիկը ապաննած Ջոպան Էնվերը ձերբակալած էին եւ Վարդանեանի քով բերած: Վարդանեան Էնվերի պատիժը իմամի աչքերուն առջեւ գործադրութեան կը դնէ` ստոր արարածի կեանքին վերջ տալով: Վարդանեան փրկագինը ստանալուն յաջորդ օրը իմամը ազատ կ’արձակէ:

Կարապետ Վարդանեանը իր ստացած փրկագինին գումարը ճանապարհածախսի յատկացնելով, բոլոր ֆետայիներուն եւ փախատականներուն հետ միասին երկրէն դուրս կու գայ: Անոնցմէ մաս մը Աբխազիա, իսկ ուրիշ մաս մըն ալ Ռուսիա կ’երթայ:

1 Մայիս 1923-ի առաւօտեան, 104 հայ ֆետայիները Սեւ Ծովի հիւսիսային ափերուն վրայ գտնուող ռուսական Ատլեր քաղաքին մօտերը` Վեսելոյէ գիւղը կը հասնին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին