Անցեալ ամիս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի առիթով հարիւրաւոր հրապարակումներ եղած են, սակայն անոնցմէ գրեթէ ոչ մէկը չէ նշած, թէ ինչո՞ւ հայերը անպաշտպան եղած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ըստ Tert.am-ի՝ կը գրէ ամերիկեան The Independent Institute վերլուծական կեդրոնի գիտաշխատող Սթեֆըն Հալպրուքը:
Ատոր պատճառն այն էր, կը գրէ ան, որ օսմանեան թուրքերը զանոնք զինաթափած էին, նոյն միջոցը, որ երկու տասնամեակ անց թոյլ կու տար նացիստներուն ստրկացնել եւ սպաննել հրէաները:
Թէեւ այժմ Թուրքիան կը հերքէ Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած շատ մանրամասնութիւններ, պատմաբաններու մեծ մասը կը համաձայնի հիմնական փաստերուն, որոնց շարքին է այն, որ օսմանեան օրէնքներուն համաձայն` յանցագործութիւն դիտարկուած է առանց իշխանութիւններու թոյլտուութեան հայերու հրազէն ունենալը:
Հեղինակը կը նշէ, որ 1915 թուականի տեղահանութեան հրամանագիրը մահապատիժ կը նախատեսէր զինուած դիմադրութեան, ինչպէս նաեւ թաքնուելու կամ ինչ-որ մէկը թաքցնելու հարցով օգնելու համար: Օսմանեան Թուրքիան նաեւ հրամանագիր ընդունած է` հայերէն պահանջելով իշխանութիւններուն յանձնել զէնքերը, այլապէս զէնքի յայտնաբերման պարագային անոնց «խիստ պատիժ կը սպասուէր»:
Օսմանեան զօրքերը այնուհետ անցնելով հայկական քաղաքներով` հրացաններ փնտռած են: Բնակիչները տանջանքներու ենթարկուած են, որպէսզի խոստովանին թաքնուած զէնքերու մասին: Հրամայուած են զանգուածային մահապատիժներ:
Հեղինակը կը նկարագրէ, թէ ինչպէս տեղի ունեցած է նացիստական Գերմանիոյ մէջ հրէաներու զինաթափումը եւ կը նշէ, որ այն պահուն, երբ բոլոր հրէաները արդէն զինաթափուած էին, թակարդը դրուած էր:
Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Հոլոքոսթը միակ դէպքերը չեն, երբ դաժան բռնապետները զինաթափած են իրենց զոհերը եւ այնուհետ սպաննած զանոնք: Նման ռազմավարութիւն օգտագործուած է ստալինեան Ռուսիոյ, Իտի Ամինի օրօք Ուկանտայի եւ Պոլ Պոտի ժամանակ Քամպոճայի մէջ:
«Ամերիկացիները պէտք է յիշեն նման դէպքերը, երբ յաջորդ անգամ Ուաշինկթընը փորձէ սահմանափակել զէնք կրելու իրաւունքները կամ փորձէ պահանջել զէնքի արձանագրութիւն: Պատմութեան հետ չեն վիճիր»,- կ՛եզրափակէ հեղինակը: