Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Ծանօթ Ընկերներ «Զարթօնք»ի Խմբագրատան Մէջ

Երկուշաբթի 11 Մայիս 2015-ին յետմիջօրէին «Զարթօնք»ի խմբագրատուն այցելեց  նախկին լիբանանահայ այժմ ամերիկաբնակ՝ «Զարթօնք»ի նախկին օգնական խմբագիր Ընկ. Հրաչ Սեփեթճեան, որուն կ’ընկերակցէր իր հայրը՝ ծանօթ գրող եւ հրապարակագիր Ընկ. Արամ Սեփեթճեան:

Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ զրուցելու հինէն ու նորէն, ինչպէս նաեւ միասնաբար արծարծելու ամերիկահայ ու լիբանանահայ գաղութները յուզող հարցեր:

Նշենք, թէ Ընկ. Հրաչ Սեփեթճեան ՌԱԿ-ի արեւմտեան Ամերիկայի օրկան՝ «Նոր Օր» շաբաթաթերթի խմբագրական կազմի անդամ է եւ  Լոս Անճելըսի Հ.Բ.Ը.Մ. Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի հայերէն բաժանմունքի վարիչը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին