Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

«Արեւմտահայերէն Ուիքիբետիա»-ի Զարգացման Նպաստող Ծրագիրի Մասնակիցներու Հաւաք

Ուրբաթ, 8 Մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ Աղուերանի մէջ կայացած «Ուիքիմետիա Հայաստան»ի կազմակերպած «Արեւմտահայերէն Ուիքիբետիա»-ի զարգացման նպաստող ծրագիրի մասնակից լիբանանահայ ուսուցիչներու եւ լրագրողներու հաւաքը։

«Զարթօնք» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, «Ուիքիբետիա Հայաստան»ի Լիբանանի համակարգող Րաֆֆի Տէմիրճեան ներկայացուց Լիբանանի մէջ «Արեւմտահայերէն Ուիքիբետիա»-ի զարգացման նպաստող նոր ծրագիրները։ Ան յայտարարեց, որ 2-13 Օգոստոս 2015-ին Լիբանանի մէջ պիտի կայանայ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտներու «Ուիքի» ճամբարը, որուն ծրագրաւորման աշխատանքները արդէն իսկ իրենց աւարտին կը հասնին գալիք օրերուն։

Տէմիրճեան ըսաւ, որ «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամ»-ի համատեղ ջանքերով արդէն իսկ աշխատանքները կը գտնուին գործնականացման փուլի մէջ։ Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային դպրոցներուն մէջ կը ստեղծուի Ուիքիբետիային շուրջ համապատասխան աշխուժութիւն, որ անպայմանօրէն ի նպաստ պիտի ծառայէ Արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման աշխատանքներուն։

Ապա ներկայ ուսուցիչներն ու լրագրողները ծրագիրներուն շուրջ յայտնեցին իրենց տեսակէտները եւ մտահոգութիւնները։ Քննարկուեցաւ Լիբանանի ճամբարի յայտագիրին մանրամասնութիւնները եւ կարելիութիւնները։ Ներկաները հաստատեցին, որ ծրագիրները պէտք է ունենան հետեւողական բնոյթ, որպէսզի ամբողջովին ծառայեն իրենց նպատակներուն։

Այս առիթով, Ուրբաթ, 22 Մայիս 2015-ին, լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդականի ուսուցիչները պիտի հրաւիրուին խորհրդակցական հանդիպումի մը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին