Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՌԱԿ-ի Պատուիրակութիւնը ՀՀ Սփիւռքի Նախարարին Մօտ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներուն մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատուիրակութենէն անդամներ գլխաւորութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Մայք Խարապեանին հանդիպեցան  ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ընկերներ Վարդան Ուզունեան եւ Լեւոն Պըլքեան:

2

Հանդիպման ընթացքին ՌԱԿ-ի ընկերները բարձր գնահատեցին Հայաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով կազմակերպուած բոլոր միջոցառումները և վստահութիւն յայտնեցին, որ անոնք խթան կը հանդիսանան  համայն հայութեան համախմբման ու համազգային նոր ձեռքբերումներու:

ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները նախարարին փոխանցեցին նաեւ Լոնտոնի մէջ իրականացուած եւ յառաջիկային իրականացուելիք ծրագիրներու ու միջոցառումներու մասին մանրամասնութիւններ:

Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուող այլ հարցեր:  

Սփիւռքի նախարարը գոհունակութիւն յայտնեց ՌԱԿ-ի հայանպաստ գործունէութեան համար և յոյս յայտնեց, որ յետայսու ևս կը շարունակուի արդիւնավետ համագործակցութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին