Հինգշաբթի, 05. 06. 2025

spot_img

Ride to Remember: ՌԱԿ Լիբանանի Երիտասարդութիւնը Երկրորդ Տարին Ըլլալով Իւրայատուկ Ձեւով Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Հովանաւորութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնին եւ կազմակերպութեամբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Հայ Իրաւանց Խորուրդի Լիբանանի Յանձնախումբը գործակցութեամբ ՌԱԿ Ուսանողաց Մ. Փորթուգալեան եւ ՌԱԿ Երիտասարդաց Մ. Նաթանեան ակումբներուն  ՙRIDE to REMEMBER՚ խորագրով հեծանիւերով արշաւ մը կազմակերպուեցաւ Պէյրութի փողոցներուն մէջ:

Իր ձեւին մէջ իւրայատուկ այս ձեռնարկը, որ կը նպատակադրէր յատուկ ոճով մը հանրութեան ուշադրութեան յանձնել Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, անոր 100-ամեակը յիշատակելով զուտ հայկական շրջանակէ դուրս եւս, առիթը տալով եւ քաջալերելով նաեւ ոչ-հայ մասնակիցներու միասնաբար յիշատակելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցը` տեղի ունեցաւ Կիրակի, 26 Ապրիլ 2015ին:

Արդարեւ Կիրակի առաւօտեան կանուխ ժամերէն Պէյրութի ծովափին վրայ գտնուող ՙBeirut By Bike՚ի վայրը փութացած աւելի քան 200 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ մասնակցեցան այս իւրայատուկ ձեռնարկին:

Մանրամասնութիւնները յաջորդիւ:

Ձախէն՝ Տոքթ. Ռիչըրտ Գույումճեան, ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ ընկ. Միքայէլ Վայէճեան, ընկ. Սեւակ Յակոբեան
Ձախէն՝ Տոքթ. Ռիչըրտ Գույումճեան, ընկ. Յակոբ Գասարճեան, ընկ. Միքայէլ Վայէճեան, ընկ. Սեւակ Յակոբեան

10356021_736022906515782_2850615074035435016_n

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին