Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեան Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահին Մօտ

Երեքշաբթի 28 Ապրիլ 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 1-ին Ստեփանակերտի իր ապարանքին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղը եւ սփիւռքահայութիւնը յուզող հարցեր: Արժեւորուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առնչուող միջոցառումներուն արդիւնքները:

Ընկեր Խարապեան նախագահին հետ խօսեցաւ  Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն հիմնելու կարելիութիւններու մասին, զայն նկատելով անհրաժեշտ սփիւռքահայութիւնը եւ ի մասնաւորի աշխարհատարած ՌԱԿ-ի շարքերը աւելի եւս կապելու Լեռնային Ղարաբաղին:

Արծարծուեցան Լեռնային Ղարաբաղի ապահովութեան եւ տնտեսական զարգացման վերաբերող կենսահարցեր, մանաւանդ Արցախի մէջ երկրագործական ծրագիրներու թափ տալու եւ այս ծիրէն ներս սփիւռքահայութիւնը ներգրաւելու կարեւորութիւնը:

Ընկեր Խարապեան շեշտեց, թէ Հայաստանի կողքին Լեռնային Ղարաբաղը ունի իր զգացական յատուկ իմաստը իւրաքանչիւր սփիւռքահայու սրտին եւ հոգիին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին