Հինգշաբթի, 14. 11. 2024

spot_img

Տպաւորութիւններ՝ «ԱՆԿՈՉ ՀԻՒՐԸ» Թատերախաղէն. Բեմադրիչ՝ ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ

*ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ*
Aram Sepetjian(1)
Լիբանանահայ թատերասէր հասարակութիւնը, տարի մը առաջ մեծ սիրով ողջուներ էր նորակազմ «Մհեր Մկրտչեան Թատերախումբ»ի անդրանիկ ներկայացումը («Երկու կին, մէկ ամուսին» խորագրեալ), որուն կը յաջորդէ ներկայիս (21 -29 Մարտ 2015, Յ. Տէր Մելքոնեան թատերասրահ) Ակաթա Քրիսթիի « Անկոչ Հիւրը» թտերախաղին ներկայացումը՝ դարձեալ  բեմադրիչ Յարութ Գնդունիի նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ նորակազմ այս թատերախումբի նուիրեալ անդամներուն:
Ակաթա Քրիսթի ( 1890-1976)  համաշխարհային ճանաչումի տէր  բազմատասնեակ գաղտնի ոստիկանական  էպերու հեղինակ մըն է: Իր երկերէն շատեր թարգմանուած են աւելի քան հարիւր լեզուներու: Գրական այս սեռը կ՝արտայայտէ ոչ միայն «ոճիր-արկած»ներուն պահանջած հետաքրքրաշարժ յաջորդական դիպաշարերը, այլեւ արարքներուն բովանդակած «նախա» եւ «յետ» իրարայաջորդ հոգեբանական վիճակները:
         
Ներկայ թատերախաղին հիմնական նիւթը կը հետապնդէ բեմին վրայ գտնուող  անյայտ ոճիրի զոհ Ռիշարին ( դերակատար՝ Յովակիմ Քէշիշեան) սպանութեան հեղինակին բացայայտումը: Ամբողջ պատմութիւնը շարահիւսուած է ոճրագործին  փնտռտուքին համար հիմք ծառայող  բազմաթիւ ենթադրութիւններու յաջորդականութեամբ: Մուտքի կարգով բեմ կը բարձրանան գաղութիս արուեստագէտ դերասանուհի Սարին Խաչիկեան՝ (Ռիշարին կնոջ՝ Լարայի դերով), ապա՝ իրենց հարուստ փորձառութեամբ մեզի ծանօթ դերասան եւ դերասանուհիներ  Սիմոն Եափուճեան (Միշէլ՝ «անկոչ հիւր»ի դերով), Այտա Սրապոնեան (Մարկօ՝ մեծ մօր դերով), Դալար Խաչիկեան (Հիւանդապահուի), Վիգէն Քէօշկերէան (Ֆրանսուա՝ Լարայի որդին), Քրիսթինա Սրապոնեան (ոստիկանապետ Սիմոնէի դերով), եւ բեմադրիչ-դերասան Յարութ Գնդունի (երեսփոխան Ճիւլի դերով) որոնց միացեալ ճիգերով եւ համահաւասար արռանիքներով,  հանդիսատեսը շուրջ երկու ժամ խոր հետաքրքրութեամբ կը հետեւի յղի անակնկալներով լիացած  դէպքերու յաջորդականութեան:
       
Ռիշարին սպանութիւնը կը պատճառաբանուի իբրեւ արդիւնք՝  տարիներ առաջ իր կողմէ  կատարուած ինքնաշարժի  ակամայ վթարի մը վրէժխնդիր «արարքի:Դիպաշարքին՝ կը յայտնուին Բեմին հերոսները, սակայն «բանալի»ն կը գտնուէր Անկոչ Հիւրին մօտ: Դէպքերու զարգացումներուն հետ  կը յայտնուին  «ինքնակամ» կասկածեալներ, որոնցմէ վերջին  զոհը կը նկատուի Ֆրանսուան՝ իր ինքնութեան մէջ անմեղ՝ բայց թերաճ մտայնութեամբ պատանին, երեւոյթ մը, որ «անկոչ հիւրը» կը մղէ կանխամտածուած այս արարքի ինքնաբացայայտման:
Ամէն բեմադրութիւն արդիւնք է բեմական դժուարին պայմաններու: Յարութ Գնդունի՝ իբրեւ թարգմանիչ-բեմադրիչ-դերասան,  յաջողապէս կարողացաւ արժանանալ  հանդիսատեսին արդար գնահատանքին՝ շնորհիւ իր կազմաւորման,փորձառութեան,կարողականութեան եւ յատկապէս՝ իր շուրջ բոլորած դերասանական  եւ քուլիսային արուեստագէտ օժանդակ խումբի անդամներուն: Համակարգումը՝ խմբային աշխատանքի միակ պայմանն է, որ կը պահանջէ ներդաշնակ խաղարկութիւն, վերահսկողութիւն հայերէն լեզուի գէթ ընդունելի մակարդակի,եւ արագ դիմախաղերու հաճելի  արտայայտչականութիւն: Ահաւասիկ՝ ներկայացում մը, որ մեզի վստահութիւն կը ներշնչէ   ապագայի նկատմամբ: Կը յուսանք, որ յաջորդ առիթներով նկատի կ՝առնուին բեմադրուելիք թատերախաղերու «պատգամ եւ իմաստ» հաղորդակցութիւնը հայ հանդիսատեսին մերօրեայ ապրումներուն ու առանցքային մտածողութեան հետ: Տողատակի այս նկատողութեան կրնայ նպաստել բեմական մենախօսութեամբ  կամ երկխօսութեամբ որեւէ ելոյթ, որ պիտի արձագանգէ 2015-ի ԱՆԼՌԵԼԻ մեր ղօղանջներուն: Բարեբախտաբար՝ Թատերախումբը օժտուած է ներկայութեամբը պահանջուած արուեստագէտներու եւ համապատասխան թատերական երկերու:
Կը սպասենք այդ ՕՐուան  գիտակից յանձնառութեամբ:
10920929_813275138707623_5146296855881248894_n
11070175_813271642041306_4098064360895921322_n17304_813274758707661_6819883024151166668_n
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին