*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Ուիքիփետիան բազմալեզու համացանցային ազատ հանրագիտարան է, որ կը ստեղծուի կամաւորներու համագործակցութեամբ: Ան կ՛օգնէ տեղեկանալ մարդկութեան պատմութեան ընթացքին ստեղծուած գիտելիքներու ամբողջ պաշարին: Ան հիմնուած է ամերիկացիներ` Ճիմի Ուելսի եւ Լարի Սանճէրի կողմէ 15 Յունուար 2001-ին:
Այսօրուայ դրութեամբ Ուիքիփետիան աշխարհի ամենամեծ հանրագիտարանն է: Ան օրական կը հարստացուի եւ կը պահպանուի աշխարհի մէջ տարածուած 14 միլիոն մասնակիցներու կողմէ: Ամէն ամիս Ուիքիփետիայէն կ՛օգտուին 500 միլիոնէ աւելի այցելուներ, որոնք կ՛իրագործեն 18 միլիառ էջադիտում: Ուքիփետիան կը բովանդակէ աւելի քան 35 միլիոն յօդուած` 288-է աւելի լեզուներով: Ուիքիփետիայէն անվճար կարելի է օգտուիլ եւ անոր բովանդակութիւնը ազատութեամբ բարեփոխել:
Հայկական իրականութեան մէջ, յաճախ հայերէն տեղեկատուութիւնը համացանցի վրայ բացակայ է կամ անհամեմատելիօրէն աղքատ բաղդատած այլ լեզուներու հետ եւ մենք ստիպուած ենք մեզի հետաքրքրող նիւթը կարդալ այլ լեզուներով:
Համացանցի վրայ հայերէնով տեղեկատուութեան առկայութիւնը լեզուի պահպանման երաշխիքն է: Այս ուղղութեամբ Ուքիփետիայի հիմնադրութենէն ի վեր կային հայկական անհատական նախաձեռնութիւններ, ուր կամաւորներ օրական մօտ 30 հայերէն յօդուածի ներդրումով կը նպաստէին հայերէն Ուիքիփետիայի բովանդակութեան ստեղծման: Վերոյիշեալը կազմակերպելու եւ հայերէն բովանդակութեան ծաւալը ընդլայնելու համար, 14 Մայիս 2013-ին Հայրենիքի մէջ հիմնուած է «Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը, որ կարճ ժամանակի մը մէջ յաջողած է հայերէն լեզուով ընդգրկուած յօդուածներուն թիւը հասցնել օրական աւելի քան 200 յօդուածի:
Մինչ այդ Սփիւռքի մէջ տարիներէ ի վեր ահազանգային դարձած է արեւմտահայերէնի գոյատեւման վտանգը: Այս ուղղութեամբ սակայն ինչպէս հայկական այլ հիմնախնդիրներու պարագային՝ նաեւ այս երեւոյթին նկատմամբ մէջտեղ դրուած են աւելի շատ լոզունգներ քան առնուած են գործնական քայլեր: Ուիքիփետիայի միջոցով արեւմտահայերէնը համացանցային լեզուի վերածելու եւ այդ միջոցաւ նորահաս սերունդին հասցնելու հարցով ամենաօգտաշատ, անզուգական եւ գործնական նախաձեռնութիւն մը վերջերս եկաւ Հայրենիքէն՝ «Ուիքիմետիա Հայաստան»ի նախաձեռնութեամբ, որուն յաջողութեան ի խնդիր իր անսակարկ նպաստը բերաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամը` հովանաւորելով արեւմտահայերէնը փրկելու վերոյիշեալ այս կենսական նախաձեռնութիւնը:
Ըստ «Ուիքիմետիա Հայաստան»ի նախագահ Տիկ. Սուսաննա Մկրտչեանին, Ուիքիմետիան կ՛օգնէ բարելաւել մարդուս շարադրելու, հետազօտելու եւ նոյնիսկ մտածելու ունակութիւնները: Ան կը հաստատէ, թէ «Ուիքիմետիա Հայաստան գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան առաջնահերթ խնդիրներէն է աջակցիլ եւ խթանել համացանցի վրայ հայերէն բովանդակութեամբ եւ Հայաստանի եւ Հայ ժողովուրդի մասին օտար լեզուներով բովանդակութեամբ տեղեկութիւններու զարգացումը` յատկապէս Ուիքիմետիայի եւ քոյր Ուիքի նախագիծերու օգնութեամբ»: Իսկ ինչ կը վերաբերի «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի Ստեղծում եւ Զարգացում» նախաձեռնութեան, Տիկ. Մկրտչեան, որ Մարտ ամսուան ընթացքին այցելած էր Պէյրութ ծրագիրը ծանօթացնելու Պէյրութահայ կազմակերպութիւններուն, աւելցուց, թէ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ստեղծում եւ զարգացում նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, Ապրիլի 3-10, Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի աջակցութեամբ եւ Լիբանանէն Պրն. Ռաֆֆի Տէմիրճեանի համակարգումով, Հայրենիքի մէջ կազմակերպուեցաւ «Ուիքի դասընթացք Լիբանանի հայ համայնքի կրթական հաստատութիւններու եւ մամուլի աշխատակիցներու համար»: Դասընթացքի օրերուն մասնակիցները «Ուիքիմետիա Հայաստան»ի աշխատակիցներ՝ Մհեր Պեքարեանի, Լիլիթ Թարխանեանի, Ազնիւ Ստեփանեանի եւ Դաւիթ Սարոյեանի օգնութեամբ տիրապետեցին Ուիքիփետիան համալրելու գործիքներուն, այցելելով նաեւ Երեւանի Այբ Աւագ Դպրոցը, ծանօթանալու թէ ի՞նչպէս պատանի խմբագիրներ դպրոցական ծրագրի ընդմէջէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերէն Ուիքիփետիայի հայերէն բովանդակութեան զարգացման:
Դարձեալ ըստ Տիկ. Մկրտչեանին, վերոյիշեալ այս միջոցառումին առաջին երկու օրերը զուգադիպեցան Ուիքիմետիա Հայաստանի մէկ այլ նախաձեռնութեան` «Ուիքին Կը Սիրէ Գիտութիւն» վեցամսեայ մարաթոնի 2014-2015 ուսումնական տարուան վերջին երկօրեակի հետ, այդ ընթացքին մէջ Հայաստանի եւ Լիբանանի մտաւորականները միասին հարստացուցին Հայերէն Ուիքիփետիան՝ գրական հայերէնի երկու ճիւղերով գրուած յօդուածներով, կիսելով իրենց գաղափարները հաճելի եւ ընկերային միջավայրի մը մէջ:

Վերը ձախէն՝ Սիլվի Աբէլեան, Ազնիւ Ստեփանեան, Մարօ Շորճեան, Շանթ Տէմիրճեան, Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, Մհեր Պէքարեան, Սեւակ Յակոբեան, Ռաֆֆի Տէմիրճեան եւ Վարդան Թաշճեան:
Այս առիթով հարցախոյզով մը դիմեցինք Ուիքի դասընթացքի մասնակից Լիբանանի հայ համայնքի կրթական հաստատութիւններու եւ մամուլի աշխատակիցներու ներկայացուցիչներուն:
Հարցախոյզի առաջին հարցումն էր` Ձեր կարծիքով որքանո՞վ օգտակար է Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ստեղծումը:
Այս հարցին պատասխանելով Հայ Աւետարանական Գոլէճի կողմէ մասնակից Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան նշեց, թէ. «Շատ օգտակար է, որովհետեւ, հարիւր առ հարիւր հաւաստի աղբիւր չըլլալով հանդերձ, մանաւանդ աշակերտներուն տրուած յանձնարարութիւններուն համար, Ուիքիփետիան առաջին աղբիւրն է որուն կը դիմեն պատանիները եւ երիտասարդները: Արեւմտահայերէն առատ եւ բազմազան յօդուածներու տեղադրումը պիտի օգնէ, որ նոր սերունդը ազատի արեւելահայերէն կամ անգլերէն աղբիւրները արեւմտահայերէնի վերածելու տաղտուկէն: Առաւել, արդի արհեստագիտութեան լեզուի վերածուելով, արեւմտահայերէնը ձեռք պիտի ձգէ լեզուական որակ մը, որ հեռանկարային ծրագիրով, լեզուին պիտի հաղորդէ նոր` արդիական որակ եւ գործածութեան ասպարէզ»:
Իր կարգին, Սահակեան- Լ. Մկրտչեան Վարժարանի կողմէ մասնակից Մարօ Շորճեան յայտնեց, որ. «Ուիքիփետիան ազատ հանրագիտարան է եւ գիտելիքներու շտեմարան: Արեւմըտահայերէն Ուիքիփետիայի ստեղծումը առիթ պիտի տայ սփիւռքահայուն, մանաւանդ սփիւռքահայ աշակերտին, որ արեւմտահայ լեզուով կատարէ իր խոյզերը եւ առաւել եւս ընտելանայ արեւմտահայ լեզուին ու իր ներդրումը բերէ այս աշխատանքին: Հետեւաբար, Արեւմտահայերէն Ուիքիփէտիայի ստեղծումը պիտի սատարէ արեւմտահայերէնի տարածման ու զարգացման»:
Ըստ Հայ Աւետ. Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի կողմէ մասնակից Անի Պիլալեանի` «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ստեղծումը խիստ անհրաժեշտ է: Անոր տարածումով պիտի նպաստենք արեւմտահայերէնի պահպանման»:
Իր կողմէ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի ներկայացուցիչը` Վարդան Թաշճեան նոյն հարցումին պատասխանելով հաստատեց, որ. «Ուիքիփետիան ինքնին հզօր ծրագիր է ազատ գիտելիքի ստեղծման եւ տարածման համար: Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան օգտակար է այնքանով, որ պիտի նպաստէ այդ նպատակին»:
Նոյն հարցով Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի ներկայացուցիչ` Սեւան Դանիէլեան վկայեց ըսելով. «Առաջին հերթին, սրտանց կ՛ողջունեմ Գալուստ Կիւլպէնկեանի այս գովելի եւ այժմէական նախաձեռնութիւնը` Ուիքիփետիա արեւմտահայերէնի ստեղծումը: Զայն խիստ անհրաժեշտ կը նկատեմ, որովհետեւ ստեղծելով ու ճոխացնելով արեւմտահայերէն «Ուիքիդարան»ը, առաջին հերթին զարկ պիտի տրուի արեւմտահայերէնի եւ ապա արեւմտահայերէնով յօդուածները եւս մատչելի պիտի ըլլան բոլորին»: Ան աւելցուց. «Այս նախաքայլը օգտաշատ պիտի ըլլայ ոչ միայն ներկայ սերունդին, այլեւ ապագայ սերունդներուն, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ արեւմտահայերէնի պահպանման»:
Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի ներկայացուցիչը` Մարգարիտ Ազատեան իր կարգին պատասխանելով նոյն հարցումին ըսաւ. «Հայերէն Ուիքիփետիայի ստեղծումը բաւական մեծ կարեւորութիւն ունի մեր իրականութեան մէջ, այս ձեւով կարելի կþըլլայ դիւրացնել` արեւմտահայերէնով պրպտումներ ընել տալ աշակերտներուն, հայերէն յօդուածներ կարդալ տալ եւ այլն»:
Վերջապէս նոյն հարցով, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի ներկայացուցիչ Սալբի Թաշճեան յայտնեց. «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ստեղծումը շատ կարեւոր պահանջ է ներկայ դարուն, երբ օրէ–օր զարգացող արհեստագիտական միջոցներու ճամբով կարելի կը դառնայ արեւմտահայերէնի ուսուցումն ու տարածումը` այս պարագային համացանցի միջոցաւ, երբ արեւմտահայերէնը, իբրեւ լեզու, ենթարկուած է վտանգի, նկատի ունենալով արեւմտահայ հատուածի աշխարհացրիւ պատկերը»:
Հարցախոյզին երկրորդ հարցադրումն էր` Ի՞նչ օգտուեցաք Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի Համակարգումի Աշխատանքներու Դասընթացքէն եւ ի՞նչպէս ձեր մասնակցութիւնը պիտի ծառայեցնէք Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի բովանդակութեան ճոխացման եւ տարածման:
Այս հարցումին Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան պատասխանեց ըսելով. «Ուիքիփետիան ունի աշխատանքային իր յատուկ օրակարգը, թեքնիքական իր պահանջները եւ խմբագրման առանձնայատկութիւնները: Հայաստանի մէջ Ուիքիփետիան ունի բաւական լայն տարածում եւ հմուտ մասնագէտներ, որոնց փորձառութիւնը օգտակար եղաւ մեզի վարժուելու այդ աշխատանքին: Մասնակցութիւնս պիտի ըլլայ երկճիւղ. անձնական նախաձեռնութեամբ յօդուածներ աւելցնել եւ փորձել աշակերտական խմբակ մը ստեղծել որ լծուի այս աշխատանքին: Կը հաւատամ որ երկրորդը պիտի ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ»:
Իր կարգին Մարօ Շորճեան հաստատեց, ըսելով թէ. «Ես ծանօթացայ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի համակարգին, ոճին եւ գրելաձեւին: Սակայն այդ օրէնքները աւելի լաւ ձեւով իւրացնելու եւ կիրառելու համար պիտի փորձեմ միշտ գրել եւ առաւել եւս զարգացնել այս աշխատանքը: Ինչպէս նաեւ, որպէս ուսուցիչ առաւելագոյն չափով պիտի փորձեմ աշակերտներս մղել որպէսզի անդամ եւ աշխատակից դառնան Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ընտանիքին»:
Նոյն հարցին պատասխանելով` Անի Պիլալեան վկայեց. «Մեզի փոխանցուեցաւ Ուիքիփետիայի մէջ հատուածներ խմբագրելու հմտութիւններու ընկալում: Այստեղ մենք սկսանք խմբագրական մեր առաջին փորձերը կատարել. իսկ Լիբանան վերադառնալով եւ մնայուն հատուածներ խմբագրելով ծառայած պիտի ըլլամ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ճոխացման»:
Վարդան Թաշճեան նոյն հարցով հաստատեց. «Հիմնական օգուտը այն էր, որ ծանօթացայ ծրագրի փիլիսոփայութեան եւ անոր օգտագործման թեքնիք կողմերուն: Իմ մասնակցութիւնս գլխաւորաբար կը տեսնեմ աշակերտներու համար պիտանի համարուելու յատկանիշներ ունեցող նիւթերու մասին յօդուածներ հեղինակելուն մէջ»:
Սեւան Դանիէլեան իր կարգին նշեց. «Խտացեալ այս դասընթացքի ընթացքին նախ ծանօթութիւններ, ապա հմտութիւններ ձեռք բերինք հայրենի մեր մասնագէտներէն, որոնք ոչինչ խնայեցին իրենց փորձառութիւնը մեզի փոխանցելու, որպէսզի վարժութիւնը ունենանք արեւմտահայերէնով յօդուածներ խմբագրելու եւ զանոնք տեղադրելու Ուիքիփետիայի մէջ: Մեր կարգին, այս հմտութիւնները զարգացնելէ ետք, պիտի փորձենք առաւել չափով եւ հետեւողական կերպով նորանոր յօդուածներ խմբագրել: Նաեւ մղիչ ուժը դառնալ հայ աշակերտին, որպէսզի ինք եւս իր ներդրումը ունենայ այս աշխատանքներուն»:
Իր կարգին Մարգարիտ Ազատեան շեշտեց. «Այս դասընթացքը բաւական ճոխ գիտելիքներով հարուստ է, եւ մենք` իբրեւ սկսնակներ, կը փորձենք կարելի եղած չափով օգտուիլ, որպէսի այս ձեռնարկին յաջողելուն առաջին քայլերը առնենք ու փոխանցենք մեր աշակերտներուն»:
Սալբի Թաշճեան նոյն հարցով յայտնեց. «Ողջունելի է Աղվերանի մէջ կայացած համակարգչային ծրագիրի այս խտացեալ դասընթացքը, նաեւ կազմակերպիչներուն կողմէ թափուած ճիգը, որուն ճամբով կարճ ժամանակուան ընթացքին կարելի եղաւ կատարել խմբագրական զանազան աշխաանքներ ու տեղադրել Ուիքիփետիա ծրագիրին մէջ: Իբրեւ ուսուցիչ ու մասնակից այս դասընթացքին, փափաքս է, որ շարունակուին խմբագրման այս աշխատանքները, եւ էջը հարստանայ նորանոր յօդուածներով»:
Իսկ հարցախոյզի երրորդ հարցին, թէ Գործնական ի՞նչ միջոցներու կարելի է դիմել Արեւմտահայերէն Ուքիփետիային համար երիտասարդ խմբագիրներ պատրաստելու Լիբանանի մէջ, մասնակիցները հետեւեալ ձեւով պատասխանեցին`
Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան` «Հայաստանի պատասխանատուները եւ մասնագէտները կրնան օգտակար դառնալ մեզի այս առումով: Լաւագոյն ձեւը պիտի ըլլայ դպրոցներու, համալսարաններու հայ ուսանողներու, ինչու չէ` երիտասարդական միութիւններու շրջանակին մէջ ստեղծել խումբեր: Կրնամ նոյնիսկ առաջարկել որ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան լծուած հոգեւոր եւ աշխարհիկ կառոյցներ եւ անհատներ, խրախուսական մրցանակներ հաստատեն լաւագոյն եւ ամէնէն արդիւնաւէտ խմբագիրներուն»:
Մարօ Շորճեան` «Նախ պէտք է բացատրել թէ ի՞նչ է Ուիքիփետիան եւ ի՞նչ է նպատակը Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ստեղծումին: Ըստ իս, մեր գործը պիտի ըլլայ արեւմտահայերէնով յօդուածները շատցնել, որպէսզի սփիւռքահայը կամ արեւմտահայ աշակերտը շօշափելի արդիւնք մը տեսնելով մղուի մասնակից դառնալու նշեալ աշխատանքի»:
Անի Պիլալեան` «Առաջին հերթին աշակերտներուն պիտի ծանօթացնենք Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի մասին եւ անդրադառնանք անոր կարեւորութեան: Ապա հայերէնով գրաշարելու վարժութիւններ ձեռք պիտի ձգեն: Իսկ երրորդ հանգրուանին` անոնց պիտի փոխանցուի յօդուածներ խմբագրելու ունակութիւն»:
Վարդան Թաշճեան` «Գործնականօրէն կարելի կը տեսնեմ Լիբանանի մէջ դպրոցներու եւ միութիւններու շրջանակին մէջ ծանօթացնել Ոիքիփետիան աշակերտներու եւ երիտասարդներու, եւ տարբեր եղանակներով խրախուսել, որ անոնք մասնակցին այս ծրագրին իբրեւ հեղինակներ կամ խմբագիրներ»:
Սեւան Դանիէլեան` «Առաջին հերթին, նախ դպրոցներէն ներս հետաքրքրութիւն ստեղծելով, ապա յատուկ դասապահեր տրամադրելով` աշակերտին որոշ նախաճաշակ մը տալով, յետոյ «Ուիքի» ճամբարներ կազմակերպելով: Վստահ եմ որ հայ աշակերտին մօտ մեծ հետաքրքրութիւն եւ խանդավառութիւն պիտի ստեղծէ այս շարժումը, որովհետեւ նոր սերունդը արհեստավարժութեան (technology) ստեղծած եւ իր սրտին այնքան մօտիկ արդիական այս սեփական միջոցառումով ոչ միայն ստորակայութեան բարդոյթէն պիտի ձերբազատի, այլ նաեւ ամենայն գիտակցութեամբ եւ հպարտութեամբ իր ներդրումը պիտի կատարէ անոր կատարելագործման»:
Մարգարիտ Ազատեան` «Առաջին հերթին մենք լաւապէս պէտք է իւրացուցած ըլլանք, երկրորդ` գործնական աշխատանքի լծուիլ խմբակներ կազմելով եւ քաջալերելով աշակերտները, յարմար եւ հաճելի մթնոլորտ ստեղծելով»:
Սալբի Թաշճեան` «Աշխատանքային այս ծրագիրը, որ կայացաւ Աղվերանի մէջ, արեւելահայ թէ արեւմտահայ հատուածներու գործակցութեան համախմբում մըն էր, որ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն: Հակառակ ծանրաբեռնուածութեան, իւրաքանչիւր մասնակից իր կարգին ներդրում ունեցաւ այս հսկայածաւալ աշխատանքին: Իմ ակնկալութիւններէս է, որ Սփիւռքի տարածքին նման աշխատանքներ ծաւալին երիտասարդական աւելի լայն շրջանակներու մէջ` կազմակերպելով սեմինարներ եւ դասընթացքներ, որպէսզի հայ երիտասարդը քաջալերուի ու իր մասնակցութիւնը բերէ նման նախաձեռնութիւններու»:
*****
Եզրափակելու համար եւ վկայակոչելով Ուիքի դասընթացքի մասնակից Լիբանանի հայ համայնքի կրթական հաստատութիւններու եւ մամուլի աշխատակիցներու ներկայացուցիչները պէտք է շեշտել ստեղծուած համագործակցութեան ոգին պահելու անհրաժեշտութեան վրայ, որպէսզի նման հսկայական աշխատանք մը յաջողութեամբ պսակուի:
Մինչ լոզունգներով առաջնորդելն ու առաջնորդուիլը մեր հայ իրականութեան դժբախտ ճակատագրին մէկ մասնիկը եւ հաւանաբար ալ պատճառը հանդիսացած է, Ուիքիփետիա Արեւմտահայերէնը խօսքերը գործի վերածելու մարտահրաւէր եւ ամենագործնական միջոց մըն է՝ փրկելու այն ինչ, որ մնացած է լեզուէն:
Աղվերան – Հայաստան