Վաւերագրական լուսանկարչութիւնը ժողովրդային լուանկարչութեան ձեւ մըն է, որ կ՛արձանագրէ մասնայատուկ կամ պատմական դէպքեր ինչպէս նաեւ հաւաքականութեան մը առօրեան:
Նման դպրոցի մը պատկանող լուսանկարիչը կը փորձէ յաւերժացնել մասնայատուկ նիւթ մը կամ առարկաներ ի մասնաւորի տուեալ ժամանակաշրջանի մէջ ապրող մարդկանց կեանքը՝ լուսանկարներու միջոցաւ:
Հայազգի նշանաւոր լուսանկարիչ՝ Վարդան Տէրունեան պատկանած է այդ դպրոցին նկարահանելով Հայ գաղթական կեանքը: 1922- 1936 ժամանակաշրջանին ան լուսանկարելով Հալէպի հիւղաւանները, իր ձեւով յաւերժացուցած է անոնց պատմութիւնը զայն ժառանգ ձգելով յաջորդող սերունդներուն:
Ահաւասիկ այս արժէքաւոր նկարներուն ցուցահանդէսն է, որ Լիբանանահայութիւնը առիթը ունեցաւ ըմբոշխնելու ներկայ գտնուելով «Ինսթիթիւ Ֆրանսէ»-ի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան կազմակերպած ցուցահանդէսին, որուն բացումը կատարուեցաւ երէկ՝ 9 Ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Ինսթիթիւ Ֆրանսէ»-ի ցուցասրահին մէջ, Պէյրութ:
Ցուցահանդէսի բացումին ներկայ եղան Հայ եւ օտար մշակութասէր եւ Հայ ժողովուրդի անցեալով հետաքրքրուած հանրութիւն մը, որոնց առջեւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պէյրութի մէջ Ֆրանսական դեսպանատան մշակութային կցորդը: Ապա խօսք առաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ, Պետական նախկին երեսփոխան Ընկեր Յակոբ Գասարճեան ԹՄՄ-ի խօսքը փոխանցելու:, Ընկեր Գասարճեանին յաջորդեցին Լիբանանի մօտ ՀՀ Վսեմաշուք Դեսպան Պրն. Աշոտ Քոչարեան եւ Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի Վսեմաշուք Դեսպան Պրն. Փաթրիք Փաուլի, որոնք իրենց կարգին, ցուցահանդէսին առնչուող իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին հանրութեան:
Աւարտին, Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի լուսանկարչութեան դասախօս Պրն. Գրիգոր Նորտիկեան ներկայացուց Վարդան Տէրունեան արուեստագէտ լուսանկարիչին կեանքն ու գործը:
Նշենք, թէ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ միեւնոյն վայրին մէջ մինչեւ 26 Ապրիլ 2015:
Հայոց Ցեղասպանութեան անմիջական հետեւանքներուն նուիրուած եւ Հայ գաղթական կեանքի առաջին տարիները ներկայացնող վաւերագրական լուսանկարներու այս ցուցահանդէսին բացման արարողութեան մանրամասնութիւնները յաջորդիւ: