Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Ֆեթհիէ Չեթին «Զարթօնք»-ի Խմբագրատան Մէջ

Շաբաթ 28 Մարտ 2015-ի կէսօրին,  «Զարթօնք»-ի  խմբագրատուն այցելեց  հանրածանօթ գրող՝ «Մեծ Մայրիկս» նշանաւոր գիրքին հեղինակ (որ նուիրուած է իր Հայազգի մեծ մայրիկին), Հրանդ Տինքի դատի իրաւաբաններէն, Հայ ժողովուրդի արդար Դատի ականաւոր  պաշտպաններէն Տիկին Ֆեթհիէ Չեթին առաջնորդութեամբ՝ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն  վարժարանի տնօրէն՝ Պրն. Կրէկուար Գալուստի, որուն գլխաւորած վարժարանի հրաւէրով ան Պէյրութ կը գտնուի այս օրերուն, ներկայ գտնուելու եւ ելոյթ ունենալու զանազան ձեռնարկներու:

Ազնիւ հիւրին կ՛ընկերակցէին նաեւ՝  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Ոգեկոչման  Լիբանանի Կեդրոկան Մարմնի ատենապետ Տիկ. Սեդա Խտըշեան եւ անդամներ Պրն. Արթօ Քունտաքճեան եւ ընկ. Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան, ինչպէս նաեւ Գերապատիւ Հայր Ղազար Վրդ. Պետրոսեան:

IMG_0534

Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումը առիթ մըն էր մօտէն ծանօթանալու Տիկ. Չեթինի հայանպաստ անզուգական աշխատանքներուն, ուր ան համբերութեամ պատասխանեց մեր մէն մի հարցադրումին: Տիկ. Չեթին, Թուրք ժողովուրդին մօտ Հայոց Ցեղասպանութեան ու Դատին ի նպաստ վերջին տարիներուն ու մանաւանդ Հրանդ Տինքի սպաննութենէն ետք սկիզբ առած զարգացումներուն ու յառաջիկայ Ապրիլին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք ժողովրդային հաւաքներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման առընչութեամբ կատարուելիք հաւաքներուն մասին մեզի փոխանցեց կարեւոր տեղեկութիւններ:

Հայազգի մեծ մօր արժանաւոր թոռնուհի՝ Տիկ. Ֆեթհիէ Չեթին դէպի արմատներ իր որոնումներու մէջ նաեւ ծանօթացաւ ընդհանրապէս մեր գաղութին ու մասնաւորաբար մեր թերթին եւ զայն հովանաւորող կուսակցութեան աշխատանքներուն:

«Խմբ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին