Հովանաւորութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնին, կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական Վարչութեան Ուրբաթ 27 Մարտ 2015ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնի «Գերսամ Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Լիբանանահայ երեք օրաթերթերու՝ «Արարատ»ի, «Զարթօնք»ի եւ «Ազդակ»ի խմբագիրներուն հետ հանդիպում – հարցազրոյց:
Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՀ Լիբանանի մօտ դեսպանատան ներկայացուցիչը, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ Պետական նախկին երեսփոխան Ընկեր Յակոբ Գասարճեանը, ՍԴՀԿ-ի ներկայացուցիչը, ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄի պատասխանատուներ, լրագրողներ եւ ընթերցասէր հանրութիւն մը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի ազգային քայլերքներու ունկդրութենէն ետք, ներկաներուն բարի գալուստի խօսք յայտնեց, ինչպէս նաեւ երեկոն վարեց ԹՄՄի Լիբանանի Տեղական Վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Անի Թորանեան: Իր սիրտի խօսքէն ետք Տիկ. Անի Թորանեան ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս յարգելու յիշատակը երէկ՝ 27 Մարտ 2015ին մահացած Լիբանանահայ մեծագոյն մտաւորականներէն Տիար Պէպօ Սիմոնեանի:
Հանդիպման հիւրերն էին Պրն. Շահան Գանտահարեան («Ազդակ» ի գլխաւոր խմբագիր), Տիկ. Անի Եփրեմեան («Արարատ»ի տնօրէնուհի) եւ ընկ. Սեւակ Յակոբեան («Զարթօնք»ի պատասխանատու խմբագիր):
ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան կողմէ պատրաստուած էին հինգ հարցումներ, ուղղուած երեք Լիբանանահայ Օրաթերթերու խմբագիրներուն.-
Ա.- Ձեր կարծիքով դրական եւ բացասական ո՞ր փաստարկներն ու հակափաստարկներն են, որ առանցքային եղած են ու կը մնան հայ ժողովուրդի համար:
Այս հարցին պատասխանին մէջ Պրն. Շահան Գանտահարեան նշեց, թէ թուրքերը որպէս պետութիւն աւելի կազմակերպուած հակափաստարկներ կը ներկայացնեն հայկական հարցի առնչութեամբ, մինչ մենք որպէս գաղութ եւ Սփիւռք նոյնքան կարողութիւնն ու մարդուժը չունինք համահաւասար փաստարկներով ներկայանալու, որովհետեւ մեզի կը պակսին մասնագիտական ուժեր:

Տիկ. Անի Եփրեմեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ «Արարատ» օրաթերթը իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր՝ 78 տարիներ շարունակ հրատարակած է աւելի քան 1000 յօդուածներ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան, որ ապագայ ուսումնասիրողներուն համար լաւագոյն փաստարկները կրնան հանդիսանալ:

Ընկ. Սեւակ Յակոբեան իր կարգին իր պատասխանին մէջ նշեց, թէ Հայ մամուլը իր օրուայ պայմաններով իր կարելին ըրած է՝ ազգային ոգին ու Ցեղասպանութեան հաւաքական յիշողութիւնը վառ պահելու Հայ ժողովուրդի մտքին ու հոգիին մէջ: Ան աւելցուց, թէ այն ինչ, որ երկար ժամանակ չէր իրագործուած այն էր , թէ Հայ Դատը միջազգային մամուլի մէջ արծարծելու եւ այդ միջոցաւ տեղ հասցնելու պատրաստ օտար լեզուով գրող մեծ թիւով հայ լրագրողներ չէինք ունեցած անցեալին:

Բ.- Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատի հետապնդման նուիրուած բազմաթիւ միջոցառումներու շարքին, ո՞ր մէկը կրնաք առանձնացնել Ձեր ղեկավարած թերթի տասնեակ տարիներու կեանքի ընթացքին:
Լիբանանահայ երեք թերթերու խմբագիրները միաձայնութեամբ արտայայտուեցան, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջոցառումներու կողքին ամէնէն յատկանշականը, որ կարելի է առանձնացնել անցնող 100 տաիրներու ընթացքին եւ մինչեւ օրս՝ դժուարին այս պայմաններուն մէջ հրատարակուող հայատառ եւ հայալեզու՝ արեւմտահայերէն օրաթերթերը լաւագոյն փաստն են, թէ հայ ազգը տակաւին կը մնայ կանգուն: Առանձնաբար շեշտուեցաւ նաեւ 1970ական թուականներու Լիբանանի թրքական դեսպանատան «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերու դէմ բացուած դատը, որ վերջ գտած էր ի նպաստ Հայ ժողովուրդին:
Գ.- Բոլորիս համար յստակ է, որ Ցեղասպանութեան դատապարտման, պահանջատիրութեան եւ այլ հարցերու շուրջ հայ ժողովուրդը աւելի քան միասնական է, տարբերութիւններ կան, թերեւս մօտեցումներու մէջ: Որպէս հայ աւանդական կուսակցութեանց օրկաններ, որոնք են Ձեր թերթին առաջնայնութիւնները:
Նշուեցաւ, թէ հիմնական առաջանահերթութիւնը պէտք է ըլլայ նոր սերունդը դաստիարակելու, նոր լրագրողներ ու խմբագիրներ պատրաստելու առաջադրանքը: Բանախօսները նշեցին, որ թերթի մը առաջնահերթութիւնները շարունակականութիւն եւ նոր սերունդ ապահովելն է, ինչպէս նաեւ անոր կողքին աւելցնել ընթերցողներու թիւը: Առաջարկուեցաւ կարելին ի գործ դնել՝ աւելի հասանելի դառնալու համար հանրութեան, ըլլայ տպագիր թերթի կամ համացանցային արհեստագիտութեան միջոցաւ: Հասանելի դառնալ աշխարհասփիւռ հայութեան, տարբեր լեզուներով ու հասկնալի ոճով. Թերթի հանդէպ հետաքրքրութիւն ստեղծել երիտասարդ սերունդին մօտ:
Դ.- Նկատի առնելով, թէ 21րդ դարուն աշխարհով մէկ ծաւալող տեղեկատուական պատերազմներու հէնքին, որքա~ն բարձրացած է տեղեկատուութեան միջոցներու դերն ու նշանակութիւնը, ցանկալի պիտի ըլլար լսել, թէ Ձեր ղեկավարած լրատուամիջոցը յօդուածներու, լուսաբանումներու եւ վերլուծումներու ի՞նչ շարք կը նախապատրաստէ հարիւրամեակի նախաշեմին, անշուշտ նաեւ յետոյ:
Խօսելով տեղեկատուական պատերազմներու մասին, Պրն. Շահան Գանտահարեան նշեց մշակութային, արհեստագիտական եւ տեղեկատուական պայքարները, որոնք միշտ ալ գոյ եղած են երկու կողմերու մօտ: Առանձնայատուկ կերպով գնահատուեցաւ Լիբանանահայ երեք օրաթերթերու միատեղ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Ապրիլ 24-ին միացեալ թիւ մը հրատարակելու միասնականութեան փաստը, որ իր բնոյթով առաջինն է: Երեք օրաթերթերու խմբագիրները պատրաստակամութիւն յայտնեցին նոյն գործընթացը յառաջիկային եւս շարունակելու համար տարբեր առիթներով, միասնաբար կատարելու արխիւային թերթերու թուայնացումն ու տարածումը, աւելի դիւրին հասանելի դառնալու համար ուսումնասիրողներուն եւ ընթերցասէրներուն:
Ե.- Վերջերս ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանը ընթերցեց համահայկական հռչակագիրը, որ արգասիքն էր հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներու ներկայացուցիչներու երկարատեւ ու տքնաջան աշխատանքի: Գաղտնիք չէ, որ համընդհանուր դրուատանքին առընթեր, հնչեցին նաեւ որոշ դէմ կարծիքներ: Եթէ կարելի է, համառօտ ներկայացուցէք Ձեր կուսակցութեան, բնականաբար նաեւ թերթին դիրքորոշումը:
Վերոյիշեալ հարցին պատասխանելով ընկեր Սեւակ Յակոբեան մեծապէս գնահատելով հանդերձ իր տեսակին մէջ եզակի Համահայկական Հռչակագիր լոյս ընծայելու փաստը անդրադարձաւ՝ թէ ցաւալի իրողութիւն մըն է, որ տակաւին 100 տարիներ ետք վերջնականացած յստակ եւ գործնական սահմանում մը չունինք պահանջուած հատուցումի առնչութեամբ: Ան դրուատիքով անդրադարձաւ նաեւ Հռչակագիրի մէջ նշուած Ցեղասպանութիւն բառին կողքին, կատարուածը Մարդկութեան Դէմ Ոճիր համարելու փաստը, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը դարձնէ համամարդկային դատ: Պրն. Գանտահարեան իր կարգին մեծապէս գնահատելով Համահայկական Հռչակագրի լոյս ընծայման հպարտառիդ փաստը, դրական նկատեց Հռչակագրին մէջ յիշուած Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի խոստումը, իբր անուղղակի նշում հողային պահանջատիրութեան:
Աւարտին ներկաներ զանազան հարցումներ ուղղեցին երեք խմբագիրներուն, ինչպէս նաեւ զանազան կարծիքներ յայտնեցին վերոյիշեալ հարցումներու առնչութեամբ:

Երեկոն փակեց ԹՄՄի Լիբանանի Տեղական Վարչութեան ատենապետուհի եւ օրուան համդիսավարուհի Տիկ. Անի Թորանեան, յառաջիկային նման միասնական հաւաքներ յաճախակիօրէն կազմակերպելու ակնկալութեամբ: