Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

«Զարթօնք» Օրաթերթի Աշխուժացումը՝ Հետաքրքրական

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*

toros-toranian

Վերջերս նոր աշխուժացում մը կը տեսնեմ «Զարթօնք» օրաթերթի էջերէն:

Մերթ ընդ մերթ երիտասարդ նոր անունի մը կը հանդիպիմ: Երանի այդ թիւը աւելնայ երբ քաղաքիս մէջ քիչ չէ թիւը հայկական երկրորդական վարժարաններու:

Անկախ այս փաստէն հետքաքրքրական կը գտնեմ թերթին «Քաղուածքներ Օտար Մամուլէն» բաժինը, ուր կը հանդիպիմ նորութիւններու: Անշուշտ հասկնալի գլխաւոր պատճառներէն մէկը հայասիրական տուեալ ելոյթներուն հայոց վրայ գործադրուած Ցեղասպանութեան 100 ամեակի մօտալուտ ըլլալէն կու գայ: Ռապըրտ Ֆիսքին գրածները վկայ երբ ան, քաղաքիս մէջ Լոնտոնի «Ինտիփէնտէնթ» թերթին թղթակիցն է:

Նոր չեն Ֆիսքին հետեւողական ելոյթները:

Թերթը նոր բաժին մը եւս ունեցաւ. «Հայկական Անցեալէն Պատմութեան մէջ Այսօր»: Խօսքը մեկնած, վաստակաշատ հայ մտաւորականներու մասին է: Մեկնուղները չմոռնալը անհրաժեշտութիւն է: Անոնք գերեզմանէն եւս ըսելիքներ ունին մեզի: Այս բաժինը կարելի է աւելի արժեւորել:

Ահա բաժին մըն ալ. «Արտասահմանեան Հայ Մամուլէն», ուր կը հանդիպիմ «Ակօս»-ի խմբագիրներէն մէկուն ստորագրութեան: Խայտաբղէտ է այս բաժինը եւս: Կարծէք, ոչ թէ կարծէք, այլ յիրաւի բովանդակ սփիւռքահայ մամուլը զօրաշարժի ենթարկուած է խօսքը գործի վերածելու համար:

Նոյնն է մեր տեղական հայ մամուլը իր «Մասիս»-ով, «Արարատ»-ով», «Ազդակ»ով, «Արծիւ»ով ու Հայ Աւետարանական մամուլով:

Բնական է, որ «Զարթօնք» Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին ընթառաջ կ’աշխատի նոր մեկնաբանութիւններով մօտենալ այս հարցին կրնկակոխ հետեւեալ հայրէնի եւ Սփիւռքահայ մամուլի արտայայտութիւններուն, անոնցմէ լաւագոյնը հիւրասիրելով իր էջերուն վրայ:

Հայ, ինքնագիրները շատնալու են: Գաղութի հայերը ունին իրենց բաժինը: Ողջ մնացող վերապրող հայերը իրենց խօսքը ունենալու են: Որոշ տարիքի հասած անոնց զաւակները եւս: Ո՞ւր են, թող իրենց ձայնը բարձրացնեն:

Տեղական-արաբական, ֆրանսական, Անգլիական մամուլը եւս անհրաժեշտ է գործի լծել Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ եւ աւելի կարեւորը՝ Արաբ Լիբանանեան մտաւորականութիւնը ոտքի հանել: Արդէն սկսուած, շարունակելի գործ է:

Ո՞վ կը մոռնայ Պէյրութի Պուրճ հրապարակի կախաղանները ոճրագործ Ճեմալ Փաշայի հրահանգով:

Արաբին ու հայուն դէմ այսօր գործողը նոյն թշնամին է՝ Օսմանցիներու ժառանգորդը համաթուրանկանութեան ճղճղան ձայնով:

Լեհաստանէն եւս յիշարժան ձայներ կան օրաթերթին մէջ վասն հայութեան:

Կը կարդանք որ Աւրօրա Մարտիկեանին գիրքը լոյս տեսած է: Տասնամեակներ առաջ այդ գիրքը լոյս տեսած է Մելգոնեանցի պատմաբան Մարտիրոս Գուշակճեանի թարգմանութեամբ եւ որքան կը յիշեմ «Զարթօնք» օրաթերթի հրատարակութեամբ:

Օրաթերթը կու տայ նաեւ «Գաղութահայ Կեանք»: Այս դարուն գիտութեան զարգացման խելայեղ դարուն իրարմէ լուր չունենալը անբացատրելի է:

Ջարդի օրերուն հաղորդակցութեան միջոցներ ու տարապայման սակաւութիւն կար, մէկ գիւղին հայերը մօտակայ հայ գիւղին ջարդէն անտեղեակ էր: Ճամբորդութիւնը էշով էր: Պետութիւնը փակած էր հեռախօսային զանքերու բաժինն անգամ… հեռագրելը՝ անկարելի՛…

Հիմա, իրարմով զօրանալու շուտափոյթ առիթը ունինք:

Վերջապէս օրաթերթը ունեցաւ իր խմբագիրը՝ յանձինս Սեւակ Յակոբեանի:  Ահա՛ լաւ սկիզբ մը:

Առանց խմբագիրի մամուլը անթացուպով կը քալէ: Ինչպէս թերթը՝ նոյնպէս երկիրը:

Սեւակին հակիրճ խմբագրականներն ու գրութիւնները եթէ չըլլան ամենօրեայ, թերթէն բան մը պակաս կ’ըլլայ: Քանի կ’ապրինք հողմավար ժամանակներու մէջ խմբագրականները ամէնօրեայ պէտք է ըլլան քաղաքական եւ ազգային արեւելումի կապակցութեամբ: Թէեւ, բոլորիս համար այս վերջինը յստակ է: Հայուն ոչ թէ միակ, այլ ամէնօրեայ արեւելումը՝ երկիր Հայաստան կը ձգտի:

Մէկ խօսքով, կարդալով «Զարթօնք» օրաթերթի վերջին ամիսներու թիւերը այս խորհրդածութիւնները ունեցայ մէկ գլխաւոր ցաւով. երբ ազերին գրեթէ ամէն օր հայ քաջամարտիկ մը փամփուշտով կը զգետնէ:  Լալը քիչ է:  Սեղմենք գօտիները, ուժ տանք մեր բանակին: Անպարտելին իր բաժինն է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին