*ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ*
Գրասեղանիս հիւր-գիրքերէն է վերջին քանի մը ամիսներուն՝ արձակագիր, հրապարակագիր, գրաքննադատ եւ հրատարակիչ Արամ Սեփեթճեանի «Ձայներ Լռութեան Մէջ» հատորը, զոր կ’ընթեռնում յաճախ մենութեանս պահերուն, ճիշդ իրեն պէս՝ լսելու համար լռութեանս մէջ հնչող ձայներ, որոնք կը բխին հայ մարդու էութեան խորքերէն, անոր արեան երակներուն, սրտի տրոփիւնէն….: Ձայներ՝ որոնք գոյութեան խորհուրդ են, արեան եւ հողի կանչ, զարթօնքի եւ յարութեան կոչ ու աղաղակ են…: Այդ ձայները կը հնչեն հեղինակին մէջ, կ’ալեկոծեն իր ներաշխարհը, կը դառնան էջեր, որոնք «թերթ առ թերթ կը խուժեն դէպի իր յիշողութեան աւազանը իբրեւ պատկեր եւ յուշ-քանդակ, կամ ցանուցիր եղած խոհերու յօդուածներ, որոնց մէկտեղումով կը կազմուին էջերը սոյն հատորին, իբրեւ խաչբուռ նուիրական»:
Պատահական չէ երբե՛ք գիրքին հրատարակութիւնը Մեծ Եղեռնի դարադարձի նախաշեմին՝ 2014-ին, Սփիւռքի մայրաքաղաք համարուող Պէյրութի մէջ, որպէս խաչբուռ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի անկշռելի խորհուրդին: Խաչբուռ՝ հիւսուած ցաւի, մորմոքի, այլեւ վերածնունդի անխորտակելի յոյսի, յարութեան տեսիլքի, պահանջատիրութեան պայքարի անխորտակելի կամքի, ազգային խղճմտանքի եւ արժանապատուութեան շիւղերով ցորենաբոյր…, ուր հեղինակին ազգային-գաղափարախօսական խոհերուն եւ մտորումներուն հետ կը միահիւսուին գեղարուեստական շունչով եւ ոգիով գրուած ապրումները՝ Ապրիլեան խորհուրդին, մեր մեծ տառապանքին, մեր մշակոյթի վեհապանծ կոթողներուն, հայ գիր ու գրականութեան, մեր պատմական սխրանքներուն եւ հայոց հողին դէմ յանդիման….
«Խորհուրդ Ապրիլեան» խորագրեալ՝ գիրքի առաջին բաժնին մէջ, հեղինակը կը վերապրի Ցեղասպանութեան պատճառած անչափելի կորուստներու կսկիծը՝ հողային կորուստ, մարդկային կորուստ, մեր ստեղծագործ հանճարի կորուստ, մեր անցեալի ժառանգութեանց կորուստ, տալով իւրաքանչիւրին մանրամասնեալ պատկերը, հաստատագրելով որ Ցեղասպանութեան մեծագոյն պահանջքը է՛ ու կը մնայ, տէր կանգնիլ մեր դարաւոր հողային իրաւունքին, նորահաս սերունդին փոխանցել ջահը պահանջատիրութեան, բո՛ցը հայրենասիրութեան, կի՛րքը հանդէպ հայ գիրին ու գիրքին, հայ մշակոյթին եւ արուեստին: Անյետաձգելի խստապահանջութիւն կը համարէ՝ Սփիւռքի մեր գաղութներու վերակազմակերպումը, անոնց վերածումը միաձոյլ ամբողջութեան մը, մեզ իրարու միացնող Ազգային Գաղափարախօսութեամբ մը, շեշտելով յատկապէս՝ Սփիւռքի Համահայկական Գերագոյն Խորհուրդ մը կեանքի կոչելու հրամայականը: «Անհրաժեշտ է վերամիաւորումը մեր ազգային բաղադրատարրերուն….Հարկ է, որ ան (հայրենի պետականութիւնը) համախմբէ սփիւռքահայութիւնը, որմէ բխած ներկայացուցչական խորհուրդը իր լիիրաւ մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ազգային Գերագոյն Ժողովին, հայրենի պետութեան հովանիին ներքեւ»: Ան անհրաժեշտ կը համարէ հայկական դիմադրութեան նոր մտածողութիւն սերմանել հայ ժողովուրդի հոգիէն ներս՝ երբ բիրտ ուժի տէրերը իրենց ձեռքին մէջ կեդրոնացուցած են հակակշիռը տնտեսա-քաղաքական հզօր լծակներու, երբ կը փորձեն անոնք խեղաթիւրել պատմական ճշմարտութիւնները, դահիճը ներկայացնելով իբրեւ զոհ, երբ բազում միջոցներով կը փորձեն սնանկացնել մեզ մեր ազգային-հայրենասիրական հիմնական ուղեգիծէն եւ մեր մէջ սերմանել պարտուողական ոգի…: Տագնապահար է անոր հոգին. «Մեր երազները կը մնան տակաւին փշրուած, այնքա՛ն ատեն որ Արեւմտահայաստանի ճակատագիրը կը մնայ անստոյգ, Արցախի հայապատկան հողերն ազատագրուած՝ կը մնան աշխարհի անսի՛րտ լումայափոխներու սեղանիկներու վրայ իբրեւ սակարկելի առարկաներ, երբ Տէր-Զօրէն ու Չանղըրըէն մինչեւ Սումկայիթ ու Պաքու կազմակերպուած սպանդներու եւ ջարդերու հեղինակները կը մնան անպատիժ, երբ հայկական Ցեղասպանութիւնն ամբողջ կը մնայ ուրացումի եւ մոռացումի ենթակայ…»: Զուգահեռաբար, մատը դնելով արիւնոտ վէրքի մը վրայ, կորովի հրապարակագիրը ցաւով կ’արձանագրէ որ վերանկախացած պետականութեան առաջին քսանամեակին՝ սպիտակ արիւնահոսութիւնը՝ արտագաղթը, պատճառ եղած է որ 1990-ի 3.75 միլիոն հաշուող ազգաբնակչութեան թիւը նուազի եւ հասնի մերօրեայ 2.5 միլիոնի: Հետեւաբար, մեծագոյն մարտահրաւէրը զոր կը դիմագրաւէ հայրենի պետականութիւնը այսօր պիտի ըլլար՝ նոր թափ տալ ազգահաւաքի կենարար ուժին, ու հնգամեայ փլաններով՝ ազգաբնակչութեան թիւը հասցնել 5 միլիոնի: Մինչ այդ, կ’եզրակացնէ հեղինակը, պատրաստ ըլլանք դիմակալելու ամէն մարտահրաւէր ու զոհողութիւն, յանուն մեր անժամանցելի դատին եւ ապագայի յաղթանակին:
«Ձայներ Լռութեան Մէջ» խորագրեալ՝ գիրքի երկրորդ բաժնին մէջ, ընթերցողը յատկապէս կը պարուրուի հոգեպարար ապրումներով՝ Զուարթնոց տաճարի աւերակներու համալիրին մէջ, որ կը դառնայ ուխտատեղի հեղինակին մտածումներուն….Համալիր մը՝ այս, որուն համահաւասարը, ըստ իրեն՝ ժայռանիստ Գեղարդն է, եւ ուր Թէքէեանի տողերու ներշնչումով՝ քար ու քարայր կը վերածուին բարձր բերդին հաւատքի…: Դարձեալ Թէքէեանի՝ «Երբ Օրը Գայ Վերջապէս» տողը ընտրելով որպէս բնաբան, հեղինակը իմաստալից կերպով կը նշէ. «Երբ Օրը գայ վերջապէս, ու հայ մարդը թօթափէ մերօրեայ «աւատապետութեան» շղթաներու լուծը, որ կը թելադրուի մեզի օտար միջամտութիւններով, անպայմանօրէն պիտի հասնի ան բանաստեղծ հոգիներէն ճառագայթած գաղափարն ու ոգին միաձուլող գերագոյն իմաստութեան՝ ինքնաճանաչողութեան, Միացեալ Հայաստանի երազէն առաջ ու գերիվեր՝ Միացեալ Հայութեան խորհուրդին:
«Գիր եւ Ճանապարհ» խորագրեալ երրորդ բաժինը գիրքին գերազանցօրէն պանծացումն ու վերարժեւորումն է հայ գիրի, հաւատքի ու մշակոյթի: Արդարեւ, Միածնաէջ խորհուրդին պիտի յաջորդէր՝ հայ միտքի լոյսին ձօնուած մեսրոպակառոյց տաճարն ու խորանը, Ա. Բ. Գ.ի հրաշքով յաւերժացած, իբրեւ գրաւական հայ ժողովուրդի ինքնապահպանման եւ բազմադարեան խիզախումներուն, նուաճումներուն: Հայ մշակոյթի տօնին իմաստաւորումը այնքան արդիական կը հնչէ բոլոր ժամանակներուն համար ալ…. Հայ մշակոյթի կամ Թարգմանչաց տօնը «տօնն է հայ ժողովուրդի իմացական արժէքներուն եւ արժանիքներուն փառաբանութեան, Հայ գրականութեան եւ անոր մշակներուն տօնը, ու միակ առիթը որ պիտի վերախմբէ բազմաճիւղ ընթացքը մեր հոգեմտաւոր գետերուն ու գետակներուն, ու պիտի կազմէ Մայր Երակը մեր դէպի Ապագան ընթացող հայ ժողովուրդի պատմական առաքելութեան»: Եւ այնքան հրատապ հնչող հարցումը կամ հարցումները. «Պիտի կարենա՞նք տէր կանգնիլ մեր մեծ թէ փոքր Լոյսի տաճարներուն ու խորաններուն….Պիտի կարենա՞նք զօրաշարժի ենթարկել մեր նիւթական թէ իմացական կարողութիւնները, որպէսզի ցոյց տանք արար աշխարհին, թէ մեր հոգիի ու միտքի լոյսի խորանները չե՛ն երբեք առեւտրական գործառնութեանց կեդրոնատեղիներ, եւ այդ խորաններու վրայ սպասարկող աշխարհիկ թէ հոգեւոր մշակներ կոչուած են շարունակելու Թարգմանչաց վարդապետներով սկսուած մեր գործը…»: Սա իրաւամբ կը դառնայ նաեւ զգաստացման եւ սթափումի կոչ՝ բոլոր անոնց, որոնք գրպանային մտածողութեամբ եւ առեւտրական հաշուարկներով կը փակեն դպրոց ու թերթ, կ’արհամարհեն գիր ու գրականութիւն….
Գիրքի վերջին բաժինը կը կազմէ հայրենի օրագրութիւնը, գրուած 1987-ին, յետ իր հայրենական այցելութեան՝ Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային կապի Կոմիտէի հրաւէրով, խորագրեալ՝ «Պահեր ու Խոհեր Հայրենիքէն», ուր տող առ տող ընթերցողը հեղինակին հետ կարծէք համահունչ կ’ապրի հայրենիքին նկատմամբ տածուած սէրն ու կարօտը, յոյզերն ու խռովքները, խոհերն ու մտորումները, քանզի ան մեր բոլորին մայրն է, ինչպէս իրաւամբ կը գրէ հեղինակը: Ան կը խորհրդածէ հաւատքի իւրօրինակ քննութեամբ մը. «…բացի հայրենիքէն, մնացեալը պատրանք է: Իսկ սփիւռքը, կորուստի դատապարտուած ազգային դրամագլուխ մը՝ որուն ճակատագիրն է հաւաքական տեղաշարժ, ժամանակաւոր յուսավառ կայք, ապա՝ յուսախաբութիւն եւ տեղաշարժ դէպի հեռաւոր ափեր….ի խոյզ անհատական բարեկեցութեան»: Եւ կը մտորի, որ հայրենի հողին հրաշքն էր որ ծնունդ տուաւ նորահաս սերունդներու….որոնք կրցան զսպել իրենց արցունքը, երբ 1937-ն տեղի կ’ունենար…, կրցան Բ. Աշխարհամարտին 664 հազար զինուոր ուղարկել ռազմաճակատ…: Տակաւին, «նոյն այս հայն է որ պաշտօնապէս կը ներկայանայ իբրեւ պահանջատէր Ղարաբաղի հայկական հողերուն…»: Հայրենասիրական վառ ապրումներու ներշնչարան կը դառնան իր սրտայոյզ տողերը նուիրուած իր հայրենական հոգեպարար այցելութեան, երբ հայրենիքն ու սփիւռքը կը ողջագուրուէին սիրոյ սեղաններու շուրջ, գրական-գեղարուեստական երեկոներուն, հանդիսութիւններուն ընթացքին….Եւ ան կը գոչէ սփիւռքահայուն յատուկ վիպային ապրումով. «Դէ՛հ, ե՛կ վարդապետ, ու մի՛ խելագարիր»….
Իրեն հետ մենք ալ պիտի ըսէինք ի խորոց սրտի. «Դուն՝ ափ մը հող սրբազան, մեր պապենական Մեծ ու Փոքր Հայքէն, երկի՛ր Նայիրիէն….Դո՛ւն, Կաթողիկէ ու Մատենադարան, Աստղադիտարան ու Բնութիւն հայրենի….Դո՛ւք, Միտքի ու Բազուկի անխոնջ աշխատաւոր ընկերներ…Եւ Յարգանք քեզ, հայրենի ժողովուրդ, որ…քու այգաբացովդ նկարազարդեցիր մեր պատմութեան էջերը:….Մեր վերջին հասցէն՝ Երեւանն է»:
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցի շեմին, «Ձայներ Լռութեան մէջ» հատորը գերազանցօրէն ազգային ինքնաճանաչումի եւ ինքնագիտակցութեան հրաւէ՛ր է, զգաստութեան եւ սթափութեան կո՛չ, ինչպէս նաեւ ողեցոյց փարոս՝ նոր որակ եւ ուժականութիւն հաղորդելու մեր պահանջատիրութեան պայքարին եւ ազգի ու հայրենիքի լինելութեան:
Վարձքդ կատա՛ր, անխոնջ մշա՛կ հայ գիր ու դպրութեան, սիրելի Պրն Արամ Սեփեթճեան: