Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Հրամայականներէն` Հանրային Կարծիքը Ակամայ Չշեղեցնելու Գերլարուած Զգուշաւորութիւն

* ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ *

sevag profile

Քանի մը օր առաջ քոյր կուսակցութեան մը անդամ ուսանողաց եւ երիտասարդաց միաւորներու պատկանող 60 հոգինոց խումբ մը, բողոքի արդարացի ցոյց մը կատարեց Էշրեֆիէի մէջ գտնուող «Ա. Պէ. Սէ.» հանրախանութի կեդրոնին մէջ բանող շարժապատկերի սրահին մուտքին, ուր տեղի կ՛ունենար Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած «Սոն Մեքթուփ» (Վերջին նամակը) թրքերէն ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:

Ժապաւէնը կը խօսի Կալիփոլիի ճակատամարտին մասին, որուն 100-ամեակը օգտագործելով, թրքական  արտաքին քաղաքականութիւնը կը փորձէ միջազգային ուշադրութիւնը շեղել Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցէն եւ Թուրքիոյ կատարած մարդկութեան դէմ գործուած մեծ ոճիրէն:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միացեալ տարազով, անգլերէնով եւ արաբերէնով բողոքի պաստառներ բարձրացուցած Հայ տղաքը, որոնց ծրագիրը վստահ ենք պարզ էր եւ յստակ՝ հանրախանութին մէջ ինչպէս նաեւ լրատուական միջոցներու միջոցաւ հանրութեան բացատրել, քողազերծել եւ ծանօթացնել, նման արհեստական միջոցառումներով թուրքիոյ հետապնդած հետին նպատակը, որն է՝ հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցէն եւ Թուրքիոյ կատարած ոճիրէն:

Հայ տղոց կազմակերպած բողոքի խաղաղ ցոյցը դժբախտաբար քաղաքակիրթ կերպով չընկալուելով շարժապատկերին ներկայ եղող Թուրք հիւպատոսին ընկերակից թրքական կողմին պատկանող խումբին կողմէ, փոխանակուած լոզունգներն ու խօսքերը շուտով վերածուեցան կռուի ու հրմշտուքի եւ ցոյցը աւարտեցաւ ու ցրուուեցաւ լիբանանեան Ներքին Ապահովութեան Ուժերու միջամտութեամբ: Դէպքին ընթացքին վիրաւորուեցան Հայ տղաք, որոնց դատին հետապնդումը բոլորիս պարտքն է անվարան:

ՌԱԿ-ի ուսանողական եւ երիտասարդարդական ակումբները փութացին դատապարտելու եղածը՝ զօրակցութիւն յայտնելով ՀՅԴ-ի իրենց եղբայրակից տղոց, միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղելով լիբանանեան լրատուական միջոցներուն՝ չկեդրոնանալ բողոքի ցոյցի ընթացքին լուսանկարուած սուրիական դրօշին վրայ եւ զայն որպէս քաղաքական կեցուածք կամ երեւոյթ չներկայացնել՝ օգտագործելով այն տուեալը, որ լիբանանցի ժողովուրդին գոնէ կէսին կողմէ դրական կերպով չ՛ընկալուիր սուրիական իշխանութիւնը ներկայացնող ոեւէ խորհրդանիշ: Հետեւաբար, հանրութեան ուշադրութիւնը չմոլորել կամ չշեղել բողոքի բուն իմաստէն կամ հետապնդած նպատակէն:

Ի՞նչ դասեր պէտք է քաղել եղածէն

Լիբանանեան լարուած այս իրավիճակին մէջ, ուր դեր եւ դէմ կարծիքն ու զգացումները սուրիական իշխանութեան հանդէպ իրենց գագթնակէտին կը գտնուի, լիբանանահայութեան համար կենսական է զգոյշ, շրջահայեաց ու հեռատես ըլլալ այս, եւ ամէն ուղղութեամբ: Բողոքի ընթացքին յայտնուած սուրիական դրօշը (ըլլայ ան անպատասխանատու տարրի մը թերեւս զգացական եւ անձնական նախաձեռնութիւնը կամ ինչպէս կազմակերպիչ կողմը ներկայացուց, թէ այդ դրօշը միակը չէր, այլ կը գտնուէր օսմանեան պետութեան լուծէն տուժած այլ ժողովուրդներու դրօշներուն շարքին)  ինչպէս տեսանք, ո՛չ առարկայական կերպով ներկայացուեցաւ լիբանանեան կարգ մը լրատուական միջոցներու կողմէ: 

Մեր համեստ կարծիքը այս ուղղութեամբ այն է, թէ ի՞նչ ալ ըլլար պատճառը վերոյիշեալ դրօշին բողոքի վայրին մէջ գոյութեան, թէկուզ ազնիւ եւ վեհ նպատակով, միշտ ալ կարելի էր հեռատեսութեամբ եւ զգուշութեան ի գին զանց առնել զայն, նամանաւանդ, որ ան ամէն պարագայի ալ ո՛չ մէկ յաւելեալ արժէք պիտի չտար կազմակերպուած արդարացի ցոյցին, որուն ջատագովն ենք մենք եւ անսակարկ նեցուկ կանգնողները:

Բոլորս դէպի աւելի եւս կազմակերպուած եւ նպատակադրուած ոգեկոչում Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Շուտով Ապրիլ 24 է: Շուտով մեր մեծ քայլարշաւը:

Թող ո՛չ ոք եւ ո՛չ մէկ բան խաթարէ կամ իր նպատակէն շեղէ մեր արդար Դատին հետապնդումը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին