Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին Նուիրուած Երեկոյ Վանգուվըրի մէջ

                                                                                                *ՄԵՂՐԻԿ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ-ՉԱՓԱՆԵԱՆ*

Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած նախաձեռնութեանց շարքին, Գանատայի Վանգուվըրի յանձնախումբը կազմակերպած է հանրային հաւաքներու շարք մը։

Սոյն դասախօսական շարքերու եւ ձեռնարկներուն նպատակն է, աշխուժացնել գաղութային կազմակերպչական կեանքը  Հարիւրամեակի նախօրեակին եւ օտար հանդիսատէսին ծանօթացնել  20րդ դարու կատարուած առաջին Ցեղասպանութիւնը։

Շաբաթ, 28 Փետրուար երեկոյեան ժամը: 7:30 ին, Ս. Վարդան Հայստ.Առաքելական եկեղեցւոյ, Սեդրակ Գալփակեան սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Գանատայի մարմնին Վանգուվըրի յանձնախումբի կազմակերպած դասախօսութիւնը` “Փնտռտուք Պատմական Արեւմտեան Հայաստանի” Խորագրով: Ձեռնարկը կը վայելէր ներկայութիւնը Լոս Անճըլոսէն ժամանած պատմաբան փրօֆէսոր` դոկտ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի։

Յատկանշական էր երեւոյթը, թէ  ձեռնարկին  ժամանած էին մեծ թիւով ազգայիններ, գաղութիս միութեան ներկայացուցիչներ իրենց քաջալերանքը եւ զօրակցութիւնը յայտնելու Հարիւրամեակի ծրագիրներուն, Ինչպէս նաեւ Ս. Վարդան Հայստ.Առաքելական եկեղեցւոյ hովիւ՝  Արժանապատիւ Տէր Գեղարդ Ա. Քհնյ. Կարապետեան եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ hովիւ՝ հոգեշնորհ Հայր Հրանդ աբեղայ Թահանեան։

Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Վանգուվըրի մարմնի անունով` պարոն Վարդօ Փափազեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք բոլորին, հակիրճ կերպով անդրադարձաւ բանախօսի կենսագրական գիծերուն եւ երկարամեայ գործունէութիւններուն մասին ապա բեմ հրաւիրեց` դոկտ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը:

Դոկտ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը նախ գնահատական խօսք ուղղեց սոյն ձեռնարկը կազմակերպող մարմնին իրենց կազմակերպած օգտաշատ դասախօսական ձեռնարկներուն համար, որոնք հանդիսականներուն մօտ միշտ գտած են դրական արձագանգ: Ապա շարունակեց՝ ըսելով թէ հայկական պարագան իւրայատուկ էր այն առումով թէ մեզի պաշտօնապէս արգիլուեցաւ այցելել մեր պապերուն երկիրը. ես մեծցած եմ միայն լսելով Խարբերդի եւ Էրզրումի մասին: Թրքական ռազմավարութեան հիմնական տէսակէտն էր, թէ եթէ կրնան հայկական ցեղասպանութեան լուծը մէկ սերունդ լրեցնել մինչեւ վերապրողները անհետանան իրենք ազատ պիտի ըլլան: Իմ կարծիքով այդ ռազմավարութիւնը շիտակ էր:

Յովհաննէսեան իր խօսքերու մէջ անդրադարձաւ ըսելով թէ հայկականութիւնը կը հարստացնէ մեր հոգիները. մենք կրնանք ըլլալ շատ զարգացած եւ հաւատարիմ Գանատացիներ կամ Ամերիկացիներ,  բայց հայկականութիւնը կազնուացնէ մեր սիրտներն ու հոգիները:

Խօսելով պատմական վկայութիւններու մասին՝ ան պատմեց թէ ինչպէս երկար տարիներ մերժելէ ետք վերջապէս որոշած էր այցելել պատմաՀայաստան, տեսնել իր նախնիներուն ապրած գաւառներն ու եկեղեցիները եւ սրտի խոր ցաւով ականտես եղած ներկային մեր եկեղեցենիրու եւ գիւղերու բնաջնչման աշխատանքին: Ապա պարոն Յովհաննէսեան հանդիսատեսին հրամցուց իր դուստրի՛ Անի Յովհաննէսեանի, որ ներկայ էր սոյն ձեռնարկին, պատրաստած վիտէօերիզը «Համշենցիք» խորագրով:

Դասախօսութեան աւարտին, պարոն Վարդօ Փափազեան յանձնախումբի անունով փոքր յուշանուէրով մը պարգեւատրեց օրուայ բանախօսը եւ իր երախտագիտական խօսքերը փոխանցեց Վանգուվըրի հայ գաղութի այցելութեան համար:

Աւարտը հետաքրքրական դարձաւ անով, որ պր. Յովհաննէսեան մակագրեց իր գիրքը ու պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։

Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Գանատայի Վանգուվըրի մարմինը պիտի շարունակէ հարիւրամեակի նուիրուած դասախօսական շարքերն ու ձեռնարկները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին