Կիրակի, 10. 12. 2023

spot_img

Հազա՜ր Համբոյր Հայ Լիբանանին

*ՄԵԹՐ ՊԱՐԳԵՒ ԴԱՒԻԹԵԱՆ*

Լիբանանի մէջ հրատարակուող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու պաշտօնաթերթերու խմբագիրները, յետ խորհրդակցութեան, որոշած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հրատարակել ԱԶԴԱԿ–ԱՐԱՐԱՏ–ԶԱՐԹՕՆՔ միացեալ թիւ, Ապրիլ 24-ի օրը: Ի՜նչ հաճելի լուր եւ համազգային ոգի ու կեցուածք` Հայ Սփիւռքի սիրտ Պէյրութէն: Ի՜նչ դաստիարակիչ գործակցութիւն եւ եղբայրակցութիւն` հայ իրաւապահանջ սերունդներուն: Ի՜նչ ազգային առողջ մտածում` հաւաքաբար ներկայացնելու իրար ամբողջացնող մտքերը մեր:

Շատոնց կը խօսուէր համազգային մէկ շարժումի մը ստեղծումին մասին, որուն մէջ կ’առաջարկուէր լուծել մեր աւանդական ազգային երեք կուսակցութիւնները, որպէսզի մէկ ձայնով հետապնդէինք մեր բոլոր ազգային հարցերը: Օրերը եկած են ցոյց տալու, որ մեր Սփիւռքը բաժնող ու բզքտող ամօթալի ու խղճալի անցեալը սկսած է փոխարինուիլ ներկայով մը, որուն մէջ մեր երեք աւանդական կուսակ- ցութիւնները կ’աշխատին համաշունչ եւ անխոչընդոտ ծրագիրներով, տալով այն տպաւորութիւնը թէ ա-նոնք իրենց սեղմ գործակցութեամբ արդէն ստեղծած են այն համազգային համախմբուած շարժումը ո-րուն մասին շատոնց կը խօսուէր: Յիսուն տարի առաջ, 1965-ին, Ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակին առթիւ, լիբանանահայութիւնը հա- րիւր հազար թիւով հաւաքուած էր Պէյրութի Քամիլ Շամուն կոչուող մարզական աւանին մէջ, իր համայնքային բոլոր գոյներու եւ խաւերու ներկայացուցիչներով, հիմը դնելու պահանջատիրութեան ամրոցի մը, որուն մէջ զինուորագրուեցան Հայ Դատի բանակին առաջատար սերունդները: Այդ հերոս սերունդը տուաւ Գաղտնի Բանակ եւ Արդարութեան Մարտիկներ, եւ մեզի հանդէպ անտարբեր եղող ու քնացող աշխարհին հանգիստը խանգարեց: Այդ հայաշունչ սերունդը աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան տուաւ ազգային գործիչներ եւ ուսուցիչներ ու դարձաւ պապէն աւելի պապական` այն ինչին հան-դէպ որ ազգային իրաւունքներու պահանջատիրութեան հետ գործ ունէր: Այդ սերունդը Լիբանանի քա-ղաքացիական պատերազմին ընթացքին ՙդրական չէզոքութիւն՚ կոչուող իմաստուն դիրքորոշում բռնեց եւ իր համայնքին կեանքը փրկեց, ու յետ պատերազմին ալ ամէնուն կողմէ գնահատուեցաւ ու իր չէզոքութեան որպէս վարձատրութիւն իրեն քաղաքական ներկայացուցչութեան հաւասար կարգավիճակ տրուեցաւ` անոր կուսակցութիւններուն միջեւ բաժնելով պետական երեսփոխանական աթոռները: Այդ սերունդը իր մասնակցութիւնը բերաւ Արցախի ազատագրութեան մարտերուն եւ ազգային հողի վրայ արիւն թափեց:

Ահա այդ սերունդի ազգային դաստիարակութեամբ սնած եւ ուռճացած ներայացուցիչները մեր լիբանանեան համայնքին որոշած են մէկ ձայնով խօսիլ Ապրիլ 24-ի օրը եւ մէկ լեզուով լսելի դարձնել իրենց ձայնը:

Լիբանանեան հակադիր քաղաքական հոսանքներու հետ ըլլալու անոնց հանգամանքը երբեք պատճառ չէ եղած որ անոնք մէկ կողմ չդնէին ամէն տեսակի հաշիւ եւ զինակցութիւն, որպէսզի մէկ եւ ամբողջական երեւոյթ ստանար իրենց միասնակամութիւնը ազգային առաջատար հարց եւ նիւթ նկատուող մեր ազգային հասարակաց շահի եւ դատի նկատմամբ: Ծիծեռնակաբերդի մէջ հաւաքուած հայրենի հայութեան ձայնին Սփիւռքի մէջ ամենէն զօրաւոր ու բարձր ձայնակիցը վստահաբար պիտի ըլլայ Պէյրութի մէջ հազարներով քալող հայութիւնը, որ Ապրիլ 24-ի օրը ձգած գործ ու տեղ Ապրիլեան Եղեռնի հանդիսութեան ընթացքին բռունցք պիտի բարձրացնէ Թուրքիոյ դէմ հաշիւ պահանջելով անկէ, հաշիւ` իր նահատակ նախնիներու կորսնցուցած հողին ու ինչքին: Անցեալ շաբթուայ մեր յօդուածը` ՙԳոնէ Արարատը Տրուէր Մեզի՚, վստահաբար պիտի չգրուէր եթէ Լիբանան գտնուելով կեցած ըլլայինք պահանջատիրութեան առաջին շարքերուն վրայ, ուր սրբազան ՙխենթեր՚ կը մերժեն ընդունիլ ուժերու անհաւասարակշռութեան պատճառաւ իրապաշտական լուծում գտնել մեր դատին: Մեր դպրոցական օրերէն բոլորս գիտենք Արշակ թագաւորին պատմութիւնը, թէ ան ինչպէս հայկական հողի վրայ կանգնած կը դառնար յանդուգն ու անզիջող եւ ապա պարսկական հողին վրայ կանգնած կը դառնար զիջող ու տկար:

Նորօրեայ մեր Արշակները գուցէ գտնուին հայրենի հողի եւ անոր մօտ եղող Լիբանանի հողին վրայ եւ ոչ` հոնկէ ովկիանոսներ հեռու գտնուող վայրերու մէջ: Այո՛, ըլլալով հեռու Հայաստանէն եւ Սփիւռքի հայրենիք` Լիբանանէն, հեռու ենք հողի ուժէն, եւ մեր օթեակ- ներէն արեւմտավայել մտայնութեամբ կը դիտենք ու կը ցանկանք լուծում մեր հարցերուն: Հոն, մեր հողին վրայ եւ անոր հողին մօտ կանգնողները միայն իրաւունք ունին ըլլալու յանդուգն եւ անզիջող, ըսելու եւ երգելու` ՙերբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար՚: Այդ հնարը գտան ատենօք Լիբանանէն դէպի Եւրոպա եւ Թուրքիա գացող մեր պահանջատէր ՙխենթերը՚: Այդ հնարը կ’ուզեն գտնել ներկայիս Լիբանանի եղբայրացած մեր ազգային կուսակցութիւնները:

Հազա՜ր համբոյր Հայ Լիբանանին:

ՙԼՈՒՍԱԲԱՑ՚

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին