Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ամերիկացի Լրագրողը Ներկայացուցած Է Հայաստան եւ Վրաստան Այցելելու Ութ Կարեւոր Պատճառ

Ամերիկեան Houstonia կայքի լրագրող Պիլ Վիաթրաքը հրապարակած է յօդուած մը Հայաստանի եւ Վրաստանի մասին` առանձնացնելով այն ութ հիմնական պատճառները, որոնց համար արժէ այցելել այս երկիրները: Լրագրողը, որ այցելած է Ծաղկաձոր, կը նշէ, որ իրեն պարզապէս զարմացուցած է այս երկիրներու հիւրընկալութիւնը եւ այն հիասքանչ տեսարժան վայրերը, որոնց կարելի է հանդիպիլ, եթէ մէջդ կայ քիչ մը արկածախնդրութիւն:

Անդրադառնալով այն ութ հիմնական առանձնայատկութիւններուն, որոնք բնորոշ են տուեալ երկիրներուն, Վիաթրաքը նախ կը նշէ, որ ԱՄՆ քաղաքացին կրնայ այստեղ յայտնուիլ առանց որեւէ վիզայի անհրաժեշտութեան` պարզապէս օդակայան երթալով եւ հատելով սահմանը:

Որպէս երկրորդ առանձնայատկութիւն ան կը խօսի համաշխարհային ժառանգութեան մաս հանդիսացող յուշարձաններու առկայութեան մասին: Լրագրողը կը փաստէ, որ տարբեր վանական համալիրներ մտնելը ու շրջիլը մեծաւ մասամբ անվճար է, իսկ վճարի առկայութեան պարագային ալ այն չի գերազանցեր 2 տդոլարը:

Երրորդ առանձնայատկութիւնը աժան մեքենայ վարձելու հանրաւորութիւնն է: «Եւրոպայի մեծ մասին մէջ դուն կը ծախսես կրկնակի կամ եռակի աւելի գումար, քան այստեղ: Մեքենաները դիւրին է վարձել, եւ քանի մը կազմակերպութիւններ թոյլ կու տան վարել իրենց մեքենաները երկրին մէջ, եթէ դուն չես ցանկանար օգտուիլ հասարակական փոխադրամիջոցներէն»,-­կը գրէ Վիաթրաքը:

Չորրորդ առանձնայատկութիւնը սահելու հնարաւորութիւնն է: Լրագրողը կը շեշտադրէ Ծաղկաձորի մէջ առկայ ինչպէս լաւ պայմանները, այնպէս ալ անոնց մատչելիութիւնը:

Որպէս հինգերորդ իւրայատկութիւն ան կ՛առանձնացնէ ուտելիքը, մասնաւորապէս կը խօսի վրացական խաչապուրիներու եւ քոնեակներու մասին:

Վեցերորդ առանձնայատկութիւնը մարդոց հիւրընկալութիւնն ու բարեհամբոյր ըլլալու կարողութիւնն է: Վիաթրաքը կը փաստէ, որ ամէն վայր, ուր ան գացած է, իրեն ցուցաբերած են ջերմ ընդունելութիւն:

Որպէս եօթերորդ կարեւոր փաստ ամերիկացի լրագրոցը կը խօսի վրացական գինիի մասին` նշելով, որ ան թէ՛ աժան է, թէ՛ մատչելի:

Եւ վերջապէս, Հայաստան եւ Վրաստան այցելելու համար Վիաթրաքը կը նշէ, որ հնարաւոր է ատիկա ընել աժան թռիչքներու միջոցով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին