*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*
Սփիւռքը շատ հարուստ չէ մանկապատանեկան գրականութեամբ:
Բայց ահա Պէյրութ ծնած, հայկական երկրորդական ուսումի տէր, համալսարանաւարտ Յասմիկ Շահինեան երկրորդ անգամ ըլլալով հրապարակ կու գայ մանկապատանեկան գիրքով մը «Այն օրը, երբ…» խորագիրը կրող 71 էջանի հրատարակութեամբ մը:
Մեր ժողովուրդը միշտ կրկնած է.- Պտուղը ծառէն հեռու չիյնար:
Այդպէս ալ Յասմիկ Շահինեան, որ ծնունդ առնելով գերազանցօրէն մանկավարժ, խմբագիր ու գրող հօր մը՝ Գրիգոր եւ ընկերային նուիրեալ աշխատող մօր մը՝ Արաքսի Շահինեաններու յարկին տակ, ֆրանսական մանկավարժական միտքին քաջատեղեակ, հրապարակ կու գայ մանկավարժական գործերով ու մանաւանդ մեսրոպեան լեզուով:
Այսպիսի երիտասարդ, երիտասարդուհիներ կու գան ժխտել այն կարծիքը, որ մեր նոր սերունդը հեռու է ազգային կեանքէն:
Գեղեցիկ այս հրատարակութեան հաճելի նկարները կը պարտինք Տաւիտ Փինթորի վրձինին, որ գիրքին հերոսներուն եւ մտածումներունպատշաճ դրսեւորում տուած է:
Իսկ հերոսները մէկ քանի հոգի ըլլալով հանդերձ կը ներկայացնեն Յասմիկը:
Ճիշդ է երբ կ’ըսեն. «Իւրաքանչիւր հեղինակ ինչ ալ գրէ, իր գրածը ինքնակենսագրական եղած կ’ըլլայ հիմնականին մէջ, իր անձը ներկայացնելով ուրիշներու արարքներով:
Այս գործին մէջ Յասմիկ Շահինեանի լեզուն այնքա՜ն պարզ է թէեւ ոչ պարզունակ, որ ոչ միայն հաճելիին սահմանին մէջ է փոքրերու համար, այլ նոյնքան հաճելի աւագ ընթերցողներուն համար, որոնք այս գործով կը վերապրին իրենց մանկութիւնը, ինչու ոչ, նաեւ անցեալի իրենց չարաճիճիութիւններն ու մերթ կամակոր ըլլալը ոչ որպէս ծուռի, այլ՝ պատանութեան:
Հոս, հեղինակը գլգլան գետակի պէս մեղմիկ կը հոսի ջրելով պատմութեան արօտները ուր ոչ թէ մոլախոտ կը բուսնի, այլ կը բուսնի ծաղիկներ, մշտաբոյր նկարագիր բուծանելով:
Մթնոլորտը իրապէս մանկապատանեկան է ու հաճելի:
Հեղինակը կը գրէ. «Այն օրը երբ որոշեցի ի՞նչ պիտի ըլլամ երբ մեծնամ… բայց ընտրած գործս դեռ գոյութիւն չունի»:
Ամբողջ գործը երբով կը սկսի հետզհետէ զարգացնելով պատմութիւնը:
Գիրքին առաջին հերոսը Ծովինարն է: Հարց կը ծագի թէ Ծովինարը հասակ առնելով կրնա՞յ ըլլալ ուսուցչուհի, բժշկուհի, գիտնական կամ աստղագէտ:
Գիտակ մարդիկ կը կրկնեն. «Մարդ որպէս այդպիսին ոչ թէ կը դառնայ, այլ՝ կը ծնի»:
ՈՒ հեղինակը՝ Յասմիկ, այդ ասպարէզներուն ատակ չըլլայ, մէկ առ մէկ կը չրէ, կը հերքէ ըսել կ’ուզենք:
Մեծ երազներ չունե՞ր Ծովինար: Անշուշտ ունէր, ո՞ր պատանին չունի մեծ երազ:
Ան «միշտ, այստեղ երկրորդ հերոս՝ Անին շատ լաւ լրագրող կրնայ ըլլալ, որովհետեւ կը սիրէ գրել, միշտ բարձր նիշեր կը ստանայ շարադրութիւններուն եւ շատ հետաքրքրուած է ամբողջ աշխարհին մէջ պատահածներով, նոյնիսկ երբեմն օրաթերթ կը կարդայ»: Հասկնալի է նրբութիւնը ակնարկին:
Նուրբ են Ծովինարին խաղերը իր քրոջ հետ նաեւ իր ընկերուհիներուն: Քոյրը՝ Փաթիլ, յամառ է բայց ոչ չարամիտ: Հետաքրքրող աղջնակ մըն է: Եւ կարեւորը, քէն պահող մը չէ: Մօրմէն դժգոհ է, կ’ուզէ հեռանալ տունէն, բայց Ծովինարին մէկ անոյշ խօսքը Փաթիլը կը պահէ իր տունին մէջ:
Սափրիչ-սափրիչ անոյշ խաղ մըն ալ կայ այստեղ, երբ Ծովինար կը կտրէ մազերը Լորիին: Աղուորեկ հեքիաթ մը իրապէս մանկական ու ինքնիրեն պատճառաբանած առանց մեծ բառերու գործածութեան:
Փաթիլը պանանի համով շաքարներ կը պատրաստէ: Գողտրիկ հեքիաթ մըն ալ այս: Հեքիաթները ոսկօղակներով փայլուն շղթայի մը կը վերածուին: Երեխաները հոս պանանի շաքարները վաճառել կը փորձեն դրամ շահելու համար: Կեանքին կը մօտենան:
Ահա պահ մը. «Ծնողներս արտօնած էին որ հանրային պարտէզ երթամ Փաթիլին հետ, պայմանով որ մութը չկոխած տուն վերադարձած ըլլայ ինք»:
Փաթիլը իր դասընկերը Արան կը տեսնէ, որ կ’ուզէ պանանէ շաքար առնել, բայց որ դրամ չունի: «Վնաս չունի ըսաւ Փաթիլը քեզի շաքար մը նուէր կու տամ, չէ՞ որ դուն իմ ընկերս ես»:
Հեծիկային արկածախնդրութիւն մըն ալ կայ հոս: Փաթիլը կանուխ կ’արթննայ եւ կ’ուզէ շուտով հեծանիւ վարել սորվիլ.
- Պապա, այսօր կը սորվեցնես, չէ՞:
- Փաթի՛լ, նախ՝ «բարի լոյս» յետոյ՝ մէյ մը գնա՛ լուացուէ՛ հագուէ՛, նախաճաշէ, ետքը կը տեսնենք»:
Երեխաները սուտ խօսիլին գէշ բան ըլլալն ալ գիտեն: Հոս երկու հեքիաթ եւս կայ. մէկը ծով երթալ պուպրիկին, լոգանք տալ, յետոյ հագուստ լուալ անճարակութեամբ եւ Փաթիլին Անոյշենց մօտ քնանալու հարցը հոգեբանական նրբութիւններով ակաղձուն: Այս գործին յաջողած ըլլալյ կ’աւետեմ: