Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումէն Ո՞վ Կը Վախնայ. Թուրք Յօդուածագիրին Անդրադարձը

Թուրք գրող, բանաստեղծ Աթիլլա Տիրիմ marksist.org կայքին վրայ հրապարակուած իր վերջին յօդուածին մէջ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու այդ ճանաչումէն վախցողներուն` անոնց մէջ նշելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի անունը: Յօդուածը կը ներկայացնենք մասնակի կրճատումներով.

«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն վախցողները ամէնէն առաջ, ինչպէս հանգուցեալ Եաշար Քեմալ կ’ըսէր`  հանրապետութեան սնած տզերն են», որոնք հայերու ունեցուածքը, հողերը,  առանձնատները, իրար մէջ բաժնուած էին, բայց աչքները դեռ չէր կշտանար:

Ցեղասպանութեան ճանաչումէն, անշուշտ, միայն անոնք չէ, որ կը վախնան: Հայոց ցեղասպանութեան սկիզբը համարուող Ապրիլ 24-ին Չանաքքալէի մարտերու տօնակատարութեան օր յայտարարած ու միջազգային յիշատակի ձեռնարկ կազմակերպել ցանկացող նախագահն ալ  շատ կը վախնայ ցեղասպանութեան ճանաչումէն:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարիլիցին 2 ամիսէն քիչ ժամանակ  մնացած է: Որքան այդ ժամկէտը սեղմուի, ճանաչումէն վախցողներու ձայնը աւելի կը բարձրանայ: Իրօք, ո՞վ կը վախնար Հայոց ցեղասպանութեան իրողութենէն: Ասկէ 100 տարի առաջ սպաննուած, անգամ գերեզման չունեցող մարդոցմէ ինչու՞ կը վախնան: Այս հարցի պատասխանը գտնելը այնքան ալ դժուար չէ երեւի:

Նախագահն ալ շատ լաւ գիտէ, որ այն պետութիւնը, որ կը ղեկավարէ ինքը, Հայոց ցեղասպանութեան արեան վրայ  կառուցուած է: Ցեղասպանութեան ողջ իրողութիւնը իր ողջ մերկութեամբ ի յայտ գալն այդ պետութեան հիմքի փլուզման պատճառ պիտի դառնայ: Նախագահը ատիկա գիտէ եւ այդ ահէն է, որ Ապրիլ 24-ը անամօթաբար կը ցանկայ վարագուրել:

Բանուոր դասակարգի քրտինքով իրենց ունեցուածքը բազմապատկած, միլիոնաւոր մարդոց քաղցի մէջ պահողները Ցեղասպանութեան ճանաչումէն նաեւ ատոր համար կը վախնան:

Իրականութիւնը բացայայտուելու պարագային «իրականութեան մէջ անոնք  մեզի սպաննած են: Եթէ վերադառնան, այստեղ մեզի չեն ձգեր ապրինք: Անոնք մեր ամենամեծ թշնամիներն են» սուտերը, աշխատաւորներու երակները լեցուած ռասիզմը, ազգայնականութեան թոյնը արդէն բաւարար չըլլար, եւ աղքատներու զայրոյթը իրենց  պիտի ուղղուի:

Ցեղասպանութեան ճանաչումէն վախցողը միայն անոնք չեն: Երէկ ԱՄՆ-ի քոնկրէսին նամակ գրելով Հայոց ցեղասպանութեան կողմ չդառնալու կոչ ընող քոնկրէսական Պիլ Շուստերը, որ կը բարձրաձայնէ, որ Թուրքիոյ վնաս հասցնելու պարագային Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ԱՄՆ-ի շահերն ալ պիտի տուժեն, եւս կը վախնան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն:

Ի հարկէ, ոչ միայն ան. խոշոր նաւթային ընկերութիւնները, զէնքի ընկերութիւններու ղեկավարներն ալ նոյն վախը ունին:

Միլիոնաւոր մարդոց կեանքի գինով, խոշոր երկիրները հողին հաւասարեցնելու գինով իրենց շահերու կորուստէն կը  վախնան…

Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը ճանչնալէ չվախցողներն ալ կան: ԱՄՆ-ի Հարաւային Տակոտա նահանգի նման, որուն ճանաչումով ԱՄՆ-ի` Ցեղասպանութիւնը ճանչցած նահանգներու թիւը 43-ի հասաւ: Ուրուկուէյի, Կիպրոսի, Արժանթինի, Ռուսաստանի, Գանատայի, Յունաստանի Ֆրանսայի, Պելճիգայի, Շուէտի, Իտալիոյ, Վատիկանի, Զուիցերիոյ, Սլովակիոյ, Հոլանտայի, Լեհաստանի, Գերմանիոյ, Վենսուելայի, Լիթուանիոյ նման շատ երկիրներու խորհրդարաններու նման, որոնք Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած, մէկ մասն ալ ատոր ժխտումը քրէականացուցած, իսկ մէկ մասն ալ դասագիրքերու մէջ  ներառած է:

Artsakhpress.am

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին