Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Հայաստանի Պատմութիւնը Դժուար Եղած Է, Եթէ Չըսենք Աւելին. The Telegraph

Ինչ-որ տեղ քրիստոնեաները կը սպաննեն ընդամէնը կուրծքին խաչ կրելուն կամ Աւետարանին համար: Իսկ սպաննելով` չեն հարցներ, անոնք անկլիքա՞ն են, լուտերական, թէ ուղղափառ կամ կաթոլիկ: Հռոմի Ֆրանսիս I Պապի այս խօսքերը կը մէջբերէ Քրիսթոֆըր Հաուսը The Telegraph-ի մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ, որ նուիրուած է հայ սուրբ եւ բանաստեղծ Գրիգոր Նարեկացիին, որ վերջերս կաթոլիկ եկեղեցւոյ դոկտորներու շարքին դասուեցաւ: News-am-ը թարգմանաբար կը ներկայացնէ յօդուածը.

«Իմ գրադարակիս մէջ գիրք մը մնացած է, որ չեմ կրնար կարդալ: Անիկա հայերէն է, իսկ ես չեմ տարբերեր այդ արտասովոր այբուբենի զարդարուն տառերը: Կ՛ըսեն` Պայրըն այդ հարցով առաջընթաց ունեցած է. ան լեզուն սորված է 1816 թուականին, այն վանքին մէջ, ուր տրագրուած է այդ գիրքը: Ան սորված է Վենետիկի սուրբ Լազար կղզիի վանքին մէջ: Հայ վանականները զայն հիւրընկալած են 1717 թուականին: Վանքը հիմնած է Սեբաստիայէն Մխիթարը, որուն անունով ալ անոնք սկսած են կոչուիլ մխիթարականներ: Անոնք հայ կաթոլիկներ եղած են, այսինքն` ընդունած են Հռոմի Պապի հոգեւոր գերակայութիւնը:

«Հայերուն մեծ մասը հայկական լուսաւորչական եկեղեցւոյ հետեւորդ է: Անոնք հաճոյքով կը պատմեն, թէ ինչպէս իրենց երկիրը 301 թուականին առաջինը որպէս պետական կրօն ընդունած է քրիստոնէութիւնը` սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի շնորհիւ: Հայաստանը` իր հնդեւրոպական լեզուով, որ անճանաչելի է, բայց ազգակից է մեր լեզուին, իրաւամբ կը հպարտանայ իր ժառանգութեամբ: Բայց վերջին քանի մը դարերու ընթացքին ան դժուարին եղած է, եթէ չըսենք աւելին: Ես հայերու մասին մտածեցի, երբ օրերս Քէնսինկթընի մէջ հայկական եկեղեցի յայտնաբերեցի: Սուրբ Սարգիս տաճարը կարմիր աղիւսներէն տուներու ֆոնին ճերմակի կը զարնէր: Ան կառուցուած է 1922 թուականին, բարերար Գալուստ Գիւլբենկեանի ծնողներու յիշատակին:

«Ուէյլսի արքայազնը քանի մը շաբաթ առաջ Սուրբ Եղիշէ տաճարին մէջ այցեած է հայ համայնքը` Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ճակատագրի ուղղութեամբ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար: Ան յիշատակած է անցեալ տարուան Նոյեմբերին Սուրիոյ Տէր Զօրի մէջ իսլամականներու կողմէ հայկական եկեղեցւոյ եւ սրբավայրի ոչնչացումը: Եկեղեցին կառուցուած է` ի յիշատակ 1910-ական թուականներուն Թուրքիայէն փախած եւ այստեղ զոհուած հազարաւոր հայերու:

«Այդ մտքերով տարուած` տեղեկացայ, որ մէկ շաբաթ առաջ Հռոմի Ֆրասիս I Պապը հայ մեծագոյն սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին եկեղեցու դոկտորներու շարքին դասած է: Այդ կոչումը յաճախ չի տրուիր. Նարեկացիէն բացի, անոնց թիւը պատմութեան մէջ 35-ն է:

«Սուրբ Գրիգորը (950-1003) վանական եղած է ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին գտուող Վանայ լիճէն ոչ հեռու, Նարեկավանքի մէջ: Գրեթէ հազար տարի անց հայկական ոճով սրածայր գմբէթներով հիասքանչ վանքը ոչնչացուած է, իսկ այնտեղ ապրող հայերը` սպաննուած:

«Գրիգոր Նարեկացիի ամենայայտնի ստեղծագործութիւնը` «Մատեան ողբերգութիւն»-ը, կարծես կը յիշատակէ այդ ողբերգութիւնը ու նահատակները` Հայաստանի պատմութեան չսպիացող վէրքը:

«Անցեալ տարի Հռոմի Ֆրասիս Պապը հանդիպած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի հետ եւ խօսած է նահատակութեան մասին` որպէս Եկեղեցւոյ միաւորման նշան: Իսկ դեռ ատկէ առաջ ան նշած է. «Ինչ-որ տեղ քրիստոնեաներուն կը սպանեն ընդամէնը կուրծքին խաչ կրելուն կամ Աւետարանին համար: Իսկ սպաննելով` չեն հարցներ, անոնք անկլիքա՞ն են, լուտերական, թէ ուղղափառ կամ կաթոլիկ»:

«451 թուականին Հայկական եկեղեցւոյ ուսմունքը կեղծ հռչակուեցաւ, որ կը պնդէր Քրիստոսի երկակի` Աստուծոյ եւ մարդու բնոյթին մասին: Թերեւս իրականութեան մէջ պատճառը այլ է… Ինչ ալ ըլլայ` կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ Սուրբ Գրիգորի եւ հայկական այլ սուրբերու ճանաչումը ցոյց կու տայ, որ հաւատքը մէկն է: Նարեկացիին եկեղեցւոյ դոկտոր հռչակելը կը հաստատէ այդ միասնութիւնը: Եւ այս դաժան ժամանակներուն Արեւելքի քրիստոնեաները միասնականութեան ոգիի կարիքը ունին»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին