Երեքշաբթի 4 Մարտ 2015-ի երեկոյեան «Զարթօնք»-ի խմբագրատուն այցելեց Հայրենի «Կեդրոն» հեռատեսիլի կայանի լրագրողուհի՝ Ռուզաննա Ղազարեանը հարցազրոյց մը ունենալու «Զարթօնք»-ի պատասխանատու խմբագիր ընկեր Սեւակ Յակոբեանին հետ:
Օրդ. Ղազարեան Պէյրութ կը գտնուի իր ներկայացուցած հեռատեսիլի կայանին «Հայկական Հետք» ծրագրին համար, ՌԱԿ Լիբանանի Տեղեկատուական Գրասենեակին գործակցութեամբ յատուկ հաղորդում մը պատրաստելու լիբանանահայութեան մասին:
Խմբագրատուն իր այցելութեան ընթացքին Օրդ. Ղազարեան այցելեց թերթին պատրաստութեան զանազան բաժինները եւ արխիւներու սենեակը՝ ծանօթանալու աշխատանքներուն եւ անձնակազմին, ինչպէս նաեւ «Զարթօնք»ին 77 տարուայ պատմութեան: