Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Ցաւակցական Գիր Ընկերուհի Արմինէ Անդրէասեանի Մահուան Տխուր Առիթով

Մարտ 3, 2015

 Սիրելի Ընկեր Յակոբ Անդրէասեան

Սիրելի Ընկերուհիներ Գայեանէ, Նարինէ եւ Կարինէ

Վշտակիր անդամներ Անդրէասեան ընտանիքի

 Երուսաղէմ

 

Թանկագին հարազատներ,

Սրտի խոր ցաւով իմացանք Ձեր սիրելի կողակիցին, մօր եւ հարազատին՝ ընկերուհի  Արմինէի մահուան գոյժը:

Ընկերուհի Արմինէն մեզի ծանօթ է իր առաքինի Հայ կողակիցի եւ մօր արժանիքներով, տիպար կուսակցականի կերպարով ու Հայ սերունդներ դաստիարակելու սուրբ առաքելութեան նուիրուած անձնազոհութեամբ:

Հոգեհարազատ սիրելիներ,

Այս տխուր առիթով, Ձեր գաղափարակից ընկերները՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեանս  մէջ, մեր աշխարհասփիւռ շարքային ընկերներուն անունով խորազգաց ցաւակցութիւններ կը յայտնենք Ձեր բոլորին:

Անհուն մխիթարութիւն Ձեզի եւ բիւր յարգանք ու յաւերժական հանգիստ մեր սիրեցեալ ընկերուհիին:

Թող մեր ազնիւ Ընկերուհի Արմինէին յիշատակը մնայ անմոռաց:

Ի դիմաց՝ 

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Իւճին Քարաճեան         Մայք Խարապեան

 Ատենադպիր                 Ատենապետ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին